Այսօրուայ Թուրքիոյ Մէջ Դանակագործներու Ընտանիքը Հայ Վարպետէն Սորված Գործը Կը Փոխանցէ Սերունդէ Սերունդ
20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Այսօրուայ Թուրքիոյ Սինոփ քաղաքին մէջ բնակող Տիրիջաններու ընտանիքը սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ եւ կը պահպանէ հայ վարպետէն սորված դանակ պատրաստելու արուեստը:
53 տարեկան Ճելիլ Տիրիջան արդէն շուրջ 45 տարիէ կը զբաղի դանակագործութեամբ: Ան այդ արհեստը սորված է իր պապէն, իսկ պապն ալ իր հերթին` հայ վարպետէ մը:
«1942-ին մեր ընտանիքին փեսան՝ Մուզաֆեր Հիւներթաշը, աշխատելու նպատակով Պոլիս մեկնած էր: Այնտեղ ան կ՛աշխատի հայ վարպետի մը մօտ: Աւելի ուշ պապս ու ընտանիքի այլ անդամներ ալ գացած են անոր քով: Մինչեւ 1959-ը այնտեղ դանակ սարքած են: 1959-ին պապս վերադարձած է Սինոփ, եւ այստեղ սկիզբ առած է դանակի արտադրութեան մեր պատմութիւնը”,-կը պատմէ վարպետը:
Ան նշած է, որ առաջ միայն Սինոփին բնորոշ դանակներ կը սարքէին, հիմա նաեւ երեւակայութիւն կը ներդնեն գործին մէջ, մեծ խոհարարական դանակներ, որսորդական դանակներ կ՛արտադրեն:
Ճելիլ Տիրիջանի` 20 քմ տարածք զբաղեցնող արհեստանոցը կը գտնուի անմիջապէս իր տան կողքը: Ան կը պատմէ, որ օրական առաւելագոյնը 5 դանակ կրնայ պատրաստել, իւրաքանչիւրը արժէ 25-էն 500 լիրա (4-էն 80 տոլար)` կախուած դանակի տեսակէն:
yerakouyn.com/2020/02/20/թուրքիոյ-մէջ-դանակագործներու-ընտանի/