Բացայայտելով, Որ Ուաշինկթըն Իրանի Հետ Երկխօսութիւն Խնդրող Պատգամներ Յղած Է. «Ամերիկան Մեր Կամքին Պիտի Ենթարկուի Եւ Մեզի Հետ Բանակցութեան Սեղան Պիտի Նստի» Կ՛ըսէ Ռուհանի
20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ, իրանեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի յղած են շարք մը պատգամներ, որոնց մէջ երկխօսութիւն կը խնդրեն: «Մասնաւորաբար Նիւ Եորքի մէջ բանակցութիւն խնդրող 5 կամ 6 պատգամներ ստացայ», աւելցուց Ռուհանի:
Ան նշեց, որ Իրան անցեալ շրջանին շրջանցած է ամերիկեան պատժամիջոցներուն մէկ մասը:
Իրանի նախագահը յայտնեց, թէ հիւլէական համաձայնագիրը տակաւին կենդանի է, իսկ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Թրամփի` Իրանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու լիազօրութիւնները սահմանափակումի ենթարկեց, որովհետեւ Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկումը սխալ էր:
Ռուհանի նաեւ նշեց. «Իրանցիները պէտք է ազդու կերպով մասնակցին յառաջիկայ ընտրութիւններուն»` յայտարարելով, որ ուրբաթ օր նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն բազմամարդ մասնակցութիւնը պիտի զայրացնէ Միացեալ Նահանգները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայէ Փոմփէօ երէկ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է, որեւէ պահու բանակցելու` պայմանաւ որ Իրան խորքային կերպով փոխէ իր վարմունքը:
www.aztagdaily.com/archives/465424