ԵԽԽՎ Դիտորդները Հրապարակած Են Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հանրաքուէի Գնահատականը

07 դեկտեմբեր 2015

Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը, որ դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած է Դեկտեմբեր 6-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի ընթացքին, հրապարակած է իր գնահատականը:

Ըստ Panorama.am-ի՝ ԵԽԽՎ պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի՝ հանրաքուէն յանգեցուց նոր սահմանադրութեան ընդունման:

Կը նշուի, որ ըստ նախնական արդիւնքներու քուէարկութեան մասնակցածներուն 64 տոկոսը կողմ քուէարկած է փոփոխութիւններուն` այսպիսով ապահովելով սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդունման համար անհրաժեշտ ընտրողներու 25 տոկոսի մասնակցութեան տոկոսը:

«Համեմատաբար ցած մասնակցութիւնը, բնակչութեան մօտ 50 տոկոս, կ՛արտացոլացնէ այն փաստը, որ հանրաքուէն պայմանաւորուած է քաղաքական շահերով»,-կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ 2,5 տարուան բարեփոխումներու գործընթացը այնքան ամբողջական չէր, խորհրդարանը ունէր ընդամէնը քանի մը շաբաթ օրինագիծը քննարկելու համար եւ հանրային բանավէճը սահմանափակուեցաւ 2 ամիսով` դժուարացնելով համաձայնութեան ձեռք բերումը:

«Այսպիսով, սահմանադրական բարեփոխութիւններու հիմնական առանցքը` նախագահական համակարգէն խորհրդարանական համակարգին անցումը, բազմաթիւ քաղաքացիներու կողմէ կը դիտուի որպէս ներկայ նախագահին` իշխանութեան մնալու միջոց` անոր երկրորդ եւ վերջին ժամկէտի աւարտէն ետք»:
Քուէարկութեան գործընթացին հետ կապուած պատուիրակութիւնը կ՛ափսոսայ, որ իշխանութիւնները մտահոգուած չէին դէպի նոր սահմանադրութիւն տանող գործընթացի անաչառութեամբ եւ կը նշուի քանի մը խնդիրներ․
• Ընտրացուցակներու անճշտութիւնները, որոնք կը պարունակեն արտերկրի մէջ մշտապէս բնակող կամ նոյնիսկ մահացածներու անուններ` յանգեցնելով այն պնդումներուն, որ այս անունները կ՛օգտագործուին մարդոց կողմէ, որոնք կը քուէարկեն քանի մը անգամ:
• Մեծ չափերու կազմակերպուած ընտրակաշառքներ, ընտրողներու վրայ ճնշում գործադրելու պնդումները:
• Լրատուական դաշտը մէկ անգամ եւս հաւասար չէր եւ քաղաքական կուսակցութիւնները չեն կրցած կատարել իրենց պարտականութիւնները` հասարակութիւնը տեղեկացնելու եւ կողմնորոշելու համար:
• Գործադիր մարմիններու կողմէ վարչական աղբիւրներու չարաշահում:
• Ընտրական պաշտօնեաներու ճնշումներու, կաշառելու պնդումները:
• Տեղմասային ընտրական պաշտօնեաներու վերապատրաստման թերութիւնները` յատկապէս հաշուարկի ընթացքին:
• Շարժական քուէարկութեան բացակայութիւնը արդիւնաւէտօրէն բացառած է հաշմանդամ քաղաքացիներու մասնակցութիւնը:

ԵԽԽՎ պատուիրակութիւնը իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ անդրադառնալու այս խնդիրներուն, որպէսզի կառուցէ վստահութիւն քուէարկութեան գործընթացին եւ քաղաքականութեան մէջ ընդհանրապէս` ապահովելու համար Հայաստանի իրական ժողովրդավարական ապագան:

ԵԽԽՎ պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ եղած է Դեկտեմբեր 4-էն 7-ը, որուն ընթացքին հանդիպած է քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ, ԿԸՅ նախագահին, քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի փորձագէտներու հետ:

Դիտորդական առաքելութեան ղեկավարն էր Զուիցերիոյ պատգամաւոր Անտրէաս Կրոսը: Պատուիրակութեան մէջ էր նաեւ հայաստանի հարցով ԵԽԽՎ համազեկուցող Ալան Միլը, Զուիցերիոյ պատգամաւոր Տորիս Ֆիալան:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail