Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Հուրիաթան Եւ Ատնան Քաղաքները Հալէպի Մէջ Տօնախմբութիւն` Քաղաքի Անվտանգութեան Ապահովման Համար

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Հուրիաթան Եւ Ատնան Քաղաքները Հալէպի Մէջ Տօնախմբութիւն` Քաղաքի Անվտանգութեան Ապահովման Համար

17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Կիրակի, 16 փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր զինուորական գործողութիւնները սաստկացուց Հալէպի արեւմտեան արուարձանին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման վրայ` ազատագրելով Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիս արեւմտեան շրջաններու Հայյան, Հրէթան, Անատան, Պեանուն, Լերամուն, Քաֆար Համրա, Քաֆար Տաաէլ, Մանսուրա, Թալ Շուէհնէ, Հալաքիմ, Ճամաիաթ Զահրաա, Մաարաթ Արթիք եւ Շանթարա գիւղերն ու արդարադատութեան պալատի շրջանը, ինչպէս նաեւ Իտլիպի Խան Շէյխունի հիւսիսային Ռաքայա գիւղը:

Աւելի ուշ «Մայատին» հաղորդեց, որ զինեալները Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջաններէն հեռացած են դէպի Տարէթ Ազա եւ Աֆրին` բանակին իրենց մօտենալուն պատճառով:

Քաղաքի ամբողջովին անվտանգ յայտարարուելէն ետք Հալէպի մէջ տեղի ունեցան ժողովրդային տօնախմբութիւններ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/464924

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail