Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Յարգելու Որոշման Նախագիծ Արձանագրուած է

Խորհրդարան - Ուքրանիոյ Խորհրդարան

Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Յարգելու Որոշման Նախագիծ Արձանագրուած է

18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ արձանագրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու մասին որոշման նախագիծ: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով AnalitikaUA.net-ը։

«Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութենէն Ուքրանիոյ ժողովրդական պատգամաւոր Տարիա Վոլոտինայի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու վերաբերեալ արձանագրուած է Փետրուար 14-ին (№ 3070, 02/14/2020):

Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլէն Շատուորեան իր մեկնաբանութեան մէջ պատգամաւորի նախաձեռնութիւնը անուանած է կարեւոր քայլ, որ կը վկայէ մարդասիրութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան գաղափարներուն հետեւողական հաւատարմութեան մասին:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

yerakouyn.com/2020/02/18/ուքրանիոյ-խորհրդարանին-մէջ-հայոց-ցեղ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail