Լաւրով Խօսած Է Իտլիպի Հարցով Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւններէն Իր Սպասումներուն Մասին

Լաւրով Խօսած Է Իտլիպի Հարցով Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւններէն Իր Սպասումներուն Մասին

25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ հետ սպասուող խորհրդակցութիւններու ժամանակ կարելի պիտի ըլլայ համաձայնիլ այն հարցի շուրջ, թէ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչները այլեւս «տէր» չըլլան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Անգամ մը եւս կ՛ընդգծեմ` մենք պիտի հակազդենք այն փորձերուն, որոնք կը միտին արդարացնել ահաբեկիչները, որոնք ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի կողմէ սահմանուած են իբրեւ այդպիսին: Այդ իսկ պատճառով յոյսով եմ, որ, դիւանագէտներու եւ անվտանգութեան ծառայութիւններու մասնակցութեամբ, մեր եւ թուրք զինուորներու հաղորդակցութիւնները դրական աւարտ պիտի ունենան, եւ մենք ի վերջոյ պիտի կարողանանք այնպէս ընել, որ ահաբեկիչները տէր չըլլան Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան այդ հատուածին մէջ, եւ ընդհանրապէս անոնք այլեւս ոչ մէկ տեղ պէտք է տէր ըլլան», յայտարարած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Մինչ այդ` «Արապիա» հաղորդեց, որ թրքական ուժերը եւ Սուրիոյ թրքամէտ զինեալները ցամաքային յարձակում շղթայազերծած են Նէյրապ քաղաքի ուղղութեամբ: Սէուտական պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` սուրիական բանակին եւ յարձակող ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ արձանագրուած են:

Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ բանակը Նէյրապի շրջանին մէջ աւելի քան 250 ահաբեկիչներ սպաննած էր` ետ մղելով անոնց յարձակումները:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

www.aztagdaily.com/archives/465960

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail