Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Քննադատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Չակերտելու «Ա.Էֆ.Փէ.»ի Կեցուածքը
20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
««Թուրքիան թաքցնում է Օսմանյան դարաշրջանի Հայոց ցեղասպանության փաստերը. Պատմաբան Թանար Աքչամ»»
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը յամառի Հայոց Ցեղասպանութիւնը զետեղել չակերտներու մէջ, հակառակ բազմաթիւ անգամներ հնչած բողոքներու, կատարուած դիմումներու եւ անոնց տրուած՝ սրբագրութեան խոստումի նմանող պատասխաններուն:
Վերջին օրինակը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Սուրիոյ խորհրդարանի ընդունած որոշումին մասին գործակալութեան 13 Փետրուար թուակիր լրատուութիւնն էր, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Սուրիոյ հիւսիս-ա-րեւմտեան հատուածին մէջ մահաբեր բախումներէ ետք՝ Թուրքիոյ հետ խիստ լարումի ենթախորքին վրայ, Սուրիոյ խորհրդարանը այսօր պաշտօնապէս ճանչցաւ 1915էն 1917ի միջեւ շուրջ 1.5 միլիոն հայերու ջարդը որպէս «ցեղասպանութիւն»»:
Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ անդրադարձաւ այս երեւոյթին՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրելով.
«1. 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ, ակնյայտ շահագործման իրադրութեան մը մէջ, վարչակարգի մը կողմէ, որ սպաննած է իր 500,000 քաղաքացիները,
2. «Ա.Էֆ.Փէ.»ն չակերտներու մէջ կը զետեղէ ցեղասպանութիւն բառը:
Ասոնցմէ ոչ մէկը արդարութիւն է զոհերուն յիշատակին»:
asbarez.com/arm/364488/Ֆրանսայի-Դեսպանը-Կը-Քննադատէ-Հայոց-Ցե/