Հայամէտ Թուրք Գործիչ Քաւալա 840 Օրեր Բանտարկուելէ Ետք Ազատ Արձակուեցաւ, Ապա Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

Հայամետ թուրք գործիչ Օսման Քավալան-osman_kavala

Հայամէտ Թուրք Գործիչ Քաւալա 840 Օրեր Բանտարկուելէ Ետք Ազատ Արձակուեցաւ, Ապա Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՇԽԱՐՀ: ««Թուրքիան թաքցնում է Օսմանյան դարաշրջանի Հայոց ցեղասպանության փաստերը. Պատմաբան Թանար Աքչամ»»

Հայամետ թուրք գործիչ Օսման Քավալան-osman_kavala

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին որոշումով, Փետրուար 18-ին ազատ արձակուեցաւ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձ կատարելու» յանցանքով մեղադրուող հասարակական գործիչ եւ գործարար Օսման Քաւալա: Քաւալա հիմնադիրն է «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկին, որ նաեւ հայկական մշակոյթը ներկայացնող ձեռնարկներ կազմակերպած է: Քաւալա ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ խստիւ դատապարտած զայն: Քաւալա 2013-ի ամրան մասնակցած էր «Կեզի» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցած հակակառավարական ցոյցերուն եւ բանտարկուած էր Դեկտեմբեր 2017-ին, որմէ ետք բազմաթիւ թրքական եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ բողոքած էին անոր բանտարկութեան դէմ՝ պահանջելով, որ վերջ տրուի անոր ապօրինի բանտարկութեան։

Քաւալա անակնկալօրէն ազատ արձակուեցաւ, 840 օրեր բանտարկուելէ ետք, սակայն, միայն քանի մը ժամ ետք, Պոլսոյ դատախազութիւնը որոշեց դարձեալ ձերբակալել Քաւալան, ոտնակոխելով դատարանին որոշումը։

yerakouyn.com/2020/02/19/հայամէտ-թուրք-գործիչ-քաւալա-840-օրեր-բան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail