Խմբագրական – Ազատ Խօսք – ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՈԳԻՆ՝ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԸՆԴՄԻՇՏ – ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Խմբագրական – Ազատ Խօսք – ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՈԳԻՆ՝ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԸՆԴՄԻՇՏ – ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ – Ազատ Խօսք – ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՈԳԻՆ՝ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԸՆԴՄԻՇՏ – ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Խմբագրական

ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՈԳԻՆ՝ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԸՆԴՄԻՇՏ

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կ’ըլլան աստեղային պահեր, երբ ժողովուրդին առանձին անհատներն ու միաւորները կը միաձուլուին մէկ ու միասնական, հաւաքական ՄԵՆՔ-ի մէջ, եւ՝ յանուն իրենց հայրենիքին ու ազգային ինքնութեան եւ արժանապատւութեան, պատրաստ կ’ըլլան երթալու գերագոյն զոհաբերութեան, նոր ընթացք տալով սեփական պատմութեան երթին եւ ազգային ինքնագիտակցութեան…:

Նման պահերն են որ լաւագոյնս կը դրսեւորեն ժողովուրդի մը ոգին ու գիտակցութիւնը եւ կը դառնան անոր անցեալը, ներկան ու ապագան կամրջող ուղենիշ եւ ուղեցոյց, գոյութեան խորհուրդ եւ խորհրդանիշ: Ազգային գաղափարախօսութեան հիմք ու հայրենասիրութեան պատգամ:

Նման բախտորոշ եւ աստեղային պահ է Աւարայրի ճակատամարտը, որ տեղի ունեցած է 451 թուականի Մայիսի 26-ին, Տղմուտ գետի ափին: Ընդամէնը մէկ օր տեւող այդ ճակատամարտին յիշատակը կը նշենք ամէն տարի, վերիմաստաւորելով ու վերարժեւորելով զայն: Արդարեւ, շուրջ 1570 տարի մեզ կը բաժնեն՝ Տղմուտ գետի ափին տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտէն: Բայց հեռաւոր անցեալին մէջ պատահած այդ հերոսամարտը խոր հետք է թողած հայութեան պատմական յիշողութեան եւ ազգային գիտակցութեան մէջ:

Ան դարձած է խորհրդանիշ՝ ապրելու, յարատեւելու աննկուն ոգիի, հայրենասիրութեան մեծ խոյանքի, ազգային պատիւի պաշտպանութեան: Դարեր շարունակ, ան ոգեշնչեր է ազատաբաղձ հայ քաջորդիներու յաջորդական սերունդները, ամբողջ հայ ժողովուրդի զաւակները, որ մանուկ հասակէն, դպրոցական առաջին տարիներէն, մանկապարտէզի գրասեղաններէն սորված են արտասանել՝ «Հա՛յ եմ ես, հա՛յ եմ ես, քաջ Վարդանի թո՛ռն եմ ես, Հայաստանը ազատող քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»:

Արդարեւ, 451 թուականին,Պարսից արքայ Յազկերտի նպատակն էր իր բռնապետութիւնը հաստատել հայկական Բարձրաւանդակին վրայ, նախ եւ առաջ զրադաշտական կրօնքին ենթարկելով հայութիւնը, որմէ ետք ան պիտի կարենար դիւրութեամբ ձեռքձգել նաեւ հողը՝ Հայաստանը: Վտանգուած էին ե՛ւ հաւատքն ու մշակոյթը, ե՛ւ հողը: Այսինքն՝ հայն ու Հայաստանը:

Կը մնար միայն մէկ ելք.- հաւաքաբար դէմ դնել այս հայակործան սպառնալիքին եւ ուղղուիլ մարտադաշտ: Եւ այսպէս, «Վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց» ոտքի ելաւ հայ ժողովուրդը ընդդէմ գերհզօր պարսից զօրքին եւ զրադաշտական մոգերուն ու քուրմերուն, փղազօրին ու մատեան գունդին, արիաբար պաշտպանելու հաւատք ու հայրենիք, պատիւ ու ինքնութիւն, առաջնորդութեամբը քաջակորով սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի, որ արիաբար ստանձնեց հայոց հաւատքն ու հողը պաշտպանելու եւ, ի պահանջել հարկին, յանուն անոնց գերագոյն զոհաբերութեան երթալու յանձնառութիւնը, աննկուն ոգիով, գոչելով՝ «Մեր արիութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք»:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ըստ մեր պատմիչներուն, գլխաւորաբար Եղիշէի, նա՛եւ Ղազար Փարպեցիի գրութիւններէն մեզի հասած Աւարայրի հերոսամարտին մասին վկայութիւններուն, համաժողովրդական այս ապստամբութեան մասնակցեցան ոչ միայն հեծելազօրն ու հետեւակները, այլեւ՝ ժողովուրդը ամբողջ, հոգեւորականները, Ղեւոնդ Երէցն ու Յովսէփ կաթողիկոսը, շինականները, երէցներն ու երիտասարդները, ազնուականներն ու գիւղացիները. ո՛չ միայն տղամարդիկ, այլեւ՝ հայ ազգի փափկասուն տիկինները:

Հոս կ’արժէ յիշատակել Վարդանանց պատերազմի գեղահիւս երգիչ Եղիշէի խօսքերը՝ Տիկնայք Փափկասունք Հայոց Աշխարհի հոյակապ գրութեան մէջ, արժեւորելով վերջիններուս զոհողութեան եւ հայրենասիրութեան ոգին. «Ովքեր իրենց մանկութիւնը հորթերու ուղեղներով եւ երէներու փափուկ միսով սնուեր էին, մեծ ուրախութեամբ խոտեղէն կերակուր կ’ընդունէին վայրենիներու նման…: Անոնց մարմիններուն մորթը սեւ գոյն ստացաւ, որովհետեւ ցերեկը արեւակէզ կ’ըլլային եւ գիշերներն ալ գետնի վրայ կը քնանային»…

484 թուականի Նուարսակի Դաշնագրով պիտի ամրագրուէր ի վերջոյ հայուն հաւատքի, ազատ ինքնութեան եւ ինքնավարութեան իրաւունքը, պիտի վերահաստատուէր անոր ազգային արժանապատւութիւնը եւ ի դերեւ պիտի ելլէր զանոնք սասանելու, հայութիւնն ու Հայաստանը ստրկացնելու Յազկերտի ծրագիրը:

Աւարայրի այս ոգին ու գիտակցութիւնն է որ դարձաւ մեզի ուղեցոյց փարոս ու խորհրդանիշ մեր պատմութեան յետագայ սխրանքներուն: Կարմիր Վարդանը մեզի ուղեկցեցաւ Զէյթունի ու Սասունի, Հաճընի ու Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերուն, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի լինել-չլինելու գոյամարտերուն, որով նուաճեցինք ապրելու մեր իրաւունքը եւ հիմնեցինք մեր ազգային պետականութիւնը:

Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, Աւարայրի ոգին հրեղէն շունչով մը ժայթքեցաւ 1988 թուականի Փետրուարեան Արցախեան ազգային-ազատագրական Շարժման օրերուն, երբ հայութիւնը ամբողջ կը տրոփէր մէկ սիրտով ու մէկ հոգիով, պահանջելով Արցախի միացումը Մայր հայրենիքին…եւ տակաւին Աւարայրի ոգին կ’ապրի մշտավառ հայոց բանակի իւրաքանչիւր հայ զինուորին մէջ, որ արթուն ու աննինջ կը հսկէ հայրենեաց սահմանները տիւ եւ գիշեր…:

Կարմիր Վարդանը կ’ապրի ամէն մէկ հայու սրտին մէջ, ով գիտէ անսակարկ ու հոգենուէր ծառայել ազգին ու հայրենիքին, հայ հոգեմտաւոր արժէքներու կենսունակ պահպանումին ու յարատեւումին ի խնդիր, ով գիտէ իր անձի ու հատուածի նեղ շահերը զոհել յանուն հաւաքական ՄԵՆՔ-ի կերտումին ու հզօրացման…: «Վարդանի հոգին՝ հըրագունդ անշէջ, Կը մտնէ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ…» (Վահան Թէքէեան):

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ներկայիս, նոյն Աւարայրի եւ Վարդանանց ոգին ու տեսլականն են կենսական մեզի՝ «Օդի, ջուրի, հացի նման», դէմ դնելու ներկայ ժամանակներու համաշխարհայնացման եւ համահարթեցման սպառնալիքներուն, ազգային ուծացման եւ այլասերման վտանգներուն, որոնք օրէցօր կը միտին գունաթափել ազգային մեր դիմագիծը, աղաւաղել մեր լեզուն ու մշակոյթը, մեզ հեռացնել ազգային-հոգեւոր մեր արժէքներէն, ազգային-հայրենասիրական գաղափարականէն ու ոգիէն:

Վարդանանք այսօր ալ յուշարա՛րն են ազգային բարձրագոյն գիտակցութեան եւ հայրենասիրական աննկուն ոգիին, եւ կո՛չ ու պատգա՛մ են վերանորոգելու մեր հաւատարմութիւնն ու ուխտը՝ լիարժէք տէ՛ր կանգնելու ազգային մեր արժէքներուն, հողին ու հաւատքին, լեզուին ու մշակոյթին, ազգին ու հայրենիքին եւ՝ անոնց շուրջ համախմբուելու միասնականութեան հաւաքակա՛ն ոգիին եւ գիտակցութեան:

Յուշարարը՝ Վարդանանց եւ Աւարայրի ՈԳԻՈՎ ապրելու կերպին….երբ ոսկեայ հորթն ու մամոնան կ’ուղղորդեն մեծաւ մասամբ հայ մարդուն կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս….երբ տակաւ կ’արժեզրկուին այն բոլոր հոգեւոր-մշակութային-բարոյական արժէքները, որոնք կը կազմեն հայուն ԲՈՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԷՈՒԹԻՒՆԸ…Վարդանանք եւ Աւարայրի ոգին կը մնան ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՅՈՒՇԱՐԱՐԸ հայ մարդուն ու հայութեան բուն կոչումին ու առաքելութեան…եւ կը մնան մշտապէս այժմէական բոլոր ժամանակներուն համար ալ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail