Բարձրագոյն Կրթութեան Օրինագիծը Պէտք է Դիտարկել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի Առջեւ Մարտահրաւէրներու Ծիրէն Ներս

Քրիստինէ Վարդանեան

Քրիստինէ Վարդանեան – Բարձրագոյն Կրթութեան Օրինագիծը Պէտք է Դիտարկել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի Առջեւ Մարտահրաւէրներու Ծիրէն Ներս

24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Քրիստինէ Վարդանեան

Մենք խնդիրներ կը տեսնենք ընդհանրապէս կրթութեան, գիտութեան, մարմնամարզութեան, մշակոյթի նախարարութեան վարած քաղաքականութեան մէջ եւ յատկապէս այս օրէնքի նախագիծին մէջ` ըստ Yerkir.am-ի՝ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան Ազգային ժողովին մէջ` «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի օրէնսդրական բարեփոխումներն ու հիմնախնդիրները» թեմայով լսումներու ժամանակ:

Քննարկման կը մասնակցին օրէնսդիրներ, կրթութեան ոլորտի մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ թեմայով շահագրգիռ այլ քաղաքացիներ:

«Օրէնքի նախագիծի քննարկումը նախքան մանրամասնութիւններու մէջ խորանալը անհրաժեշտ է դիտարկել Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, ընդհարապէս աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ծիրէն ներս. թէ անոնցմէ որոնց միտուած է այս օրէնքի նախագիծը լուծելու եւ ինչ ճանապարհներով պիտի լուծէ: Այս պարունակին մէջ է, որ օրէնքի նախագիծի շարք մը դրոյթներ խնդրայարոյց կը դառնան», – յայտարարեց Վարդանեան:

Անդրադառնալով բուն օրէնքի նախագիծին` ան նշեց. « Ողջունելի է, եւ գուցէ շատոնց պէտք էր միաւորել «Բարձրագոյն կրթութեան մասին» օրէնքի նախագիծը եւ «Գիտութեան մասին» օրէնքը, սակայն միաւորումը կատարուած է այս օրէնքի նախագիծին մէջ գիտութեան հաշուին, որովհետեւ շատ լաւ մշակուած է կրթութեան բաժինը, բայց գիտութեան բաժինին յատկացուած է շատ քիչ դեր` քանի մը նախադասութիւն, եւ այս առումով խնդրայարոյց է»:

Օրէնքի ճիշդ որ մասն է խնդրայարոյց` ան բացատրեց. «Մեր կարծիքով, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան պէտք է պահպանէ իր դերը` որպէս գիտութեան բնագաւառին մէջ հիմնարար հետազօտութիւններ իրականացնող ու կառավարութեան խորհրդատուութիւն տրամադրող մարմին: Ի հարկէ, պէտք է որակական նոր մակարդակի բարձրացնել կրթութեան եւ գիտութեան համագործակցութիւնը, բայց ատիկա պէտք չէ տեղի ունենայ ԳԱԱ-ի հաշուին, եւ եթէ մենք լուծումներ կը փնտռենք այս ծիրէն ներս: Կրնանք առաջարկել, որ ներդրուին համապատասպան մեքանիզմներ, որպէսզի ուսանողները գիտահետազօտական հիմնարկներու մէջ իրենց ծրագիրներիու մէկ մասը անցնեն ու տուեալ հիմնարկէն ստանան credit-ներու յստակ քանակ»:

ՀՅԴ անդամը տեսակէտ յայտնեց, որ օրէնքի նախագիծին մէջ արհեստական հակադրութեան մէջ դրուեցան համալսարաններու ինքնավարութիւնը եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը. «Սա կեղծ օրակարգ էր, մինչեռ համալսարաններու ինքնավարութեան կը սպառնան այլ յօդուածներ, որոնց մէջ նաեւ այն յօդուածը, թէ քանի մարդ պիտի ըլլայ համալսարանի կառավարման խորհուրդին մէջ»:

yerakouyn.com/2020/02/24/բարձրագոյն-կրթութեան-օրինագիծը-պէտք/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail