ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԵՃԵԱՆ – Էրտողան՝ Պաշտպան Ահաբեկչական Ուժերու, Էրտողան՝ Պաշտպան Ահաբեկչական Ուժերու,,,,,
22 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԿԻԶԱԿԷՏ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Փետրուարի առաջին օրերէն ի վեր, Թուրքիա մեծաքանակ զինամթերք եւ զինուժ ղրկեց Սուրիա, իբրեւ թէ Իտլիպի շրջանին մէջ Սուրիոյ իշխանութեան «օրինական ընդդիմադիրները» պաշտպանելու համար. ներխուժումը նաեւ իբրեւ պատրուակ ունէր սուրիական բանակային ուժերու կողմէ թուրք զինուորներու սպանութիւնը, եւ ահա, «սուլթան» Էրտողան նորագոյն սպառնալիքներով հրապարակ կու գայ, ըսելով, որ ինքն իրեն իրաւունք կու տայ սուրիացի զինուորներ սպաննելու ո՛ւր որ գտնէ՝ եթէ պատահի, որ սուրիացիք մինչեւ իսկ մէ՛կ թուրք զինուոր սպաննեն։ Անմիջական արձագա՞նգը. արեւմտեան լրատու աղբիւրներ գրեթէ միաձայնութեամբ ձայնակից են Էրտողանի՝ լուրերը հաղորդելով այնպիսի ոճով մը, իբրեւ թէ սուրիական բանակը մեծ ապօրինութիւն մը ըրած է թրքական ուժեր հարուածելով։ Տարօրինակ բացառութիւն են «նոր դաշնակից» Ռուսիոյ լրատու աղբիւրները, որոնք հաւասարակշռուած կեցուածք որդեգրելու դիմակին տակ՝ բացայայտ կը դարձնեն, որ թրքական «վարկածը» ընդունելի կամ ճիշդ չէ։
***
Եթէ վերի տողերը ընդհանուր գիծերու մէջ կ՛ամփոփեն վերջին շաբաթներու դէպքերուն ընթացքը, կ՛արժէ որոշ չափով մտնել մանրամասնութեանց մէջ եւ իրենց անունով կոչել թրքական քայլերը։
Թուրքիա բացայայտ կերպով միջամուխ կ՛ըլլայ սուրիական հողերուն վրայ տարիներէ ի վեր տարուող «ներքին հակամարտութեան» (ինչպէս որ Արեւմուտքն ու Թուրքիա կը փորձեն ներկայացնել «Արաբական գարուն»ին սուրիական արարը), մինչդեռ ահաւասիկ աստիճան մը եւս բացայայտ կը դառնայ, թէ Էրտողանի իշխանութիւնն ու անոր ուժերը անսքող կ՛աջակցին ահաբեկչական խմբակներու, որոնց դէմ պատերազմ հռչակած է ամբողջ աշխարհը, էապէս նոյն խրամատին մէջ են Սուրիա, Ռուսիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ, արաբական աշխարհն ու Եւրոպա, առանց անտեսելու մեծ ու փոքր այլ ուժեր-երկիրներ։ Թուրքիա, Ռուսիոյ հետ մօտեցում խաղալով, ատենէ մը ի վեր շահած է խաղաղարար միջնորդի դեր, Ռուսիոյ հետ միասին մասնակից եղաւ Սոչիի եւ այլ քաղաքներու մէջ զինադուլի համաձայնագիրներու, յանձն առաւ դիտորդի դեր խաղալ իբրեւ թէ ներ-սուրիական հակամարտութեան մէջ, նաեւ՝ հակակշռել ահաբեկչական խմբաւորումները։
Եւ ահա, նոյնինքն Մոսկուայի դէտերը կը նկատեն, որ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, Թուրքիա ո՛չ միայն ետ կանգնած է այդ դերակատարութենէն, այլ նաեւ թափանցիկ քողով մը միայն կը ծածկէ «Ճապհաթ Նուսրա» եւ նման խմբաւորումներու իր տրամադրած աջակցութիւնը։ Անդին, սուրիական օրինական ուժերը կ՛աշխատին երկիրը մաքրագործել ահաբեկչական ու ոճրածին ծայրայեղական խմբաւորումներէ, որոնք բազմազգեան են եւ Թուրքիոյ հողերէն անցնելով՝ կը հոսին դէպի Սուրիա, թափանցած են բնակչութեան մէջ, ու երբ անոնց դէմ յարձակումներ կը գործուին, անմեղ բնակիչներ ալ զոհ կ՛երթան զինուորական գործողութիւններու (ռազմական գործողութեանց պահուն անմեղներու սպանութիւնը չ՛արդարանար, սակայն դժբախտաբար նման դէպքեր կը պատահին քիչ մը ամէն տեղ, Իրաքէն մինչեւ Աֆղանիստան եւ այլուր)։
Ի վերջոյ, ո՞վ իրաւունք տուած է Թուրքիոյ, որ կասեցնէ սուրիական ուժերուն յառաջխաղացքը այն գօտիներէն ներս, որոնք ցարդ կը մնան Էրտողանի հովանաւորած ոճրային խմբաւորումներու հակակշիռին տակ։ Տակաւին, ո՞վ առաքելութիւն տուած է Թուրքիոյ, որ «գործ տեսնէ» Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման ուղղութեամբ, գործ՝ որ միայն ու միայն սուիրացիներուն իրաւունքն է, պէտք է զարգանայ միջազգային օրինականութեան հովանիին տակ։
***
Ո՛չ ոք իսկական քննարկում կամ հարցադրում կը կատարէ, թէ Թուրքիա որմէ՞ իրաւունք ստացած է, խաղաղ միջնորդի անուան տակ, սանձարձակ թափանցումներ կատարելու դրացի երկիրներէ ներս. Իրաքն ալ թրքական նման միջամտութեանց բեմ կը դառնայ յաճախ. թրքական ուժեր տասնամեակներէ ի վեր ըստ կամս կը թափանցեն հիւսիսային Իրաք՝ իբրեւ թէ քիւրտ ընդդիմադիրներ հալածելու պատճառաբանութեամբ։ (Պատկերացուցէք, որ ամենահզօր Միացեալ Նահանգները հրասայլեր ու բանակային ուժեր ղրկէ Մեքսիքայի սահմանէն ներս, լատին ամերիկեան երկիրներէ հասած գաղթականները հետապնդելու դիտաւորութեամբ)։ Մէկ խօսքով՝ թրքական բանակները ի՞նչ գործ ունին սուրիական հողի վրայ, ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերուն մէջ, որ թիրախ կ՛ըլլան սուրիական (եւ ռուսական) յարձակումներու, զոհ կու տան, պատճառ կը դառնան, որ Էրտողան զայրանայ եւ սպառնալիքներ տեղայ ասդին-անդին…
Պէ՞տք է զարմանալ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Փոմփէօ կը փութայ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնել Թուրքիոյ. չէ՞ որ Ուաշինկթըն եւս ունի իր հաշիւները՝ կը փորձէ վերասիրաշահիլ իբրեւ թէ իրմէ հեռացած Թուրքիան, զայն դուրս բերել Ռուսիոյ ճիրաններէն։ Չէ՞ որ Ուաշինկթըն կը հալածէ Սուրիոյ իշխանութիւնը, մօտաւորապէս 9 տարիէ ի վեր բազմապիսի ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններ կատարած է ընդդէմ Դամասկոսի իշխանութեանց (առանց մոռնալու իր հաշիւներուն չհամակերպող Իրանը, Իրաքը, Լիբանանն ու այլ երկիրներ)։ Ուաշինթըն կրնա՞յ չհամակերպիլ Էրտողանի քայլերուն, մինչ անդին, ինք եւս իրողապէս գրաւման ուժ է Սուրիոյ արեւելեան՝ Տէր Զօրի շրջանին մէջ, կը շահագործէ քարիւղի հանքերը։
***
Շրջանային ու միջազգային դիտողներ հազար ու մէկ մեկնաբանութեամբ կը հետեւին թրքական ներխուժումին, անոր ստեղծած վտանգներուն եւ հաւանականութիւններուն։ Օրինակի համար, Մոսկուայի մօտիկ մեկնաբան մը կ՛ըսէ, որ եթէ Էրտողան խելքի չգայ եւ փորձէ իր սպառնալիքները գործի վերածել, անմիջական հետեւանքը կրնայ ըլլալ Թուրքիա- Սուրիա սահմանափակ կամ տարածուն պատերազմ մը, որ պիտի նշանակէ նաեւ պատերազմի հռչակում՝ Իրանի, Իրաքի, «Հըզպալլա»ի ու պաղեստինեան որոշ կողմերու դէմ, կրնայ ներգրաւել նաեւ ռուսական ուժերը, ստեղծելով աւելի վատ հետեւանքներ։ (Այդ մեկնաբանը ակնարկութիւն չ՛ըներ այն հաւանականութեան, որ «վերեր»ը՝ տեղ մը որոշ համակարգում կրնայ ըլլալ «մեծերուն» միջեւ, ի հեճուկս փոքրերուն…)։
Այլ գիծի մը վրայ, Էրտողանի սպառնալիքները կ՛ընկալուին իբրեւ յոխորտանք ու չհիմնաւորուած մարտավարութիւն, ծածկելու համար ներքին բեմին վրայ իր կրած նահանջները. Էրտողանի Թուրքիան կը դիմագրաւէ տնտեսական, ռազմաքաղաքական, փոքրամասնութեանց, մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման եւ այլ դժուարութիւններ, որոնք պէտք է ծածկուին նման «արկածախնդրութիւններով», մթնոլորտ ստեղծելով ու ներքին միասնութիւն հետապնդելու ճիգերով։
Տակաւին, որոշ դէտեր կը նկատեն, որ Էրտողանի լարախաղացութիւնը՝ մէյ մը Ուաշինկթընի հակադրուելով ու ահա նաեւ Մոսկուայի աչքին անհաճոյ ընթացքով, հետզհետէ կը կարճցնէ խուսանաւելու անոր շունչը, նոյնինքն Թուրքիոյ համար աննախատեսելի հետեւանքներու սպառնալիքով։ Պէտք չէ մոռնալ, որ գաղթականներու տագնապը եւս (որ Իտլիպի դէպքերուն լոյսին տակ նոր խորացում կ՛ապրի) կրնայ պատճառ դառնալ, որ Արեւմուտքը իր աչքերը քիչ մը աւելի լայն բանայ զայն չարաշահելու ձգտող թրքական շահատակութեանց վրայ։
Յետոյ, ո՞վ կ՛ըսէ, թէ այժմու ընթացքը Թուրքիան պիտի չհասցնէ ներքին ականահարումներու, բանալով անոր տարանջատման հեռաւոր հորիզոնները…
***
Թուրքիոյ եւ անոր շուրջ զարգացումներուն դիմաց, ո՞ւր կը կանգնի հայ քաղաքական միտքն ու դիւանագիտութիւնը։
Վերջերս, ամերիկեան պետական ու քաղաքական շրջանակներ ըստ բաւականին ականատես եղան Թուրքիոյ՝ անվստահելի դաշնակից մը ըլլալու իրականութեան։ Այս նորութիւնները նպաստաւոր հովեր կը բերեն Հայ Դատի հետապնդման լծուած մեր գործիչներուն։
Կը մնայ, որ հայրենի պետութիւնը իր կարգին որոշ աշխատանքի լծէ իր դիւանագիտական ուժը, զուգահեռ աշխատանք տանի մէկ կողմէ՝ Ուաշինկթընի ու Արեւմուտքի, ու միւս կողմէ՝ Մոսկուայի գիծերուն վրայ (եթէ կ՛ընէ՝ շատ բարի)։ Նման աշխատանք կրնայ իր անմիջական ճիւղաւորումներն ալ ունենալ. ի վերջոյ, անմիջական օրակարգի վրայ ունինք Արցախը, իսկ մնայուն օրակարգ է մեր ընդհանրական Դատը։
Ապրիլ 24ը՝ Ցեղասպանութեան 105րդ տարեդարձը հազիւ 2 ամիս ետք է։ Սա հրաւէր է մանաւանդ, որ մեր պետական ու քաղաքական մեքենաները՝ իշխանութիւն, խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ընդդիմադրութիւն, հրաժարին երկրին մէջ երկփեղկումն ու պառակտումները խորացնող, զիրար չլսելու, չհասկնալու վարքագիծերուն չափազանց մեծ տուրք տալէ, որովհետեւ այժմու հակաճառութիւններով մսխումի կը տանին թէ՛ բոլորին հզօրանքները եւ թէ նոյնինքն 2018ի յեղափոխութիւնը։ Մինչդեռ, մեր հիմնական թիրախները պէտք է ըլլան Թուրքիան ու անոր դաւադրակից «եղբայրը»՝ Ատրպէյճանը։
asbarez.com/arm/364720/Էրտողան՝-Պաշտպան-Ահաբեկչական-Ուժերո/