Դեկտեմբեր 4-ին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատւութեան միջազգային օրուան նախաշեմին, «Մարդկութեան դէմ ոճիրներու հարիւրամեակ» ընդհանուր խորագիրի ներքոյ Ժընեւի Վեպսթըր համալսարանին մէջ կազմակերպուած է համաժողով «Ինչո՞ւ Ցեղասպանութիւն. իրողութիւններ, պատասխաններ, հետեւանքներ» թեմայով: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Քննարկումները ընթացած են չորս հիմնական ուղղութիւններով` ցեղասպանութեան գաղափարախօսութիւն, ցեղասպանութեան կանխարգիլում եւ պատժում, ցեղասպանութիւններու պատմական հարթութիւն եւ հետեւանքներ, արդարութիւն եւ հաշտեցում:
Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկած է Ժընեւի մէջ ՀՀ դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեանը: Ան նշած է, որ այս տարի առաջին անգամ կ՝ոգեկոչուի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատւութեան միջազգային օրը` հաստատուած ՄԱԿ ԳԱ Ասամպլէայի բանաձեւով` Ժընեւի մէջ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի կողմէն ս/թ. Մարտին ընդունուած Ցեղասպանութեան կանխարգելման բանաձեւի հիման վրայ:
Ան յիշեցուցած է, որ ինչպէս Ռաֆայէլ Լեմգինի կողմէն ցեղասպանութեան եզրոյթի ստեղծման, այնպէս ալ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժման միջազգային պայմանագրի մշակման հիմքերը անմիջականօրէն կապուած են Մեծ Եղեռնն ու Հոլոքոսթը: Ան նշած, որ բազմաթիւ ցեղասպանագէտներու կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը դիտուի իբրեւ առաջին «Ժամանակակից» ցեղասպանութիւն, որ իրագործուած է պետութեան կողմէն` ատելութեան եւ սառ հաշուարկի համակցումով:
Յասմիկ Տոլմաճեան ընդգծած է, որ Ժընեւի մէջ, Հայաստանի նախաձեռնութեամբ, եօթ տասնեակէ աւելի պետութիւններու համահեղինակութեամբ ընդունուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւը կ՝ամրագրէ, որ անպաժելիութիւնն ու ժխտողականութիւնը կը խոչընդոտեն այդ ոճիրի կանխարգիլման ջանքերուն` միեւնոյն ժամանակ, թոյլ չտալով խաղաղութեան հաստատման ու ժողովուրդներու հաշտեցման:
Ան յիշեցուցած է, որ ժխտողականութիւնը, ըլլալով ցեղասպանութեան եզրափակիչ փուլը, ի յայտ կու գայ տարբեր դրսեւորումներով: Ան վկայակոչած է Ցեղասպանութիւններու միջազգային Ընկերակցութեան նախագահ Ռ. Սմիթի խօսքերը, ըստ որուն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան առանձնայատկութիւնն է, որ անիկա միակն է, ի տարբերութիւն Հոլոքոսթի, որ պետական քաղաքականութեան անբաժան մաս է եւ արդէն շուրջ հարիւր տարի հետեւողականօրէն կ՝իրագործուի թրքական` միմեանց յաջորդող անխտիր բոլոր կառավարութիւններու կողմէն` պետական իշխանութեան ողջ հզօրութեամբ եւ միջոցներով:
Համաժողովին ելոյթներով հանդէս եկած են Ժընեւի մէջ Ռուանտայի դեսպանը, Եւրոպայի խորհուրդի մշտական ներկայացուցիչը, Պուտափեշթի` Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային ոճիրներու կանխարգիլման կեդրոնի ղեկավարը, ինչպէս նաեւ տասնեակ դասախօսներ, փորձագէտներ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com
