ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Մեծերը»

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Մեծերը»

20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հոկտեմբեր ամսուն սկիզբն էր, քանի մը օրուան համար հայրենիք կը գտնուէի կնոջս հետ:

Ինչպէս միշտ, դիւթուած, հրապուրուած եւ տոգորուած հայրենասիրութեամբ, մեծ ուրախութեամբ կը պտտէինք Երեւանի փողոցներուն մէջ, կարծէք առաջին անգամ ըլլար: Վստահ եմ, որ այս գեղեցիկ եւ բիւրեղ զգացումը առաջին արտայայտութիւնն է հայրենասիրութեան:

Բայց եւ այնպէս, այս հոգեպարար պահերը մերթ ընդ մերթ կ՛ընդհատուէին, երբ այս կամ այն կողմէ «մուրացկաններ» իրենց «հաստատակամ» ոճով երազային աշխարհէն մեզ կը վերադարձնէին իրականութեան:

Հիւսիսային պողոտային վրայ կը գտնուէինք, ազգային նիւթերու շուրջ զրուցելով` քանի մը բարեկամներով կը քալէինք, երբ յանկարծ անծանօթ անձ մը մօտեցաւ մեզի, ապա ներողամտութիւն խնդրելով, որ մեր խօսակցութիւնը ընդմիջեց, ուզեց գիրք մը ծախել: Անշուշտ առաջին հակազդեցութիւնս պիտի ըլլար հեռանալ իրմէ եւ անտեսել զայն, ինչպէս բարեկամներս ըրին: Բայց տրուած ըլլալով, որ գիրքի վաճառք էր նիւթը, եւ գիրքն ու գրականութիւնը շատ մօտ են սրտիս, ուզեցի պահ մը կանգ առնել եւ առիթ ընծայել այս պարոնին, որ «հարցը» ներկայացնէ: Շատ ազնիւ եւ մեծ քաղաքավարութեամբ ներկայացուց ինքզինք` իբրեւ հեղինակը սոյն գիրքին, աւելցնելով նաեւ, որ ինք Արցախի ազատագրական շարժումին մաս կազմած է, նաեւ գրագէտ է, բանաստեղծ եւ ազգային գործիչ… Բառեր, նախադասութիւններ, որոնք անկասկած զիս կը հրապուրէին եւ կը յուզէին: Առանց տատամսելու` իսկոյն եւ մեծ հաճոյքով գնեցի այդ գիրքը, որուն խորագիրն էր «Մեծերը»:

Մեծ հաճոյքով ներկայացուցի գիրքը բարեկամներուս, որոնք անկասկած ենթադրեցին, թէ խաբուած էի, բայց ո՛չ, խաբուած չէի, որովհետեւ անձը անկեղծ թուեցաւ, իսկ գիրքին բովանդակութիւնը` հետաքրքրական:

Գիրքը հաւաքածոյ մըն էր այժմէական հայ անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց աշխատանքով եւ տաղանդով փայլած են իրենց ասպարէզներուն մէջ:

Շատ ժամանակ չանցած` այս բովանդակալից գիրքը եւ անոր խորագիրը մէջս յառաջացուցին հարցում մը` թէ ո՞վ են այսօր «մեծերը», կամ` որո՞նք այսօր պէտք է արժանանան «մեր մեծերը» տիտղոսին:

Բարձրաձայն եւ անհուն հպարտութեամբ կը հաստատեմ, որ մեր պատմութեան էջերը լեցուն են նուիրեալ վեհ հերոսներով, որոնք սորվեցուցած են մեզի «մեծ» բառին իմաստը: Աւելի քան երեք հազար տարուան մեր գոյատեւումը ազգերու դաշտին մէջ ինքնին խօսուն փաստ մըն է:

Բայց այսօր` 21-րդ դարու այս «դժուար» օրերուն, հակառակ անոր որ մեր եկեղեցին իր նուիրապետական աթոռներով` Ս. Էջմիածնի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններ, Ս. Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային բոլոր կուսակցութիւնները կը գոռան` հայապահպանո՛ւմ, բայց դժբախտաբար «հայապահպանումը» խիստ նահանջի մէջ է, եւ ձուլման սպիտակ ջարդը անսրբագրելի աւերներ կը գործէ մեր իսկ տուներուն մէջ: Այս դառն պայմաններուն մէջ մե՛ծ է հայ մայրը, որ ճիգ կը թափէ մարդկային վեհ արժէքներով հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու մեր մատղաշ սերունդին:

Մե՛ծ է սահմանապահ հայ զինուորը, որ իր թանկագին կեանքը վտանգի կ՛ենթարկէ, որպէսզի պաշտպանէ մեր հայրենիքը դարաւոր թշնամիէն:

Մե՛ծ է հայ երիտասարդը, որ ամէն քայլափոխին կը պայքարի օտարամէտ բարքերու դէմ` յամառօրէն կառչելով իր մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան` մեր ոգեղէն ու անկորնչելի ազգային հարստութիւններուն: Նաեւ մե՛ծ է այս տողերը ընթերցողը, որ տակաւին կը հաւատայ պահպանումին հայ մշակոյթին եւ հայ սուրբ գրականութեան, որոնք անկասկած եւ անտարակոյս կտակն են մեր նահատակներուն:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/465325

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail