Հալէպի Յաղթանակին Նուիրուած Ժողովրդային-Սկաուտական Տողանցք
24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան, Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:45-ին սկսաւ Հալէպի ազատագրութեան նուիրուած եւ Սուրիոյ խորհրդարանին ուղղուած երախտագիտութեան որպէս արտայայտութիւն ժողովրդային երթ մը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչին, Բերիոյ Թեմի Ազգային Իշխանութեան, Ազգային մարմիններուն, ՍՕԽ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի շրջանային վարչութեանց եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ անդամներուն, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, արի-արենոյշ, քայլ-արծուիկ միաւորներուն, ՍԵՄ-ի եւ Պատանեկան Միութեան անդամներուն եւ հալէպահայ ժողովուրդին։
Երթը սկսաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմացէն, ապա մասնակիցները կանգ առին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան դիմաց, ուր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը շարունակեց հնչեցնել ազգային-հայրենասիրական երգեր։ Երիտասարդներուն բարձրացուցած պաստառներուն վրայ արձանագրուած էին Սուրիական Հայրենիքին, անոր քաջարի բանակին եւ երկրի վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին զօրակցութեան խօսքեր, ինչպէս նաեւ Հալէպի ազատագրութեան առիթով քաղաքը ձեռք-ձեռքի տալով վերականգնելու կոչեր։
Սյս առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը ներկայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն իր խօսքը ուղղելով նախ անդրադարձաւ անցնող քանի մը օրերուն արձանագրուած երկու յաղթանակներուն։ Առաջինը՝ Հալէպի ամբողջական ազատագրման, շնորհիւ սուրիական բանակին սխրալից մարտերուն։ Երկրորդը՝ Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման երախտարժան քայլին։
Ապա անդրադարձաւ անցնող օրերուն տեղի ունեցած Հալէպի մեծ տողանցքին եւ միջկրօնական հանդիսաւոր տօնախմբութեան, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ սրբազան հայրը։
«Մեզի համար Սուրիոյ նախագահը միասնակամութեան խորհրդանիշ է։ Իր ճիգով եւ սուրիական բանակին զոհողութեամբ Հալէպը ազատագրուեցաւ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Սուրիական մեր Հայրենիքին ամբողջ տարածքը ազատագրուի եւ երկիրը մեր բոլորին մասնակցութեամբ վերականգնի եւ դառնայ աւելի հզօր, աւելի ուժեղ։
«Այս քայլարշաւը յաղթանակի քայլարշաւ է, ուրախութեան քայլարշաւ է եւ վերականգնումին թափ տալու հաւաքական մեր կոչն է», եզրափակեց սրբազան հայրը։
Երթը շարունակուեցաւ մինչեւ Ազիզիէ, ՀՄԸՄ-ի պարտէզ։
“Գանձասար”
yerakouyn.com/2020/02/24/հալէպի-յաղթանակին-նուիրուած-ժողովրդ/