ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ – Այսօր Շիրակ Մարզի Արթիկ քաղաքի մէջ բացումը կատարեցինք երեխաներու ցերեկային խնամքի նոր կեդրոն

Րաֆֆի Տուտագլեան - Արթիկ

Այսօր Շիրակ Մարզի Արթիկ քաղաքի մէջ բացումը կատարեցինք երեխաներու ցերեկային խնամքի նոր կեդրոնին, մեր գործընկեր՝ «Ընտանիք եւ համայնք» հասարակական կազմակերպութեան հետ միասին։

18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 –

Այս կեդրոնի կառուցման համար մեծ նուիրատւութիւն կատարեցին Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Արմիկ Յիրիկեանները։ Ռալֆը ներկայ էր բացման հանդիսութեան եւ իր սրտի խօսքն ալ ըսաւ այս առիթով։

Ներկայ էր նաեւ Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանը, Արթիկի քաղաքապետը, ոստիկանութեան գնդապետ, երեխաներու իրավունքներու պաշտպանութեան ազգային յանձնաժողովի անդամ Նելլի Դուրեանը (անչափահասներու իրավունքներու պաշտպանութեան և ընտանեկան բռնութեան դեմ պայքարի վարչութեան պետ):

Սա «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի ու «Ընտանիք եւ համայնք» կազմակերպութեան օժանդակութեամբ աշխատող երեխաներու 5-րդ ցերեկային կեդրոնն է Հայաստանի մէջ, եւ իր տեսակով առաջինը՝ Արթիկի եւ շրջակայ գիւղերուն համար։ Անապահով ընտանիքներու աւելի քան 100 երեխաներ ամէն օր կեդրոն պիտի յաճախեն եւ մաս կազմեն արուեստի տարբեր խումբերու։

Կեդրոնի բացման նիւթապէս օժանդակեցին բազմաթիւ այլ անհատներ, որոնցմէ կ՚ուզեմ յիշել իմ հարազատ Հրակ Թասլաքեանը, իմ ընկերներ Հրաչեայ Աղաջանեանը եւ Հայկ Ստեփանեանը։

Արթիկը եւ շրջակայ գիւղերը Հայաստանի ամենադժուար սոցիալ-տնտեսական վիճակի մէջ յայտնուած գիւղերէն են։ Այս կեդրոնը աւելի քան անհրաժեշտութիւն էր…

Րաֆֆի Տուտագլեան – Արթիկ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail