ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Երէկ Տիզպոն այսօր Լիզպոն Հայն է զոհուում հորիզոնից մինչ հորիզոն – – – – – – -․․․
18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 –
Երէկ Տաւոս այսօր Միւնիխ Հայ զինուորն է զոհւում սահմանէն այս կողմ․․․
Երբ ուսուցիչներդ կողմնակալ են որքան ալ ուզես դասը լաւ սորուիր միեւնոյնն է դուն բացառիկ նիշ չես ստանար․․․
Միւնիխի մէջ կատարուած քննութեան փաստացի արդիւնքները յստակ են սակայն կը մնայ ուսուցչի կեցուածքը, գաղտնիք չէ թէ ուսուցիչը կաշառակեր է այդ փաստած է իր աւելի քան բազմադարեան գործունեայ աշխատանքով , այսօր եւս որեւէ բան չէ փոխուած նախկինէն․․․
Ուսուցիչը ինք լաւ գիտէ պատմութիւնը որովհետեւ այդ իր գրածն է եւ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչը երբեք պարտաւոր չէ կրկնել այն ինչ հեղինակը իր դիմացն է կանգնած իսկ միւս աշակերտը ով առաջին էջէն մինչեւ վերջինը աղաւաղած կը ներկայացնէ պատմութիւնը եւ չարժանանար ուսուցչին միջամտութեան մտածելու տեղիք կուտայ թէ քարիւղը, տոլարը աւելի ազդեցիկ են քան ծիրանն ու դուդուկը․․․
Նախկին ուսուցիչները 1988-1994 տարիներուն չկարողացան անտեսել կաշառքները սակայն որպէսզի աւելի հետաքրքրական ըլլայ պայքարը որոշեցին թէ իրենք այլեւս ընելիք չունին եւ թող աշակերտները հարցերը իրար հետ լուծէն եւ այդպէս ալ եղաւ, աշակերտները մտան անհաւասար պայքարի մէջ որովհետեւ հարուստ ընդերքով երկրի ներկայացուցիչը իր շուրջ բոլորը հաւաքած էր դրամով գնուած փողոցայինները, ոճրագործները եւ հակառակ այդ բոլորին երբ իրաւատէր աշակերտը ջարդեց հակառակորդի ատամները ու երբ պիտի գետնին պառկեցներ միջամտեց տնօրէնը պահանջելով դադարեցնել այդ կռիւը խոստանալով որ արդարը կը յաղթէ սակայն ինչպէս մէկ անգամ եւս պիտի փաստուէր որ արդարութեան նժարը կուղուի դէպի քարիւղը եւ տոլարը․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարեհ Եահնիեան