Ուղեւորութիւն Մը Դէպի Պատմական Հայաստան – Ուղեւորութիւն Մը Դէպի Պատմական Հայաստան

Ուղեւորութիւն Մը Դէպի Պատմական Հայաստան

Ուղեւորութիւն Մը Դէպի Պատմական Հայաստան – Ուղեւորութիւն Մը Դէպի Պատմական Հայաստան

24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԳԱՂՈՒԹԻ ԿԵԱՆՔԷՆ:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սիլիքոն հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Անի Ենիքոմշեանի՝ «Ուղեւորութիւն մը դէպի Պատմական Հայաստան» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 9 Փետրուարի յետմիջօրէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ Անի Ենիքոմշեանի կենսագրական գիծերը հանգամանօրէն ներկայացուց Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեան:

Ենիքոմշեան երեկոն սկսաւ իր ուխտագնացութեան առթիւ, Երեւանի մէջ գրած մէկ բանաստեղծութեամբ։ Խորապէս իմաստալից եւ յուզիչ բանաստեղծութիւն մը՝ «Հողը Զիս Կը Քաշէ» խորագիրով, որ մեծապէս յուզեց եւ կապեց ունկնդիրները ձեռնարկին:

Իր նախահայրերուն ծննդավայրերը ուսումնասիրելու առաքելութեամբ՝ Անի Ենիքոմշեան 12 օրուան շրջապտոյտի մը կը ձեռնարկէ Երեւանէն։ Թէեւ Անին ծնած ու ապրած է Ամերիկա, բայց իր երազը միշտ եղած է իր աչքերով տեսնել մեր պապենական հողերը, շնչել երկրին օդը եւ աւելիով զարգացնել իր ազգային պաշարը:

Երեւանի «Անի Թուր» ընկերութեան կազմակերպած շրջապտոյտը կը ներառէր Արեւմտեան Հայաստանի, Կապադովկիոյ եւ Կիլիկիոյ հետեւեալ քաղաքները՝ Արտահան, Արդուին, Հոբա, Տրապիզոն, Կումաշանէ, Թամարզա, Շապին Գարահիսար, Կեսարիա, Կապադովկիա,  Տարսոն, Գորիգոս, Ատանա, Մուսա լեռ, Իսկէնտէրուն, Այնթէպ, Ուրֆա, Նեմրութ լեռ, Տիգրանակերտ, Դադվան, Պիթլիս, Աղթամար, Վան, Կարս, Անի եւ այլ վայրեր:

0222Sf1

Անի Ենիքոմշեան սահիկներու ընկերակցութեամբ եւ պատմական իրողութիւններու բացատրութեամբ ներկայացուց Սեպտեմբեր 2019ին կատարած իր շրջապտոյտը:

Ներկաները մեծ հաճոյքով եւ յուզումնախառն զգացումներով, շուրջ 90 վայրկեան դիտեցին եւ ունկնդրեցին Անիին բծախնդրօրէն պատրաստած լսատեսողական բանախօսութիւնը: Մերթ ընդ մերթ, պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին նախքան 1915 հայ բնակչութեան թիւերը եւ անոնց ներկայի վիճակը:

Անին նկարներով, զգացումով, ապացոյցներով եւ դրուագներով կրցաւ ներկաները փոխադրել շրջապտոյտի հողերը: Ուղեւորութեան ընդմէջէն պատմական իրականութիւնը բնականօրէն փոխանցուեցաւ մեզի:

Կ՛արժէ յիշեցնել Անիին տպաւորութիւնները գոնէ քանի մը քաղաքներու վերաբերեալ։ Օրինակ, Անիին ցուցադրած Կեսարիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատկերներուն սահիկները հաւանաբար պատմական վերջին փաստ մըն են, որովհետեւ այցելութեան ընթացքին ան նկատած է հայերէն գրութիւններուն եւ սուրբերու նկարներուն անհետացումը գրադարանի վերածուած այդ եկեղեցիէն:

Երկրորդ օրինակը աւելի զգայուն եւ անձնական է։ «Ուրֆայի մէջ ես առիթը ունեցայ քալելու այնտեղ, ուր իմ մեծ հայրս քալած էր» կ՛ըսէ Անին՝ աւելցնելով. «Հակառակ իրիկուան մութին, մտայ եկեղեցին (ներկայիս մզկիթ), ուր մեր ընտանիքի անդամները աղօթած են, կնքուած են, ամուսնացած են, թաղման արարողութիւն ունեցած են: Տեսայ նշանաւոր բերդը, ուր մեծ հայրս կ՛ըսէր, ապաստանած էր թրքական գրոհներու ընթացքին»:

Երրորդ օրինակը՝ Վանէն. «Երբ ճամբան կը քալէի, աչքերս կը սեւեռէի տեղացիներու աչքերուն՝ ես ինծի հարց տալով, թէ արդեօք հայու արիւն ունի՞ն: Մեր պանդոկը պատմական Այգեստանի հողերուն վրայ շինուած էր, բայց յատկանշական էր, որ Վանի հին պատնէշներուն եւ բերդին շրջանը որեւէ նոր շինութիւն չկար»:

0222Sf3

Առաւել քան 900 սահիկներով, Անին ներկայացուց պապենական հողերուն ներկայի լուսանկարները, մի՛շտ կապերը պահելով անոնց հայկական ոգիին հետ: Յստակ էին երկրին ներկայ յառաջդիմութիւնները, յուզիչ էր տեսնել բնութեան եւ մեր հողերուն գեղեցկութիւնը ու առատութիւնը: Ցաւալի էր տեսնել մեր մշակոյթի աղաւաղումը ու քանդումը: Շատ օգտակար եւ յատկանշական էին ներկայիս մեր պատմական հողերուն վրայ ապրող հազուագիւտ հայերու, համշէնահայերու եւ իսլամացուած հայերու հետ Անիին շփումներէն դրուագները:

Անին տպաւորիչ կերպով նաեւ բացատրեց պատմական Հայաստանի շրջապտոյտը կատարելու կարեւորութիւնը եւ այդ հողերուն իմաստը՝ արեւմտահայերու իրաւական բայց նաեւ ներկայ անկախ Հայաստանի ապագայ բարօրութեան ակնոցով դիտուած: Ան շեշտեց, թէ իր այցելած քաղաքները նախքան 1915 ունէին մեծ թիւով հայ բնակչութիւն, որ բնիկ ըլլալով, դարերու ընթացքին մեծապէս նպաստած էր այդ քաղաքներուն բարգաւաճման:

Ներկայացման աւարտին, ներկաներուն առիթը տրուեցաւ հարցումներ տալու։ Անի Ենիքոմշեան գոհացուցիչ կերպով պատասխանեց բոլոր հարցումներուն, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

asbarez.com/arm/364691/Ուղեւորութիւն-Մը-Դէպի-Պատմական-Հայաս/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail