Խմբագրական. Խաղաղութեան Նախապատրաստութեան Ձեւաչափի Ճշդումները
20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Արցախեան շարժման մեկնարկի հերթական նշումը բնականաբար կը կեդրոնանայ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ զարգացող իրադարձութիւններուն վրայ: Բանակցային տարբեր փուլեր` մինչեւ Ժընեւ ու Միւնիխ, գետնի վրայ որեւէ տեղաշարժ չեն ապահոված հիմնական հանգուցալուծման առումով:
Յայտարարութիւններ, տարբեր մեկնաբանութիւններ, շեշտադրումներու փոփոխութիւններ, բանակցային սկզբունքներու մասնակի մերժումներ` կողմերը առաջադրուած բեկումնային պահը ստեղծելու ընդառաջ որեւէ հասարակ յայտարար չեն ընդգծեր:
Հայկական առումով նոր բանաձեւը, առնչուած երեք կողմերու ժողովուրդներու համաձայնութեան, պայմանականութիւնն է հակամարտութեան լուծման համար: Այս բանաձեւին կոշտ արձագանգած է արդէն Ազրպէյճանի նախագահը` բացարձակացնելով Պաքուի դիրքորոշումը, որուն համաձայն, Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար արդէն իսկ համաձայնեցուած կէտը հայկական ուժերու հեռացումն է «ազրպէյճանական բոլոր տարածքներէն»:
Հիմնական նորութիւնը, որ վերջին շրջանին կ՛երեւայ եւ յայտնաբար կը քաջալերուի նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ, ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու առաջադրանքն է: Այս սկզբունքը նախկին յայտարարութիւններուն մէջ եւս կ՛երեւար, հաւանաբար նուազ շեշտադրումներով եւ ոչ անպայման յայտարարուած կէտերու առաջին հորիզոնականներուն վրայ:
Պաշտօնական լրատուութիւնները հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստելու նպատակով կը խօսին լրագրողական պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւններու մասին: Այս այցելութիւններու մասին պաշտօնական լրատուութիւնները կարելի է ըսել զուսպ էին եւ փակագիծերը պէտք եղած խորութեամբ չէին բանար: Այնուամենայնիւ յստակ է, որ միջնորդներու երաշխաւորութեամբ կայ երկկողմանի համաձայնութիւն` խաղաղութեան պատրաստման համար որոշ գործողութիւններ իրականացնելու: Տեսանելի բաժինը լրագրողականն է: Տակաւին պարզ չեն հետեւելիք քայլերը:
Յաղթական կողմը բնականաբար չի խուսափիր խաղաղութեան հաստատման մասին խօսելէ: Այս եւս միջազգային ընտանիքի եւ հայկական կողմի գործածած միացեալ լեզուին մաս կը կազմէ:
Այստեղ հաւանաբար պէտք է լուռ արծարծել բանակցող կողմի կարգավիճակի հարց: Հակամարտութիւնը Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ է: Խաղաղութեան պէտք է պատրաստել Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդները: Հետեւաբար բանակցող հայկական կողմը, որ այս պարագային իբրեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր կը մասնակցի բանակցութիւններուն, պիտի բարձրացնէ անկախ պետութեան մը սահմաններուն մէջ ապրող ինքնորոշուած ժողովուրդին, այս պարագային լրագրողական պատուիրակութեան այցելութեան իրաւունքը:
Եթէ ինքնորոշման իրաւունքը կը շարունակէ մնալ մեր բանակցային փիլիսոփայութեան առանցքը, հետեւաբար ամէն երկկողմանի պայմանաւորուածութիւն պէտք է կայանայ Արցախ-Ազրպէյճան ձեւաչափային հարթութեան վրայ: Այլապէս, փուլ առ փուլ կը սկսի գործնական տեսք առնել Պաքուի կիրարկած մարտավարութիւնը` հակամարտութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան ընդունելու եւ այնպէս նաեւ միջազգայնացնելու:
Այլապէս, հետեւելիք խաղաղութեան պատրաստութեան գործողութիւններուն հայաստանեան կարգավիճակով մասնակցութիւնը չի նպաստեր Արցախը հակամարտութեան կողմ ձեւակերպելու հայկական մօտեցումին:
Երեւոյթները այնպէս ցոյց կու տան, որ մինչեւ բանակցութիւններու բովանդակային փուլ անցնիլը միջազգային միջնորդութիւնը պիտի յորդորէ եւ ներկայացնէ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու միտուած ծրագիր: Բանակցային մեր ռազմավարութիւնը կը յուշէ իբրեւ հակամարտութեան կողմ ամէն առիթի Արցախը ներկայացնել:
Որեւէ երկկողմ պայմանաւորուածութիւն անհրաժեշտ է, որ ներառնէ Ստեփանակերտը իբրեւ մասնակից միաւոր: Այս ենթակէտերը կը նպաստեն Ստեփանակերտին բանակցային սեղանի վերադարձի առաջադրանքին: Այլապէս, հայկական կողմը անուղղակի կը ներքաշուի Պաքուի ճշդած բանակցային խաղադաշտ:
www.aztagdaily.com/archives/465484