Ռուհանի. «Իրան Ամերիկայի Հետ Պիտի Բանակցի, Եթէ Վերամիանայ Հիւլէական Համաձայնութեան Եւ Պատժամիջոցները Ջնջէ»
17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նշեց. «Զօրավար Քասեմ Սլէյմանիի յուղարկաւորութեան ժողովրդային բազմամարդ մասնակցութիւնը կը հաստատէ, որ անոր սկսած ուղին պիտի շարունակուի»:
«Իրանցի ժողովուրդին վրայ Միացեալ Նահանգներու ճնշումներուն նպատակը մեզի բանակցիլ պարտադրելն է, սակայն այդ մէկը անկարելի է: «Մենք երկխօսութեան սեղան պիտի չնստինք, երբ տկար ենք: Իրան Ուաշինկթընի հետ պիտի բանակցի, եթէ վերամիանայ հիւլէական համաձայնութեան եւ ջնջէ պատժամիջոցները, եւ մենք պիտի չընկրկինք հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցելու վերաբերեալ պատժամիջոցներուն դիմաց»:
«Միացեալ Նահանգներ գիտակցեցան, թէ Իրանի նկատմամբ իր հաշիւներուն մէջ սխալած է», ըսաւ Իրանի նախագահը եւ աւելցուց. «Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը անկարելի է առանց Իրանի օժանդակութեան»:
www.aztagdaily.com/archives/464935