ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – 105 Տարի Ետք Սուրիա Վերջապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – 105 Տարի Ետք Սուրիա Վերջապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
««Թուրքիան թաքցնում է Օսմանյան դարաշրջանի Հայոց ցեղասպանության փաստերը. Պատմաբան Թանար Աքչամ»»
Սուրիոյ ժողովուրդը առաջինը եղած է, որ իմացած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ 20րդ դարու սկիզբը, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ տասնեակ հազարաւոր հայեր արտաքսուեցան սուրիական անապատի մահուան դաշտերը: Տեղուոյն արաբները մեծ թիւով հայ որբեր որդեգրեցին՝ զանոնք մեծցնելով իբրեւ իրենց զաւակները:
Հալէպի, Ռաքքայի, Տէր Զօրի, Դամասկոսի եւ այլ վայրերու տեղւոյն բնակիչները սրտաբաց ընդունեցին ողջ մնացած հայերը: Վերապրած հայերը բնակութիւն հաստատեցին իրենց նոր հայրենիքին մէջ, վերակառուցեցին իրենց կեանքը, վերստեղծեցին իրենց մշակութային կառոյցները, ներառեալ՝ եկեղեցիները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները եւ հետզհետէ բարգաւաճեցան:
Ես ծնած եմ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, որովհետեւ գերդաստանիս մէկ մասը վերապրած էր Ցեղասպանութենէն: Հակառակ կրօնական տարբերութիւններուն՝ ես երջանիկ մանկութիւն ունեցած եմ եւ չեմ զգացած որեւէ նախապաշարում կամ խտրականութիւն:
Սուրիան իր սեփական վէճը ունէր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ, ինչպէս՝ Իսկենտերունի (Ալեքսանտրեթ) բռնակցումը Թուրքիոյ՝ 1939ին, անօրէն հանրաքուէէն ետք: Այսուամենայնիւ, Սուրիոյ կառավարութիւնը Թուր-քիոյ հետ իսլամական համերաշխութիւն դրսեւորելով եւ չուզելով թշնամացնել հիւսիսային իր աւելի հզօր դրացին, հրաժարեցաւ բարձրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Կը յիշեմ, որ 1985ին, ՄԱԿի Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի քննարկումներուն ընթացքին, Սուրիոյ իրաւապաշտպանը ինծի ըսաւ, որ թէեւ ինք տեղեակ էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, սակայն չէր կրնար քուէարկել յօգուտ զայն ճանչցող զեկոյցի ընդունման, որովհետեւ զինք գործէ կ՛արձակեն։ Ստեղծուած այս կացութեան մէջ, ես իրմէ խնդրեցի, որ քուէարկութեան ընթացքին բացակայի դահլիճէն: Այդպէս ալ ըրաւ, եւ ՄԱԿի զեկոյցը ընդունուեցաւ ճնշող մեծամասնութեան կողմէ:
2011ին, քաղաքացիական պատերազմին նախորդող տարիներուն, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները այն աստիճան բարելաւուած էին, որ երկու երկիրներուն նախագահները յաճախ կը հանդիպէին իրարու հետ եւ միասին արձակուրդի կ՛երթային: Սուրիոյ կառավարութիւնը նոյնիսկ արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքերու վաճառքը Սուրիոյ գրախանութներուն մէջ: Այդ մեղրալուսինի տարիներուն տեղեկացայ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի Դամասկոս կատարած այցելութեան ընթացքին, նախագահ Պաշշար Ասատ ըսած էր անոր, որ հայերը պէտք է մոռնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բանան սահմանը եւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատեն Թուրքիոյ հետ:
2009ին, երբ Դամասկոս այցելեցի, նախագահական պալատը մուտք ունեցող իմ հայ ընկերը փորձեց ինծի համար տեսակցութիւն կազմակերպել նախագահ Ասատի հետ: Ես կ՛ուզէի Ասատը զգուշացնել, որ իր մեղրալուսինը թուրք նախագահին հետ կրնար յանկարծական աւարտ ունենալ, եւ Էրտողան՝ իբրեւ անվստահելի դաշնակից, կրնար դաւաճանել իրեն: Անշուշտ, ես գաղափար չունէի, որ Սուրիա կատարած իմ այցելութենէն երկու տարի ետք, զանգուածային ներխուժում պիտի ըլլայ Սուրիա արմատական իսլամական ահաբեկիչներու կողմէ, զորս կը զինէր Թուրքիա եւ կ՛աջակցէր անոնց: Դժբախտաբար, ես կարելիութիւնը չունեցայ տեսակցելու Ասատի հետ: Անոր աշխատակազմի ղեկավարը հրաժարեցաւ կազմակերպելէ այդ հանդիպումը՝ իմ հայ ընկերոջ ըսելով, որ չի կրնար թոյլ տալ, որ նման հանդիպում տեղի ունենայ՝ նկատի ունենալով քննադատական իմ բազմաթիւ յօդուածները Թուրքիոյ մասին: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա կը խզէ իր բարեկամական յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, եթէ Էրտողան իմանայ, որ Ասատ տեսակցած է ինծի հետ։
Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, «Լուսաւոր Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան լրագրողներուն ըսաւ, որ 2014ին, Սուրիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, երբ Դամասկոսի մէջ տեսակցած է նախագահ Ասատի հետ, վերջինս ըսած է. «Հայաստանի մէջ ինծի ըսած էին, որ պէտք չէ այդքան վստահիմ Էրտողանին, բայց ես ձեզ չլսեցի»: Յիշեցնեմ, որ Յունիս 2009ին, Ասատ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Հայաստան: Սակայն, խախտելով հայկական արարողակարգը, ան հրաժարեցաւ Երեւանի մէջ այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ զգուշանալով թրքական քննադատութենէն:
Յունուար 2014ին, նախագահ Ասատ «Ֆրանս-Փրես» գործակալութեան ըսաւ, որ Սուրիոյ նկատմամբ դաժան յարձակումները իրեն յիշեցուցած են «Օսմանցիներուն կողմէ հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերուն մասին, երբ թուրքերը սպաննեցին մէկուկէս միլիոն հայեր, եւ կէս միլիոն ուղղափառ սուրիանիներ, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքին»:
Սուրիական խորհրդարանին կողմէ 13 Փետրուար 2020ին միաձայն ընդունուած բանաձեւը Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին պաշտօնական ճանաչումն է: Խորհրդարանին բանաձեւին գրութեան մէջ կը յիշատակուին նաեւ ասորիները եւ սուրիանիները: Ոմանք իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին այն մասին, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը վերջապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն այն ատեն, երբ անիկա համապատասխանեց իր քաղաքական սեփական շահերուն: Թէեւ ասիկա ճիշդ է, սակայն հայերը պէտք է իրատես ըլլան: Ոչ մէկ երկիր կը պատրաստուի ընդունիլ այնպիսի որոշում մը, որ կը հակասէ իր ազգային շահերուն: Ճիշդ է, որ Սուրիոյ խորհրդարանին որոշումը իրականութեան մէջ կապ ունի վերջերս Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները Թուրքիոյ ներխուժումին հետ: Սակայն, որոշումը սխալ չէ, ճիշդ է: Երբեք սխալ ժամանակ չկայ ճիշդ գործեր ընելու համար: Սխալը այդ տարիներուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալն էր: Այսպիսով Սուրիա Լիբանանէն ետք դարձաւ երկրորդ արաբական երկիրը, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Յոյս ունինք, որ արաբական միւս երկիրները, ինչպէս՝ Եգիպտոս, Իրաք եւ Յորդանան կը հետեւին Սուրիոյ օրինակին:
Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման երկու անմիջական օգուտները հետեւեալներն են.
1) Լրատուական միջոցները մէկ անգամ եւս յիշեցուցին միջազգային հանրութեան՝ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ստոր արարքին մասին՝ գամ մը եւս գամելով թրքական ժխտողականութեան դագաղին։
2) Թրքական կառավարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելով Սուրիոյ կառավարութիւնը, բան մը, որ աւելի ընդհանրացուց հայերուն դէմ Թուրքիոյ գործած Ցեղասպանութիւնը:
Ամբողջ աշխարհի հայերը ողջունեցին Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ աւելի սեղմած է օղակը թրքական ժխտողականութեան շուրջ։ Ինչպէս կ՛ըսեն. «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.com/arm/364528/105-Տարի-Ետք-Սուրիա-Վերջապէս-Ճանչցաւ-Հայ-2/