ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Նշմար. Բարացուցական Խօսք Եւ Անհեթեթ Փորձ – Նշմար. Բարացուցական Խօսք Եւ Անհեթեթ Փորձ
24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Իտլիպի մէջ Թուրքիա-Ռուսիա լարուածութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ: Դէպքերը կը զարգանան արագօրէն եւ ի վնաս թրքական կողմին: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի «Իտլիպի մէջ հարցը կրնայ լուծուիլ, եթէ Ռուսիան մէկ կողմ կանգնի» անհեթեթ խօսքը լաւագոյնս կ՛արտայայտէ թրքական կողմին անճրկութիւնն ու յուսահատութիւնը, սակայն ասիկա այդ մասին միակ վկայութիւնը չէ, այլ գոյութիւն ունին այդ իրողութիւնը հաստատող նոյնքան խօսուն այլ օրինակներ:
Թրքական իշխանութիւնները Իտլիպի մէջ տիրող մթնոլորտը կը փորձեն օգտագործել համոզելու համար Ուաշինկթընը, որպէսզի երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւն յառաջացուցած ռուսական «Էս-400»-ներու վիճելի հարցը մոռնալով, «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր մատակարարէ թրքական կողմին, որպէսզի վերջինս, ինչպէս թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, զանոնք օգտագործէ Իտլիպի մէջ Ռուսիան զսպելու համար: Պաշտօնատարը նաեւ նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնան սուրիական ուժերը հարուածելու համար «Էֆ-16» օդանաւեր օգտագործել, եթէ Թուրքիան «Փաթրիոթ» համակարգեր տեղակայէ: Ան կը մոռնայ կամ մոռնալ կը ձեւանայ, թէ Ուաշինկթըն արդէն 2016-2018 տարիներուն բազմիցս հարուածած է սուրիական ուժերը եւ այդ գծով Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ կողմի օժանդակութեան կարիք չունի:
Այս «մանկական ճարպիկութիւն» յիշեցնող մտածելակերպը հաւաստի եւ բաւական լուրջ կ՛երեւի, որովհետեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար հաստատեց զայն` նշելով. «Ամերիկան կրնայ Թուրքիոյ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ ուղարկել` զայն Իտլիպի մէջ օգտագործելու համար», ապա անմիջապէս աւելցուց. «Թուրքիան գործի պիտի լծէ ռուսական «Էս-400» համակարգերը: Այդ գծով պէտք չէ կասկած ունենալ»:
Այլ խօսքով, Թուրքիան կը կարծէ, թէ հակառուսութիւնը կուրցուցած է Ուաշինկթընը, ուստի կը փորձէ անոր այդ տրամադրութիւնը շահագործել անկէ իր ուզածը առնելով եւ փոխարէնը ոչինչ զիջելով: Թրքական իշխանութիւնները կը թուին համոզուած ըլլալ, որ աշխարհի միակ գերտէրութիւնը պիտի կլլէ այդ կերը, որովհետեւ Ուաշինկթընի մէջ ոչ ոք պիտի նշմարէ իրենց մանկական մակարդակի խորամանկութիւնը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը իրերայաջորդ երկու օր կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց. «Թուրքիան Իտլիպի մէջ իր հսկողութեան կէտերը տեղափոխելու որեւէ առաջարկ պիտի չընդունի»` այդպիսով բացայայտելով Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ ռուսական նման լուրջ առաջարկի մը գոյութիւնը:
Սուրիոյ զինեալ ուժերուն արձանագրած արագ յառաջխաղացքին պատճառով թրքական հսկողութեան շարք մը կէտեր ինքնաբերաբար շրջապատուեցան այդ բանակին կողմէ: Իրողութիւն մը, որ անիմաստ կը դարձնէ այդտեղ անոնց ներկայութիւնը, որովհետեւ շրջանին մէջ ահաբեկչական զինեալներուն ներկայութեան վերջ դնելով վերջ գտած է նաեւ նշեալ կէտերուն ահաբեկիչներուն ու Սուրիոյ բանակին միջեւ զինադադարի պահպանման հսկողութիւն կատարելու առաքելութիւնը: Իսկութեան մէջ Անգարան այդ տրամաբանական քայլը չէ, որ կը մերժէ, այլ այդ տարածքներու կորուստը ընդունիլն ու պաշտօնապէս հաստատելը:
Ստեղծուած կացութեան մէջ Թուրքիան զինուորական այդ «կղզիներու» գոյութիւնը կ՛օգտագործէ իբրեւ շանթաժ ու սպառնալիք. անմիտ քաղաքականութիւն մը, որ կու գայ ընդգծելու Փենթակոնի այն զգուշացումը, թէ Ռուսիան եւ Թուրքիան Իտլիպի մէջ կը գտնուին ուղղակի ճակատումի եզրին:
aztagdaily.com/archives/465732