«Սուրիան Պիտի Շարունակէ Հալէպն Ու Իտլիպը Ազատագրել Ահաբեկիչներէն» Ըսաւ Ասատ
18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ յայտարարեց, որ Սուրիան պիտի շարունակէ Հալէպն ու Իտլիպը ազատագրել ահաբեկիչներէն` հակառակ արտաքին ճնշումին: Այս մասին հաղորդեց Սուրիոյ նախագահական պալատը:
«Հալէպի եւ Իտլիպի ազատագրման ճակատամարտը կը շարունակուի», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը շարունակուի հակառակ արտաքին ճնշումին եւ «Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններէն լսուող սին խօսքերուն ու ճիչերուն»:
«Մենք ամբողջովին կը գիտակցինք, որ այս ազատագրումը չի նշանակեր պատերազմին աւարտը կամ ահաբեկչութեան ջնջումը», ըսաւ Սուրիոյ նախագահը` դիտել տալով, որ Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները ծայրայեղականներուն ամբողջական պարտութեան նախաքայլն են:
www.aztagdaily.com/archives/465095