Երախտիքի Երթ` Դէպի Սուրիոյ Դեսպանատուն – Երախտիքի Երթ` Դէպի Սուրիոյ Դեսպանատուն

Երախտիքի Երթ` Դէպի Սուրիոյ Դեսպանատուն – Երախտիքի Երթ` Դէպի Սուրիոյ Դեսպանատուն

17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կից Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը «Երթ` շնորհակալութեան» խորագիրով քայլերթ կազմակերպեց` դէպի Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն:

16 փետրուարին կազմակերպուած երթը նուիրուած էր Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունման:

«Նախաձեռնութեան նպատակն է` երախտիքի երթ կազմակերպել դէպի Սուրիոյ դեսպանատուն` ուղղելով մեր շնորհակալութիւնն ու երախտիքը Սուրիոյ ժողովուրդին, խորհրդարանին, բոլոր այն պատասխանատու պաշտօնատար անձերուն, որոնք նպաստած են այս կարեւոր ճանաչումին: Ասիկա նաեւ ուղերձ է` ուղղուած ե՛ւ արաբական աշխարհին, ե՛ւ այն երկիրներուն, որոնք դեռ չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

Քայլերթի մասնակիցներուն դեսպանատան մէջ դիմաւորեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Հաժ Իպրահիմը: «Ես հպարտ եմ, որ Սուրիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը, ատիկա պատմական ճշմարտութեան արձանագրութիւն է: Հարիւր տարի առաջ Սուրիան իր դռները բացաւ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներուն առջեւ», ըսաւ դեսպանը:

Նախաձեռնութեան մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմին ինկած մարտիկներուն յիշատակը:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/464913

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail