Վիեննայի Մէջ Ցոյց-Քայլարաշաւով Նշուեցան Սումկայիթի Եւ Պաքուի Ջարդերը
24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ:
Փետրուար 22-ին Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ի յիշատակ Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերուն ցոյց-քայլարաշ մը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներուն վրայ։
Ցուցարարները Հայաստանի, Արցախի ու Աւստրիոյ դրօշներով, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանը դատապարտող պաստարներով նախ հաւաքուեցան Վիեննայի նշանաւոր Հոֆպուրկ պալատին Հելտըն Հրապարակը։ Ցոյցին բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած անգլերէն ու գերմաներէն յայտարարութիւններու բարձրաձայն ընթերցումով։ Ապա ցուցարարները քալելով ու Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը յիշող ու դատապարտող կոչերով ուղղուեցան Վիեննայի կեդրոնական հրապարակներէն՝ Սուրբ Ստեփանոսի հրապարակը։
Հազարաւոր զփօսաշրջիկներու եւ տեղացիներու ուշադրութեան եւ հետաքրքութեան ներքոյ ցուցարարները անգամ մը եւս յիշեցուցին Ատրպէյճանի ոճրագորուծութիւնները, անոր վարած հակահայ ու ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Սումկայիթի ու Պաքուիի ջարդերուն պատասխանատուները հաշուետւութեան ենթարկելու, զոհերուն յիշատակները յարգելու ու փոխահատուցելու, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական իրաւական պետութիւն ըլլալու եւ ազերիական ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը։
Ատրպէյճանի իսկական դիմագիծը ներկայացնող թռուցիկներ, գիրքեր ու տեսերիզներ բաժնուեցան հազարաւոր անցորդներու։
Ցոյց-քայլրաշաւը վերջ գտաւ այն թելադրանքով, որ աշխարհն ու արեւմուտքը պէտք է Հայութեան հանդէպ գործադրուած պատմական աղէտները նկատի առած, յաւելեալ ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ, ջանք չխնայեն որ Սումկայիթի ու Պաքուի անպատիժ մնացած ջարդերուն նման ոճրագործութիւններ չկրկնուին ու խաղաղ ճանապարհներով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուի։
yerakouyn.com/2020/02/24/վիեննայի-մէջ-ցոյց-քայլարաշաւով-նշուե/