Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութիւնը 99 տարեկան է – «alikonline.ir» Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութիւնը 99 տարեկան է –
18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ:
Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութիւնը 99 տարեկան է:
Փետրուար 18-ը 20-րդ դարու սկզբնամասի մեր պատմութեան ամենաանկիւնադարձային եւ կարեւոր պատմական իրադարձութիւններէն մէկն է, որ իր անջնջելի հետքը ձգեց Հայաստանի ու հայութեան յետագայ ճակատագրին վրայ:
Փետրուարեան ապաստամբութիւնը հայ ժողովուրդի գերագոյն ճիգն էր՝ վերականգնելու բոլշեւիկներու կողմէ ոտնատակ տրուած իր արժանապատուութիւնը, որուն մարմնաւորումը կը համարուէր արեան եւ անասելի տառապանքներու գնով նուաճուած անկախութիւնը:
Բոլշեւիկեան նորաստեղծ կայսրութեան առաջին ժողովրդական ըմբոստութիւնը Հայաստանը փրկեց քաղաքացիական արիւնահեղ պատերազմի վերահաս աղէտէն, որուն մասին այնքան կ՝երազէին յեղկոմականներու մոլագար ուղեղները:
Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ, վերահաս մահէն փրկուեցան հայ ժողովուրդի մտաւորականութեան սերուցքը՝ Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը, ժամանակի քաղաքական-հասարակական ականաւոր գործիչները, որոնք արդէն Հայրենիքէն վտարանդի պայմաններու մէջ յաջողեցան ի մի բերել եւ կազմակերպել ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ժողովուրդի բեկորները՝ ձեւաւորելով սփիւռքեան հզօր գաղթօճախները:
Աշնանացանի պէս, Փետրուարեան ապստամբութիւնը մայր հողին ի պահ տուաւ ամենավեհ գաղափարի՝ անկախութեան սերմերը, լաւ ժամանակներու մէջ՝ գարնան ծիլ տալու ակնկալիքով:
Ճակարագրի տնօրինմամբ բարեբեր գարունը վրայ հասաւ 1988 թուականի նոյն այդ Փետրուար ամսուն, երբ 67 տարի առաջ հողին՝ մեր պարագային՝ ժողովուրդի յիշողութեան ի պահ տրուած էին անկախութեան սերմերը:
Փա՛ռք Փետրուար 18-ը կերտող դաշնակցական հերոսներու յիշատակին:
«alikonline.ir»
yerakouyn.com/2020/02/18/փետրուարեան-ապստամբութիւն-99/