ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայոց «ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու» երթին յառաջապահ ջահակիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայոց «ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու» երթին յառաջապահ ջահակիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

Երուանդ Լալայեան (1864-1931).
Հայոց «ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու» երթին յառաջապահ ջահակիրը

Ն. Պէրպէրեան

Հայ բանասէրներու, ազգագրագէտներու, հնագէտներու եւ հայագէտներու ամբողջ սերունդ մը, 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ, իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ Հայաստան Աշխարհի եւ Հայկական Բարձրաւանդակի ազգային-ազգագրական արմատները հետազօտելու, յայտնաբերելու, գիտականօրէն ուսումնասիրելու եւ, իբրեւ քաղաքակրթական անկորնչելի հարստութիւն, հայոց սերունդներուն ժառանգ կտակելու սրբազան գործին մէջ։

Բազմավաստակ այդ սերունդի ջանքերուն շնորհիւ՝ մեր ժողովուրդը արդի դարաշրջան մուտք գործեց քաղաքակրթական իր հազարամեակներու երթին ամբողջական գիտակցութիւնը նուաճած ազգի ինքնավստահութեամբ։ Մեծանուն մեր ազգագրագէտներն ու հայագէտները կրցան մոռացումէ փրկել եւ դարաւոր գերութեան տակ կքած հայութեան ազգային յիշողութեան մէջ վերականգնել հայկականութիւնը մեր սարերուն եւ ձորերուն, մեր հողին ու ջուրին, մեր բանաւոր ու գրաւոր մշակոյթին, ճարտարապետական մեր բազմերանգ կոթողներուն, մեր սովորութիւններուն եւ հաւատալիքներուն, մէկ խօսքով՝ հայ ժողովուրդին ազգային կնիքով դրոշմուած ու իմաստ ստացած նիւթեղէն թէ հոգեմտաւոր ամբողջ ժառանգութեան։

Այդ սերունդին ամէնէն երախտաշատ նուիրեալներէն է Երուանդ Լալայեան, որուն վախճանման 89րդ տարելիցն է այսօր։

1931ի Փետրուար 24ին, Երեւանի մէջ, յաւերժական իր հանգիստը գտաւ մեծավաստակ ազգագրագէտ, բանահաւաք եւ հնագէտ Երուանդ Լալայեանը, որուն թողած գիտական պատկառելի ժառանգութիւնը ինքնին բաւարար է, որպէսզի հայ ժողովուրդէն մեծ չափով պարպուած, բռնագրաւուած եւ եկուորներով բնակուած մեր հողերը իրենց հայկական պատկանելութիւնը տեսանելի ու շօշափելի դարձնեն ճշմարտութիւնը փնտռող մարդոց աչքին։

Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ հայոց ազգագրական եւ քաղաքակրթական բազմադարեան ժառանգութեան յայտնաբերողը, ուսումնասիրողը եւ աւանդապահը, Երուանդ Լալայեան մեծութիւն է եւ իր արժանի տեղը ունի հայոց նորագոյն պատմութիւնը լուսաւորող փայլուն աստղերու շարքին։

Ծնած Ալեքսանդրապոլ, 13 Մարտ 1864ին, Լալայեան 1885ին աւարտած է Թիֆլիսի «Ներսիսեան» վարժարանը եւ քանի մը տարի ուսուցչական աշխատանք կատարած է Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Ալեքսանդրապոլի հայկական վարժարաններուն մէջ։

Երիտասարդական այդ տարիները բանահաւաքի եւ ազգագրական ճանաչողութեան բեղմնաւոր տարիներ եղած են Լալայեանի համար։ 1890ականներու սկզբնաւորութեան բարձրագոյն ուսման նպատակով մեկնած է Ժընեւ, 1894ին վկայուած է Ժընեւի համալսարանի հասարակագիտական կաճառէն եւ, վեց ամիս Վիեննայի Մխիթարեաններուն մօտ հետազօտական ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք, վերադարձած է Անդրկովկաս։ 1895ին ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է Շուշիի Թեմական դպրոցին մէջ, ուր այդ տարիներուն մէկտեղուած էին հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ ազգային ժառանգութեան մասնագէտ անուանի հեղինակութիւններ՝ ինչպէս Մանուկ Աբեղեան, Լէօ, Թորոս Թորամանեան, Հրաչեայ Աճառեան, Լ. Մելիքսէթ-Բէկ, Ս. Լիսիցեան, Խ. Սամուէլեան եւ ուրիշներ, որոնց աշխատակցութեամբ կը ձեռնարկէ «Ազգագրական Հանդէս» գիտական հրատարակութեան։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Իր տեսակին մէջ «Ազգագրական Հանդէս»ը եզակի եւ հեղինակաւոր բեմը դարձաւ հայագիտական, բանասիրական, պատմագիտական, հնագիտական եւ արուեստի ու մշակոյթի այլ բնագաւառներու ուսումնասիրման նուիրուած մեծարժէք աշխատութիւններու։ Առաջին համարը 1896ին լոյս տեսաւ Շուշիի մէջ, այնուհետեւ՝ անխափան հրատարակուեցաւ մինչեւ 1916, Թիֆլիս։ Ինչպէս որ Լալայեան կը նպատակադրէր հանդէսի առաջին համարի խմբագրականով՝ հանդէսը բառին լիարժէք իմաստով յաջողեցաւ «ուսումնասիրել ազգը» եւ դառնալ «ժողովրդական կեանքի մի ճշմարիտ հայելի»։

Երուանդ Լալայեան գտած էր իր ուղին եւ մեծ թափով յառաջ շարժեցաւ։ 1900ին հիմնեց Հայոց Ազգագրական Հրատարակչութիւնը, իսկ 1906ին՝ Հայոց Ազգագրական Ընկերութիւնը, որ շուտով պիտի ունենար իր թանգարանը՝ համատեղելու համար Հայաստան Աշխարհի ազգային պատկանելութիւնը հաստատող ու ամրագրող քարեղէն եւ իրեղէն ապացոյցները։

Աւելի քան բնական էր, որ 1919ին, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով՝ Երուանդ Լալայեան տեղափոխուէր Երեւան եւ հիմնադրէր պետական Պատմութեան Թանգարանը, որուն տնօրէնը մնաց մինչեւ մահ։

Կը բաւէ միայն թւումը կատարել Երուանդ Լալայեանի աշխատասիրութիւններուն՝ խորաչափելու համար այն պաշտամունքը, որ ան կը տածէր Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ եւ որուն հաղորդ դարձուց սերունդները։ «Ջաւախք»ն ու «Վասպուրական»ը, «Վարանդա»ն ու «Նախիջեւան»ը, «Գողթան գաւառ»ն ու «Գանձակ»ը, «Սիսիան»ն ու «Ղափան»ը թէեւ չեն սպառեր Լալայեանի աշխատասիրութեանց թւումը, բայց ընդհանուր պատկերացում մը կը փոխանցեն անոր լայնաբաց կարկինին մասին։

Հայոց բնաշխարհը ափի մէջ բանալով եւ ճանաչելի ու պաշտելի դարձնելով չբաւարարուեցաւ այս մեծ հայը։ Բանահաւաքի մասնագիտական նախանձախնդրութեամբ հայ շինականներու բերնէն հաւաքեց եւ ի մի բերաւ հայոց ժողովրդական հերոսապատումին՝ «Սասունցի Դաւիթ»ին տարբերակները ու լոյս ընծայեց գիտական մշակումով։ Երեք հատորով լոյս ընծայեց «Մարգարիտներ հայ բանահիւսութեան» աշխատութիւնը՝ մէկտեղելով մեր ժողովուրդին յիշողութեան մէջ պահպանուած հեքիաթներն ու տարաբնոյթ պատումները։ Սպառիչ ընդգրկումով ներկայացուց «Ծիսական կարգերը հայոց մէջ»։

Նաեւ՝ ուղղակի մասնակցութիւն ունեցաւ հնագիտական պեղումներու, Սեւանի աւազանի թէ Արարատեան դաշտի մէջ, որոնց շնորհիւ բանահիւսութեանց ճամբով իր հաւաքած հոգեմտաւոր ժառանգութեան վրայ գումարեց քաղաքակրթական ու նիւթական վկայութիւնները Հայաստան Աշխարհի եւ Հայկական Բարձրաւանդակի ազգայի՛ն պատկանելութեան, հայակե՛րտ պատկանելութեան։

Թ. Թորամանեանի եւ Մ. Սարեանի հետ նաեւ ազգային յուշակոթողներու պահպանման շարժում հիմնեց 1920ականներուն, երբ խորհրդային մոլեռանդութեան ու մոլուցքին տակ քարուքանդ աւերման վտանգը սպառնաց դարաւոր մեր յուշակոթողներուն՝ իբր թէ «արդիական» նորով փոխարինելու պատրուակով…
Շուրջ 40 տարիներու վրայ տարածուած իր մեծակշիռ վաստակով եւ անմահ գործով՝ Երուանդ Լալայեան իրաւամբ հանդիսացաւ հայոց ազգագրական ժառանգութեան անխոնջ պահապանը, որու մահուան 89րդ տարելիցին առիթով, անթառամ յիշատակը ոեկոչելով, լուսարձակի տակ կ՚առնենք 1896ին Շուշիի մէջ լոյս տեսած «Ազգագրական Հանդէս»ի առաջին հատորին յառաջաբանը, ուր Ե. Լալայեան հետեւեալը կը կտակէ հայոց սերունդներուն.-

«Ռոպէական ազգեցութեան տակ չենք վճռել մի այդպիսի հանդէսի հրատարակութեան ձեռնամուխ լինել, ոչ էլ պատահմամբ ենք ընտրել այն։

Մեզ ճանաչողները գիտեն, թէ որքա՜ն ժամանակից ի վեր փայփայել ենք այս միտքը եւ որքա՜ն արգելքների ենք յաղթել փոքր ի շատէ նախապատրաստուելու այս գործի համար։ Այսօր մենք հանդէս ենք գալիս ոչ թէ միայն մեր ուժերի վրայ վստահած, այլեւ ազգի ինքնաճանաչութեան զգացման։ Թերթերի մէջ սփռուած եւ աոանձին լոյս տեսնող ազգագրական յօդուածներն արդէն ապացուցանում են, որ հայոց ազգն էլ վերջապէս զարթել է խոր քնից եւ ցանկանում է կատարել գիտութեան ամէնիմաստ խօսքր.- «Ծանի՛ր զքեզ»։ Նա կամենում է ճանաչել իրեն եւ իւր ազգային յատկութիւնների վրայ հիմնել ազգային զարգացումը»։

Այնուհետեւ, նշելով որ հայութիւնը մասնագէտ ազգագրագէտներ չունի, Ե. Լալայեան կոչ կ՚ուղղէ հայ ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն, որ ձեռնամուխ ըլլան ազգագրական նիւթերու հաւաքման։

Ե. Լալայեան նոյնպէս կը նշէ, որ հայութեան այդ ժամանակուան խնդիրը միայն նիւթեր հաւաքելն է, որովհետեւ առանց անոնց գիտական աշխատութիւն գրելը անհնարին է։

Իր միտքը եզրափակելով՝ Ե. Լալայեան «Ազգագրական Հանդէս»ի անդրանիկ թիւին խմբագրականը կ՚աւարտէ հետեւեալ պատգամով.-

«Մենք կը կրենք քարերը եւ երանի նրան, ով կը գայ այդ քարերով ազգային ինքնուրոյնութեան շէնքը կառուցանելու եւ համամարդկային էվոլիւսիոնի (բնաշրջման) օրէնքները գծելու»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Երուանդ Լալայեան (1864-1931)

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail