Մինչ Էրտողան Իտլիպի Մէջ «Մօտալուտ» Թրքական Գործողութեամբ Մը Կը Սպառնայ. Քրեմլին Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Սուրիոյ Բանակին Դէմ Որեւէ Յարձակում Գործելէ

Մինչ Էրտողան Իտլիպի Մէջ «Մօտալուտ» Թրքական Գործողութեամբ Մը Կը Սպառնայ. Քրեմլին Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Սուրիոյ Բանակին Դէմ Որեւէ Յարձակում Գործելէ

20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Թուրքիան թաքցնում է Օսմանյան դարաշրջանի Հայոց ցեղասպանության փաստերը. Պատմաբան Թանար Աքչամ»»

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ սպառնաց Իտլիպի մէջ «մօտալուտ» զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծել:

Ան Անգարայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Սուրիոյ կառավարութեան դարձեալ կոչ ուղղեց` իր ուժերը մինչեւ փետրուարի վերջը հեռացնելու Իտլիպի մէջ կարգ մը դիրքերէ` նշելով. «Ասիկա մեր վերջին զգուշացումն է: Իտլիպի մէջ գործողութեան շղթայազերծումը մօտալուտ դարձաւ»:

«Մոսկուայի հետ Իտլիպի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ բաղձալի արդիւնքներու չհասանք, եւ բանակցութիւնները Թուրքիոյ պահանջները բաւարարելէ հեռու են», յայտնեց Էրտողան:

Քրեմլին, սակայն, զգուշացուց Անգարան Սուրիոյ բանակի դէմ որեւէ յարձակում գործելէ` նշելով. «Թրքական ուժերուն Սուրիոյ բանակին դէմ զինուորական գործողութիւն սկսելու հաւանականութիւնը յոռեգոյն բեմագրութիւնն է»:

«Սուրիոյ բանակին ու Սուրիոյ մէջ մեր զինուորական կառոյցներուն դէմ յարձակումներուն պատճառով Սոչիի համաձայնութեան գործադրումէն գոհ չենք», նշեց Քրեմլին` աւելցնելով. «Մոսկուա մտադիր է շարունակել Անգարայի հետ հաղորդակցութիւնները` Իտլիպի մէջ կացութեան վատթարացումը կանխարգիլելու համար»:

«Իտլիպի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ գործողութիւնը անշուշտ, որ համահունչ է Սոչիի համաձայնութիւններուն», աւելցուց Քրեմլինը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ բանակը կը հակադարձէ ահաբեկիչներուն սադրանքներուն, եւ մենք կը զօրակցինք այդ վերաբերմունքին»:

«Սուրիոյ բանակին գործողութիւնները պարզապէս Իտլիպի մէջ համաձայնութիւններուն խախտումին հակադարձութիւն մըն են», աւելցուց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները, սակայն նշեց. «Սուրիոյ մէջ թրքական հսկողութեան կէտերու վայրերու փոփոխութիւնը բացառուած է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով աւելի ուշ հաւանական նկատեց, որ մարտի սկիզբը Թեհրանի մէջ գումարուի Ռուսիա – Իրան – Թուրքիա վեհաժողով մը` «եթէ Անգարան համաձայն գտնուի»:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/465425

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail