Հայոց Լեզուն Կը Տուայտի Փակուող Դպրոց(Ներու) Եւ Բացուող Գիտաժողով(Ներու) Միջեւ (Մայրենի Լեզուի Օր)

Հայոց Լեզուն Կը Տուայտի Փակուող Դպրոց(Ներու) Եւ Բացուող Գիտաժողով(Ներու) Միջեւ (Մայրենի Լեզուի Օր)

24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կրթական վիճակը հասաւ հոն, ուր հայ ծնողները պէտք է կրթուին, որպէսզի իրենց  զաւակները անպայման հայկական վարժարան ուղարկեն:

(«Ազդակ», մայիս 2019)
ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(Բանասէր, հրապարակագիր)

Հիւմըրով գրուած սա քանի մը տողը մեր ուշադրութիւնը գրաւած էր դեռ քանի մը ամիս առաջ: Գրողը բոլորիս ծանօթ բարեսիրտ ու հայ գիրի նուիրեալ Կարոն է, որ իր ազնուափայլ տիկնոջ` Վերժինի ժրաջան մասնակցութեամբ, ահա քանի մը տարի է լոյսին կը բերէ եւ անխափան կը հրատարակէ «Փթիթ» մանկապատանեկանը:

Իրօք, իր բովանդակութեամբ եւ մատուցման եղանակով եզակի պարբերաթերթ մըն է այս հրատարակութիւնը, որ արժանի է բոլորիս գնահատանքին, աջակցութեան եւ երախտագիտութեան:

Փաստօրէն, մանկավարժական ըմբռնումներով եւ գեղարուեստական շունչով յագեցած պարբերաթերթը հայ աշակերտին կը հրամցուի` յանուն հայերէն լեզուի, գիր ու գրականութեան պահպանման ու տարածման: Ահաւասիկ տիպար նախաձեռնութիւն մը, որմէ հարկ է դասեր քաղել, այլապէս մայրենին աղաւաղումէ փրկելու եւ նորահաս սերունդին ճանաչողական մակարդակը բարձրացնելու:

21 փետրուար: Մայրենի լեզուի օր:

Արդ, առանց հայ վարժարանին, ի՜նչ խօսք կարելի է ըսել հայոց լեզուի մասին, որ վերջին տասնամեակներուն կը հալածուի, կ՛անտեսուի, կ՛այլասերի ու կը գտնուի

«բնաջնջման» եզրին, եթէ երբեք ազգը իր պետականութեամբ ու գիտական ներուժով չլծուի վերահայացման աշխատանքի սրբազան առաքելութեան:

Ա՛լ չենք խօսիր Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Յակոբ Օշականի, Ռուբէն Զարդարեանի, Ինտրայի, Վազգէն Շուշանեանի ԼԵԶՈՒԻՆ` արեւմտահայերէնին մասին, որ միայնակ կը մենամարտի իր ճակատագրին դէմ` մե՛րթ ափսոսալով, մե՛րթ պոռթկալով ու շատ անգամ ողբալով:

Տարօրինակ հակասութիւն մը տիրող է հայ իրականութեան մէջ: Ամէնէն վատ ու դաժան տարիներուն, երբ խաւարամտութիւնը ճնշող էր, Խրիմեան Հայրիկ թերթ կը հրատարակէր Վանի մէջ, Գ. Արծրունին իր «Մշակ»-ով հասարակական միտք կը պատրաստէր ու գաղափարական հարթակ կը ստեղծէր` յանուն հայաշունչ կեանքի եւ յեղափոխական տրամադրութիւններու ստեղծման:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ուշագրաւ պատկերներ:

Երէկի հոգեգրաւ մամուլը ու այսօրուան սերունդի այլամերժութիւնը: Նոյնիսկ խօսակցական հայերէնը «ջարդ ու փշուր» վիճակի է մատնուած, իսկ հայերէն գիրքի ընթերցանութիւնը` հոգեվարքի մէջ է:

Սփիւռք եւ ինքնութեան պահպանում, հայրենիք եւ լեզուի աղաւաղում:

Հոս, սփիւռքացած մեր առօրեային առընթեր` կարգ մը բանասէր-մոհիկան նուիրեալներ արեւմտահայերէնի աւարայրը կը մղեն` պայքարելով, պոռթկալով եւ միշտ յուսալով®

Հոն, հայրենիքի հողին վրայ, պետութիւնն անգամ անզօր կը թուի ըլլալ, այս պարագային` արեւելահայերէնի մաքրութեան ի խնդիր:

Ու դեռ կը հաւատանք հայ վարժարանին առաքելութեան:

Փաստօրէն, հայ երեխան իր ազգային նկարագիրը հայ վարժարանի մէջ է, որ պիտի կերտէ, իր հոգիին դռները պիտի բանայ ու հայաբոյր հայեացքները ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք խանդավառութեամբ եւ գիտակցութեամբ պիտի հիւրընկալեն զինք եւ ջամբեն մեսրոպաշունչ ոգիին գեղեցկութիւնը` հայոց լեզուն:

Դարերու փորձութիւնը ապրած հայ վարժարանի արշալոյսը միշտ պիտի ծագի եւ իր աւանդական ջերմութիւնը պիտի բաշխէ անմնացորդ եւ անվերապահօրէն, ամէն անգամ որ հայ երեխայ մը մուտք գործէ մայրենի լեզուի աշխարհ:

Հայ սերունդներու դաստիարակութեան օրրան ու անփոխարինելի այս ամրոցը զանց առնելով ժառանգուած թէ առկայ բոլոր դժուարութիւնները, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` հայոց հրաշափառ մտքի ու ստեղծարար հոգիի պայծառութիւնը հայ աշակերտին փոխանցելու` իբրեւ ինքնաճանաչման փարոս եւ գոյութենական պայքարի ամրակուռ պատուանդան:

Սակայն կայ մետալի միւս երեսը:

Սփիւռքացած մեր կեանքը տակաւ կը դիմագրաւէ նորովի դժուարութիւններ եւ լինելութեան ահաւոր սպառնալիքներ: Նիւթականի առընթեր, հայ իրականութիւնը կլանուած է օտարամոլութեամբ եւ անտարբերութեամբ:

Հայ վարժարանը առանձին կը դիմագրաւէ ազգաքանդ յորձանուտը եւ կը փորձէ շնչել ու շնչաւորել հաւաքականութիւն մը ամբողջ:

Լիբանանահայութեան պարագային, ահազանգը պէտք էր շատոնց հնչէր ու դարմանումի իրաւ լուծումները իրենց պտուղը տային, ըստ կարելւոյն: Գաղութահայ կեանքի մեծագոյն սպառնալիքը` փակուող վարժարաններ են, որոնց կորուստը անվերականգնելի է: Այս առումով, յարգելի եւ ըմբռնելի են այն մօտեցումները, որոնք պատճառ դարձան հայ վարժարաններու միացման, նկատի առած հայ աշակերտի թիւի նուազումը, ազգագրական պատկերի փոփոխութիւնը, արտագաղթն ու այլ անյաղթահարելի դժուարութիւններ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ըսինք, թէ մտահան պէտք չէ ընել մետալի միւս երեսը, այսինքն` օտար վարժարանի դռները թակող հայ աշակերտներու թիւի աճը, մանաւանդ` սեփական վարժարաններ յաճախող հայ մանուկներու տակաւ շատցող թուաքանակը, որոնց մասին որեւէ բացայայտ ակնարկութեան պարագային մենք մեզ ողբերգական վիճակի դիմաց պիտի գտնենք առհասարակ, որովհետեւ այստեղ յանցաւորը հայ ծնողքն է բացառապէս, որ տուրք տալով իր օտարասիրութեան եւ բարդոյթներուն, մասնակից կը դառնայ իր զաւկի կորուստին, ազգի հոգեմտաւոր աշխարհի փլուզումին:

Զո՞վ մեղադրել, որո՞ւ գանգատիլ, ինչպիսի՞ քայլերու դիմել կասեցնելու մեր գոյուգեան սպառնացող վտանգը, արիւնահոսութիւնը: Հաշուետուութիւն, զայրոյթ, պատասխանատուութիւն, ընդվզում, ամլութիւն եւ մասամբ նորին, բառեր ու եզրեր են ասոնք, որոնք մեզ կը հալածեն, եւ որոնց ախտաճանաչման, հանգուցալուծման եւ յստակեցման համար ցարդ չենք հանդիպած համապատասխան միջոցառումներու ընդգրկման եւ կամ իրաւ առաջադրանքներու որդեգրման:

Պղպջակային խօսքերու եւ ծերունազարդ յորդորներու հանդէսներ կ՛ապրինք:

Ցաւ ի սիրտ, ամպիոններ, բեմեր, լսարաններ ու գիտաժողովներ կը յամենան լուծումներ գտնելու` ինչ-ինչ պատճառաբանութիւն ներկայացնելով եւ չքմեղանքի խօսքեր հրամցնելով:

Ո՛չ, չենք ուզեր նսեմացնել գիտաժողովի(ներու) արժէքն ու կարեւորութիւնը: Յաճախ ընդգծած ենք նման լսարաններու անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ գիտական մտքի անդաստան եւ համապատասխան լուծումներ առաջադրելու անփոխարինելի կռուան: Մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ հաւաքական կեանքի մէջ ըստ էութեան քննարկումներ, ախտաճանաչումներ եւ մտահոգութիւններ պէտք է զերծ մնան ամբոխավարական, պճնազարդ, ինքնագոհի եւ տկլոր արտայայտութիւններէ, աւելի՛ն. ժամանակավրէպ լոզունգներէ:

Արդ, երբ նման միջավայրերու մէջ կը բացակայի պատասխանատուութիւն ստանձնելու կամքը, համարձակ եւ շեշտակի քայլեր առնելու վճռակամութիւնը, եւ ասոնց փոխարէն կը հրամցուին թեթեւսոլիկ եւ ծիծաղելի լուծումներ, ահա մեր հաւաքական կեանքի կրկնակի ողբերգութիւնը, որուն ականատես ենք ազգովին:

Քաղաքակիրթ ու զարգացած աշխարհը կը ձեռնարկէ գիտաժողովներու կայացման` նորովի ուղիներ որոնելու եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներ որդեգրելու:

Ազգային յարանուանական, կուսակցական թէ գաղափարական «խխունջային» (պատեանի մէջ քաշուած) վարքագիծեր մեզ տանուլ կու տան, որովհետեւ քաոսին մէջ իյնալու ահազանգը վաղուց հնչած է:

Փաստօրէն, այլեւս չենք խօսիր համալսարանաւարտ սերունդներ ունենալու, այսինքն` հայ վարժարանի կրթական ծրագրի ու յաջողութեանց մասին, որ արդէն կը կատարուի, այլ սրտբացօրէն կ՛ահազանգենք հայեցի դիմագիծ, հայարիւն, ազգային պատկանելիութեան գիտակից ու մայրենիին հանդէպ սէր ու յարգանք ունեցող սերունդներու բացակայութեան մասին:

Հայ վարժարանը իր կառուցուածքով ամբողջական համակարգ է. ազգային ու մարդկային դաստիարակութիւն, հայերէնաւանդ տիպար ուսուցչակազմ, հարազատ զգացումներու, ապրումներու, յոյզերու եւ հայաբոյր տեսլականի գոյութիւն, բայց մանաւանդ` մեսրոպապաշտ աշխարհահայեացքի անայլայլ ընդգրկում:

Հայ վարժարանը ի՛նք մայրենին է, Մաշտոցի շունչին ու ոգիին պաշտպանը:

19 փետրուար 2020

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/465709

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail