Թուրքիա Կը Մերժէ Ուժերը Հեռացնել Իրաքեան Հողերէն. Տաւութօղլու. «Եթէ Պէտք Ըլլայ Պատրաստ Ենք Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու»

Ահմեթ Տաւութօղլու

09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2015

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց. «Թրքական կառավարութիւնը Ռուսիոյ դէմ շարք մը հաւանական միջոցառումներ քննարկեց եւ պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու»:

«Մենք պատրաստ ենք Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան, սակայն առանց նախապայմաններու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կրնանք ուժանիւթի այլընտրանքներ գտնել մեր կարիքները բաւարարելու համար, եթէ Ռուսիան դադրի զայն մեզի մատակարարելէ»:

Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ զգուշացուց Իրանը` յայտնելով. «Եթէ Իրանի մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամանքը շարունակուի, ապա ատիկա մեծ վնաս պիտի պատճառէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն»:

Տաւութօղլու փափաք յայտնեց մօտ օրէն Իրաք այցելելու` նշելով. «Իրաքի մէջ թրքական ուժերուն ներկայութեան նպատակը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ ներդրում ունենալն է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Թուրքիան պիտի դադրեցնէ Իրաքի մէջ յաւելեալ ուժերու տեղակայումը, սակայն ներկայիս Իրաքի մէջ գտնուող իր ուժերը պիտի չհեռացնէ:

Իրաքի կառավարութիւնը այս հարցով երէկ յայտարարեց. «Ազգային գերիշխանութիւնն ու երկրին աշխարհագրական սահմանները կարմիր գիծեր են, որոնց շրջանցումը արտօնելի չէ»` աւելցնելով. «Չկայ ստորագրուած համաձայնութիւն մը, որ դրացի Թուրքիոյ կ՛արտօնէ մեր երկրին սահմանը որեւէ պատրուակի տակ հատելու»:

Իրաքի կառավարութիւնը նշեց. «Թրքական զօրաբաժիններու (Իրաք) մուտքը մերժելի եւ դատապարտելի է, եւ Անգարայէն կը պահանջենք իր ուժերը հեռացնել»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին առանց Պաղտատի արտօնութեան թրքական ուժերու հիւսիսային Իրաքի մէջ ներկայութիւնը նկատեց «ապօրինի»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին կողմէ սուրիական բանակի դիրքերուն ռմբակոծումը «ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պատերազմին մէջ կացութեան վատթարացման ցուցանիշն է»: Սակայն ամերիկացի զինուորական պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ վստահ են, որ Սուրիոյ բանակին դէմ կատարուած յարձակումին պատասխանատուն Ռուսիան է:

Միւս կողմէ, Իրանի կառավարութեան բանբեր Մոհամետ Պաքեր Նոպախթ յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն պնդումը, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին սպառնացած եւ զգուշացուցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին, «բացարձակ սուտ մըն է», իսկ երկու նախագահներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ամբողջութեամբ ձայնագրուած է:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail