«Թուրքիան Լիպիոյ Զէնք Կը Մատակարարէ Միսրաթայի Նաւահանգիստի Ճամբով» Կ՛ըսէ Միսմարի

«Թուրքիան Լիպիոյ Զէնք Կը Մատակարարէ Միսրաթայի Նաւահանգիստի Ճամբով» Կ՛ըսէ Միսմարի

25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակի բանբեր Ահմատ Միսմարի Թուրքիոյ կողմէ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան զէնքի մատակարարման վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Տեմոքրաթհապեր» կայքը:

Մամլոյ խօսնակը յայտարարած է, որ Թուրքիան Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Միսրաթայի նաւահանգիստին միջոցով զէնք, զինամթերք եւ սպառազինութիւն մատակարարած է Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան:

«Միջազգային ընտանիքի աչքին առջեւ այսպիսի բացայայտ կերպով կատարուող օգնութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ յայտարարուած զինադադարի խախտում: Լիպիոյ ազգային բանակի ստորաբաժանումները կը հետեւին իրավիճակին եւ մինչեւ հիմա հակազդեցութեան քայլերու չեն ձեռնարկած», ըսած է Միսմարի:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

www.aztagdaily.com/archives/465961

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail