ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Զարթօնքի Սերունդին «աղմկարար» Յեղափոխականը Ստեփան Ոսկան (Ոսկանեան, 1825-1901)

ARARAD

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Զարթօնքի Սերունդին «աղմկարար» Յեղափոխականը Ստեփան Ոսկան (Ոսկանեան, 1825-1901)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

ՍՏԵՓԱՆ ՈՍԿԱՆ (Ոսկանեան, 1825-1901)

Ստեփան Ոսկան (Ոսկանեան, 1825-1901).

Զարթօնքի Սերունդին «աղմկարար» Յեղափոխականը

Ն. Պէրպէրեան

Փետրուար 23ի այս օրը, 119 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան բարգաւաճ քաղաքներէն Զմիւռնիայի մէջ, պանդոկի մը խորշը, աշխարհէն լքուած եւ հայութեան հետ քէնցած՝ վախճանեցաւ Ստեփան Ոսկան։

Հայ ժողովուրդի մեծարժէք դէմքերէն է աւազանի անունով Ոսկանեան Ստեփանը, որ ինչպէս իր ժամանակին, նոյնպէս եւ այսօր կը շարունակէ ծայր աստիճան հակասական՝ բեւեռեցուած ու իրերամերժ գնահատականներու արժանանալ։

Հայ մտքի անդաստանէն ներս Ս. Ոսկան մուտք գործեց իբրեւ գրելու մեծ տաղանդով օժտուած ուսումնատենչ եւ ազատախոհ երիտասարդ մը։ Եղաւ հայ ժողովուրդի 19րդ դարու Զարթօնքի Շարժումին յառաջապահներէն ամէնէն յանդուգնը։ Արեւմտահայ աշխարհաբարի զարգացման ու կատարելագործման մէջ ունեցաւ հիմնական ներդրում։ Բայց իր կեանքի հասուն շրջանի աւելի քան երեսուն տարիները քէն պահեց հայոց լեզուին հետ, միայն ֆրանսերէն գրեց եւ այդպէս ալ քէնոտած հեռացաւ այս աշխարհէն։

Ստեփան Ոսկանի «երկրպագուներ»ը, Հրանտ Ասատուրի արժեւորման հետեւողութեամբ, զինք կը բարձրացնեն հայ հրապարակագրութեան համարձակախօս եւ սկզբունքային դպրոցին ռահվիրան ըլլալու պատուանդանին։

Իսկ Ոսկանի անհաշտ «ընդդիմախօսներ»ը, մեծն Յակոբ Օշականի խստապահանջութեամբ, կը շարունակեն պնդել, թէ հայ գրողի փառքին յաւակնորդ, բայց լիարժէք ինքնադրսեւորման չհասած շնորհալի հրապարակագիրէ մը աւելին չեղաւ Զարթօնքի Սերունդին աղմկայարոյց այս յառաջապահը…

Առաջինները՝ «երկրպագուներ»ը չեն ուզեր նկատի առնել անբուժելի թերութիւնները Ստեփան Ոսկան հայ մարդուն եւ հանրային գործիչին, որուն կեանքն ու վարքագիծը յատկանշուեցան անձնակեդրոնութեամբ, ամբարտաւանութեամբ եւ կենսապաշտութեամբ։

Իսկ վերջինները՝ «անհաշտ ընդդիմախօսներ»ը կը հիմնուին յատկապէս Ոսկանի անձնական վրիպումներուն եւ, մանաւանդ, իր կեանքի վերջին երեսնամեակին հայերէնին կռնակ դարձուցած ըլլալու անոր ինքնալքութեան վրայ, երբ հաշուեկշռի կ՚ենթարկեն անոր գրական եւ հասարակական վաստակը։

Բայց բոլորն ալ համամիտ են, որ իբրեւ գրող, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ, մանաւա՛նդ, հրապարակագիր՝ Ստեփան Ոսկան մեր օրերէն մէկուկէս դար առաջ, իր յառաջդիմական գաղափարներով եւ համարձակախօս կեցուածքներով՝ յառաջապահի կարեւոր դեր կատարեց հայոց 19րդ դարու Ազգային Զարթօնքի հունաւորման մէջ։

Ծնած էր 1825ին, Զմիւռնիա։ Աւարտած էր տեղւոյն «Մեսրոպեան» վարժարանը, ուր եւ ուսուցչական աշխատանքի կոչուած էր դեռ քսան տարիքը չբոլորած։ Համեստ ընտանիքի զաւակ ըլլալով՝ իբրեւ եկամուտի լրացուցիչ աղբիւր, հայերէնի մասնաւոր դասեր տուած էր ունեւոր ընտանիքներու զաւակներուն, որոնց շարքին Եգիպտոսի հետագայ վարչապետ Նուպար (փաշա) Նուպարեանին։

Սորված եւ տիրապետած էր ֆրանսերէն լեզուին, որուն ապաւինելով՝ ուսումնատենչ եւ դարու գաղափարներով տոգորուած երիտասարդը 1846ին մեկնեցաւ Փարիզ՝ աշխատելու եւ ուսումը շարունակելու հեռանկարով։ Զմիւռնիա հրատարակուող «Արշալոյս Արարատեան» թերթի խմբագիր Ղուկաս Պալթազարեանի բարեխօսութեամբ՝ Ոսկան ուսուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ ֆրանսական Սէն Պարպ երկրորդական վարժարանին մէջ։ Միաժամանակ հետեւեցաւ բարձրագոյն ուսման՝ Գոլէժ տը Ֆրանսի եւ Սորպոնի համալսարանին մէջ ու տիրացաւ Պսակաւոր Արուեստից վկայականի։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Փարիզեան այդ տարիները, զուգադիպելով 1848ի ֆրանսական յեղափոխութեան եւ անոր շղթայազերծած ժողովրդավարական ու ընկերվարական գաղափարներու բուռն արծարծումին, բնականաբար վճռորոշ անդրադարձ ունեցան Ստեփան Ոսկանի գաղափարական աշխարհին ձեւաւորման վրայ։

Ազգային զարթօնքի, ընկերային արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու պետական կառավարման մէջ քաղաքացիական հակակշռի ու ժողովրդավարութեան հաստատման ջատագովը եղաւ։ Յեղափոխական պոռթկումներու եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ալեկոծման դարաշրջանը ներշնչման վարար աղբիւր դարձաւ երիտասարդ հայ մտաւորականին համար։

Համալսարանաւարտ ու հայ իրականութիւնը արմատապէս բարեշրջելու գաղափարներով տոգորուած՝ Ստեփան Ոսկան նետուեցաւ պայքարի ասպարէզ՝ յեղափոխական շունչով հայ իրականութիւնը իր արատներէն մաքրելու եւ լուսամիտ հասարակութեան ձեւաւորման ու զարգացման հունով առաջնորդելու ուղղութեամբ։

Ստեփան Ոսկանի բնաբանը մէկ ու միակ էր՝

«Մտքի ազատութիւնը քիչ մը աւելի պաշտելու է, վասնզի եթէ դուք համոզումի մը տէր էք՝ ձեր հակառակորդը համոզումէ զուրկ չէ. եւ համոզում մը, որ ուրիշին համոզումը կը նեղէ՝ բռնութիւն կ՚անուանուի։… Միտք եւ Ազատութիւն՝ ուրկէ կը բխին Եւրոպայի ամէն տեսակ փառքն ու հարստութիւնը։ Դուք ազատ էք ծառայելու, ինչպէս ես ազատ էի, ազատ եմ եւ պիտի ազատ մնամ՝ չծառայելու»…

Այսպէ՛ս կազմաւորուեցան Ստեփան Ոսկանի ազատախոհութիւնը ու հասարակական թերութեանց, յոռի բարքերու եւ չարիքներու անկաշկանդ ու անխնայ քննադատութեան դրօշակիրի նկարագիրը։ Փարիզեան իր պրիսմակէն դիտուած՝ հայ ժողովուրդը ոչ միայն կը տառապէր մտքի եւ մշակոյթի ամէն ծիլ ոտնակոխող ու արմատախիլ ընող Օսմանեան բռնատիրութեան դաժանագոյն լուծին տակ, այլեւ՝ ներքնապէս կը ջլատուէր համատարած կղերապաշտութեան եւ խաւարամտութեան հետեւանքով։ Այս վերջիններուն դէմ ալ թափ առին ազատախոհ Ոսկանի քննադատական բուռն յարձակումները։

1853ին ան վերադարձաւ Պոլիս, ուր լոյս ընծայեց «Ներքին համոզում» անունով գրքոյկ մը, որ առաջին եւ նախնական հրապարակումը եղաւ կղերապետական խաւարամտութեան դէմ Ոսկանի ձեռնարկած պայքարին։ Տարի մը ետք, ուսուցիչի եւ տեսուչի պաշտօնին կոչուելով, ան անցաւ Զմիւռնիա, ուր եւ լոյս ընծայեց իր երկրորդ գրքոյկը՝ «Հռոմէական պարգեւ» անունով, ուր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ազգային դերին ու արժէքին պաշտպանութեան դիրքերէն սուր քննադատութեան ենթարկեց Մխիթարեաններու կողմէ Հայոց Հաւատքի հասցէին կատարուած «հերետիկոսութեան» վերագրումները։

Ստեփան Ոսկան արդէն յառաջապահի դիրք գրաւած էր աշխարհաբարի մշակման եւ Զարթօնքի յառաջադէմ գաղափարներու տարածման ի խնդիր ծաւալած շարժման մէջ։

Բայց նոյն այդ շրջանէն երեւան եկաւ նիւթապէս հանգիստ եւ բարօր կեանք ունենալու անոր գրեթէ հիւանդագին պահանջկոտութիւնը։ Մանաւանդ որ պահպանողականութեան եւ հանրային կեղծիքի դէմ ուղղուած իր սուր քննադատութիւնները բախեցան բիրտ հակազդեցութեան. գործէ արձակուեցաւ եւ հալածանքի ենթարկուեցաւ Զմիւռնիայի ունեւոր հայոց շրջանակներուն կողմէ։

Ճարահատ, 1855ին, Ոսկան դարձեալ իր քայլերը ուղղեց դէպի Ֆրանսա՝ Փարիզ, ուր մեծահարուստ հայերու մեկենասութեամբ ձեռնարկեց «Արեւելք» անուն կիսամսեայ հանդէսի հրատարակութեան։ Միայն 14 համար լոյս տեսաւ «Արեւելք»ը, որուն քննադատական ոգին եւ նորարար գաղափարները անհանգստացուցին շատերուն եւ, այս վերջիններու ճնշումով, իրարու ետեւէ թերթին մեկենասները կռնակ դարձուցին Ոսկանին։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

1856էն 1859, առանց թերթի եւ եկամուտ բերող աշխատանքի, յանդուգն հրապարակագիրը վերստին ձեռնարկեց իրեն ծանօթ եւ իր ընդունակութիւններուն վրայ հիմնուած աշխատանքին՝ նուիրուելով հայ թէ օտար հարուստ ընտանիքներու զաւակներուն մասնաւոր դասեր տալու ասպարէզին։ Նիւթապէս որոշ չափով վերականգնած՝ տասնեւմէկ մեկենասներու աջակցութիւնը ապահովելով, Ոսկան ձեռնարկեց իր երկրորդ կիսամսեայ հանդէսին՝ «Արեւմուտք»ի հրատարակութեան, որ միայն համեմատաբար աւելի բախտաւոր եղաւ իր նախորդէն։ Քսան թիւ լոյս ընծայելէ ետք ու կրկին կղերամիտ պահպանողականներու խծբծանքներուն եւ բանսարկութիւններուն անձնապէս թիրախ դառնալով՝ Ոսկան լքուեցաւ իր գործին սկզբնապէս հաւատացող եւ աջակցող մեկենասներուն կողմէ։ «Արեւմուտք»ը եւս փակուեցաւ։

1860ին ան անցաւ Իտալիա՝ Թորինօ, ուր սկսաւ քաղաքական յօդուածներով աշխատակցիլ ֆրանսերէն «Իտալիա» թերթին։ Իր մտքերն ու վերլուծումները, ինչպէս նաեւ հրապարակագրական փայլուն ֆրանսերէնը գրաւեցին ուշադրութիւնը 19 դարու մեծահռչակ քաղաքագէտ կոմս Քաւուրի, որ Ոսկանէն խնդրեց ֆրանսերէնի մասնաւոր դասեր տալ իր տղուն։

Ոսկան մէկ տարի մնաց Թորինօ եւ Քաւուրի մահէն ետք, նիւթական որոշ միջոցներ խնայած ըլլալով, վերադարձաւ Փարիզ ու ձեռնարկեց «Արեւմուտք»ի վերահրատարակութեան։ Այս անգամ տոկաց ինը ամիս. միջոցները շուտով սպառեցան, թերթը փակուեցաւ եւ Ստեփան Ոսկան երդուեցաւ, որ այլեւս պիտի չձեռնարկէ հայերէն հրատարակութեան. նոյնիսկ քէնոտեցաւ… հայերէն լեզուով հրապարակագրութիւնը շարունակելու իր կոչումին հետ։

Ահա այս պայմաններուն մէջ, 1866ին, Ոսկան վերստին հրաւիրուեցաւ Զմիւռնիա, ստանձնելու համար իր պատանեկութեան դպրոցին՝ «Մեսրոպեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Ատիկա եղաւ նաեւ վերջին կայանը նոր գաղափարներու, քննադատական խօսքի, ազատ մտածումի եւ համարձակախօս հրապարակագրութեան յառաջապահ այս իւրօրինակ արժանաւորին։

Զմիւռնիայի մէջ Ոսկան ձեռնարկեց, 1867ին, նոր թերթի մը հրատարակութեան, բայց արդէն ֆրանսերէնով եւ «Լա Րեֆորմ» անունով, որ լոյս տեսաւ մինչեւ իր մահը՝ 1901։

Յատկապէս օտար հանրութեան ուղղուած իր հրապարակագրութեան շրջանին եւս Ստեփան Ոսկան իր լուսարձակէն հեռու չպահեց հայ կեանքը։ Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն եւ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծման վերաբերեալ իր խօսքը ունեցաւ։ Յատկապէս 1877-1878ի Ռուս-Թրքական պատերազմի շրջանին, ի տես Ցարական Ռուսաստանի յառաջխաղացքին կապուած ազգային մեր յոյսերու խանդավառումին եւ յուսաբեկումին, Ստեփան Ոսկան զգուշացուց.

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

«Ռուսիան այնպիսի տէրութիւն մը չէ, որ ազատութեան եւ մարդկութեան սիրոյ համար մեր հայրենիքին վրայ տիրելու փափաքով միայն գոհանայ, վասնզի ազատութիւնը կ՚ատէ անիկա եւ յայտնի ու ոխերիմ թշնամի է անոր։ Հայերը ոչ միայն հաւատացին Ռուսիայի խոստումներուն, այլեւ կողմնորոշուեցան դէպի Ռուսիան, այլեւ արիւն թափեցին անոր համար, այլեւ հայրենիքնին թողին եւ միահամուռ, չըսենք կոյր զկուրայն, անոր գիրկն ինկան։

Պատմութիւնը օր մը պիտի ըսէ, թէ ի՜նչ գտան հոն եւ ի՜նչ բարիք տեսան ռուս հովանիէն։ Պատմութիւնը իր անաչառ ատեանին առջեւ պիտի կանչէ այն կարծեցեալ ազգասէրները, որք Հայկեան ոգւոյ վրայ այս նոր վէրքն ալ աւելցուցին»։

Ստեփան Ոսկան եղաւ հայ մամուլի երախտաւորներու շարքին առաջիններէն մէկը, որ սկզբունքայնութիւնը, ինքնահաւատարմութիւնը եւ մտածումի ու խօսքի ազատութեան համար հետեւողական պայքարը, ամէն կարգի հալածանքներ եւ զրկանքներ դիմագրաւելու գնով, վարքագիծ դարձուց եւ առաջնորդող օրինակ՝ հետագայ սերունդներուն։

Մեծ եղաւ Ոսկանի դերը, նոյնպէս, արեւմտահայ աշխարահաբարի մշակման եւ հարստացման մէջ. լեզուագէտներու վկայութեամբ՝ հայոց լեզուին պատուաստուած շատ բառեր կը պատկանին Ստեփան Ոսկանի գրչին եւ նորարարութեան։ Հայերէն բարդածանց բառեր սղելու եւ աւելի կուռ դարձնելու ուղղութեամբ եւս մեծ եղաւ հայոց Զարթօնքին այս համարձակախօս հրապարակագրին ներդրումը։

Հրանդ Ասատուր իր «Դիմաստուերներ»ուն մէջ կրցած է միջին ուղին գտնել՝ Ստեփան Ոսկանի արժեւորման ներհակ բեւեռներուն միջեւ։ Այդուհանդերձ՝ իր բոլոր բարեմասնութիւններու կողքին եւ անոնցմէ անդին, Ստեփան Ոսկան բարոյական իրաւունքը չունէր վերջնականապէս հրաժեշտ տալու… հայերէնին։

Փաստօրէն Ստեփան Ոսկան մեր աշխարհէն հեռացաւ իբրեւ հայ գրականութեան «անառակ որդի»ն։

Եւ Յակոբ Օշական աւելի քան իրաւացի է, երբ անխնայ կը դատապարտէ Ոսկանին՝ յիշեցնելով աւելի ծանր հալածանքի ենթարկուած եւ հանապազօրեայ հացի կարօտ մնացած օրինակը Յակոբ Պարոնեանի, որ սակայն մինչեւ վերջին շունչ հայերէնով բաբախեցաւ ու ձաղկեց մեր իրականութեան ստուերոտ ու ցաւոտ երեսները։

Արդարեւ, որքան ազգային մեր բարեմասնութիւններուն, նոյնքան եւ ազգային մեր թերութեանց խօսուն մարմնաւորում մը կը հանդիսանայ Ստեփան Ոսկան։

ՍՏԵՓԱՆ ՈՍԿԱՆ (Ոսկանեան, 1825-1901)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail