Քորոնա Ժահրի Ներթափանցումը Կանխելու Նպատակով Իրանէն Հայաստան Եկող Ուղեւորները Հսկողութեան Կ՛ենթարկուին

Քորոնա Ժահրի Ներթափանցումը Կանխելու Նպատակով Իրանէն Հայաստան Եկող Ուղեւորները Հսկողութեան Կ՛ենթարկուին

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

Թէեւ նոր քորոնա ժահրի հիւանդացութեան պարագաները աւելցած են հարեւան Իրանի մէջ, Հայաստանի մէջ որեւէ վարակուածի դէմք չէ արձանագրուած: Այս մասին կը նշէ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան` «Ֆէյսպուք”-ի իր էջին միջոցով:

«Մենք կը հետեւինք նոր քորոնա ժահրի բռնկումներու դէպքերուն եւ տարածուածութեան ամբողջ աշխարհի մէջ, նաեւ մեր հարեւան Իրանի մէջ: Տեղեակ ենք նաեւ Իրանէն դէպի մեր երկիր ուղեւորահոսքի առանձնայատկութիւններուն` ներառեալ մօտ ժամանակներս սպասուող Նովրուզը: Որպէս յաւելեալ հակահամաճարակային միջոցառումներ` ուժեղ հսկողութեան կ՛ենթարկուին Մեղրիի սահմանային անցակէտով անցնող, ինչպէս նաեւ Իրանէն Հայաստան օդանաւով ժամանող ուղեւորները: Կասկածելի բոլոր դէպքերու համար կը կատարուի նաեւ հսկողութիւն Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ: Կը տեղեկացնեմ, որ մինչ օրս նոր քորոնա ժահրով վարակուածութեան դէպք Հայաստանի մէջ չէ արձանագրուած: Կոչ կ՛ընեմ հետեւելու առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնական լրահոսին եւ ատով առաջնորդուիլ»,- նշած է նախարարը:

Ան կը խնդրէ սուր շնչառական բոլոր վարակները կանխարգիլելու համար հետեւիլ նախարարութեան խորհուրդներուն` պատուաստուիլ եղանակային կրիփի դէմ` դիմելով հաշուառման դարմանատուններ, խուսափիլ կրիփով մարդոց հետ շփումէն, եթէ մարդը հիւանդ է, թող մնա՛ տունը, յատկապէս` եթէ երեխաները կրիփ են մանկապարտէզ եւ դպրոց չյաջախեն՝ ապահովելով բժշկի կողմէ խորհրդատւութիւնը եւ բուժումը, եթէ մարդը հիւանդ է, հրաւիրել տեղամասային մանկաբոյժին, ընդհանուր կամ ընտանեկան բժիշկին եւ չզբաղիլ ինքնաբուժութեամբ, չօգտագործել հակապիոթիկներ, քանի որ անոնք ցուցուած չեն կրիփի եւ սուր շնչառական վարակներու բուժման համար, եթէ չեն նշանակուած բժիշկի կողմէ, հագուիլ եղանակին համահունչ, պահպանել հազալու եւ փռշտալու վարուելակարգը, օգտագործել հնարաւորին չափ շատ հեղուկներ, յաճախակի օդափոխել փակ տարածքները, հետեւիլ անձնական մաքրութեան:

Իրանի մէջ նոր քորոնա ժահրով հիւանդներուն թիւը հասած Է 18-ի, որոնցմէ չորսը` մահացած են: COVID-2019 նոր տեսակի վարակը սկիզբ առած է Չինաստանի Հուպէյ նահանգի Ուհան քաղաքին մէջ: Չինաստանի մէջ Փետրուար 21-ին հաստատուած Է վարակման 75 հազար 465 դէպք, 2 236 մարդ մահացած Է:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

yerakouyn.com/2020/02/21/քորոնա-ժահրի-ներթափանցումը-կանխելու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail