Լաւրով Անհաւանական Կը Նկատէ, Որ «Դարու Գործարք»-ը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Տագնապի Լուծման

Genocide against Armenians committed by the Ottoman Empire between 1894-1922

Լաւրով Անհաւանական Կը Նկատէ, Որ «Դարու Գործարք»-ը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Տագնապի Լուծման

18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Ռուսաստանի Դաշնութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ»»

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անհաւանական նկատեց, որ «Դարու գործարք»-ը նպաստէ Միջին Արեւելքի տագնապին լուծման` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ Ուաշինկթըն հիմնական կերպով անտեսեց միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւական շրջագիծը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ու ընդհանուր ժողովին որոշումները, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Միացեալ Նահանգներ իր ոճով կ՛առաջարկէ մէկ հարուածով լուծել մեր արդի ժամանակաշրջանի հակամարտութիւններէն հնագոյնը: Ուաշինկթըն նոյն ատեն հիմնականին մէջ անտեսեց միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւական շրջագիծը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ու ընդհանուր ժողովին որոշումները, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը»:

Լաւրով յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ պաղեստին-իսրայէլեան տագնապը լուծել ներկայացնելով Իսրայէլի ի նպաստ, միակողմանի զիջումներու վրայ հիմնուած վերջնական տարբերակներ բոլոր հարցերուն, ինչպէս սահմաններուն, բնակեցման վայրերուն, Երուսաղէմին ու գաղթականներուն:

«Այսպիսի գործելաոճ անհաւանական է, որ նպաստէ տագնապի լուծման, եւ այդ մէկը հաստատուեցաւ պաղեստինցիներուն կողմէ «Դարու գործարք»-ի կտրուկ մերժումով», շեշտեց Լաւրով:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

www.aztagdaily.com/archives/465094

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail