Արցախը Հաստատակամօրէն Կը Շարժի Իր Ընտրած Ուղիով- Արցախը Հաստատակամօրէն Կը Շարժի Իր Ընտրած Ուղիով

Արցախը Հաստատակամօրէն Կը Շարժի Իր Ընտրած Ուղիով – Արցախը Հաստատակամօրէն Կը Շարժի Իր Ընտրած Ուղիով

20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւն

32 տարի առաջ՝ 1988 Փետրուար 20-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Ժողովրդական պատգամաւորներու 20-րդ գումարման խորհուրդը որոշում ընդունեց դիմելու Ատրպէյճանական ԽՍՀ եւ Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդներուն՝ առաջարկելով դիտարկել ԼՂԻՄ-ը Ատրպէյճանական ԽՍՀ կազմէն Հայկական ԽՍՀ կազմ տեղափոխելու հարցը։

Այս պատմական որոշումը սկիզբ դրաւ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նոր փուլին՝ Ղարաբաղեան շարժման։ Անիկա իրապէս ժողովրդավարական շարժում էր, որ պայքար էր՝ յանուն քաղաքացիական իրաւունքներու, ազգային ինքնութեան, տնտեսական իրաւահաւասարութեան եւ արժանապատիւ կեանքի։ Ղարաբաղեան շարժումը ամենասկիզբէն ալ խաղաղ բնոյթ կը կրէր եւ կը մարմնաւորէր Արցախի ժողովուրդի ձգտումը՝ առկայ իրաւական մեքենականութիւններու հիման վրայ իրացնելու իր ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը։

Ի պատասխան արցախահայութեան օրինական պահանջին` Պաքուն հրաժարեցաւ քաղաքական երկխօսութենէն եւ Ատրպէյճանական ԽՍՀ հայկական բնակչութեան նկատմամբ կազմակերպեց արիւնալի ոճրագործութիւններ։ Փորձելով բռնութեան միջոցով ահաբեկել արցախցիները՝ ատրպէյճանական իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան Սումգայիթի, Պաքուի եւ Ատրպէյճանի հայաշատ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Արցախի բնակավայրերու մէջ ցեղական զտումներու իրականացման, որոնք յետագային վերաճեցին Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ լայնածաւալ ռազմական յարձակողական սանձազերծման։

Արցախահայութիւնը, սակայն, միաւորուեցաւ եւ կրցաւ իրեն պարտադրուած պատերազմին մէջ պաշտպանել իր պատմական հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքը եւ ստեղծել անկախ պետականութիւն՝ Արցախի Հանրապետութիւնը՝ թիկունքին ունենալով համայն հայութեան աջակցութիւնը։

Այսօր Արցախը հաստատակամօրէն կը շարժի իր ընտրած ուղիով՝ հետեւողականօրէն զարգացնելով ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած պետականութիւնը՝ իբրեւ իր ժողովուրդի ազատութեան եւ անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիք։

Artsakhpress.am

yerakouyn.com/2020/02/20/արցախը-հաստատակամօրէն-կը-շարժի-իր-ընտ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail