Երեւանի Մէջ Սկսած Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը Կը Շարունակուի Ստեփանակերտի Մէջ
26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ:
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 24 Փետրուարին, Երեւանի մէջ սկսած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը 25 Փետրուարին իր աշխատանքները շարունակեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:
Արցախի մէջ խորհրդաժողովին բացման արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պաշտօնատար այլ անձեր, Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան նշեց, որ Հայ Դատի բանակի ներկայացուցիչները Արցախի մէջ համախմբուած են վերահաստատելու, որ անխոնջ աշխատանք պիտի տանին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնայ յաւերժական, հզօր, անվտանգ եւ շարունակաբար զարգացող: «Մեր սերունդի մեծագոյն իրագործումներէն է Արցախի ազատագրումը Ատրպէյճանի ջարդարար ճիրաններէն, եւ անհրաժեշտ է, որ աշխատինք արեամբ ու քրտինքով ձեռք բերուած Արցախի ազատագրումը չմսխուի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ», նշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայ Դատը այն համահայկական կառոյցն է, որ տասնամեակներ շարունակ յամառ պայքար կը մղէ մեր համազգային հարցերու լուծման ուղղութեամբ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Արցախին: «Անհնարին է պատկերացնել միջազգային հարթակներում Արցախի շահերի պաշտպանութիւնը, տարբեր երկրներում եւ ատեաններում մեր մասին ճշմարտացի տեղեկութիւնների տարածումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչմանն ուղղուած քայլերի իրականացումը, բազմաթիւ պետութիւնների ու նրանց սուբյեկտների (կառոյցներու-Խմբ.) հետ կապերի հաստատումն ու խորացումը, մեր հանրապետութիւնում զանազան ծրագրերի իրականացումն առանց Հայ Դատի գործուն մասնակցութեան, նրա մեծածաւալ եւ անձնուէր աշխատանքի», ընդգծեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ խորհրդանշական նկատեց խորհրդաժողովին գումարումը Արցախի մէջ: «Աշխարհով մէկ սփռուած Հայ Դատի յանձնախմբերի ու գրասենեակների նուիրեալները բոլորից լաւ գիտեն, որ Արցախով է անցնում հայի լինելիութեան մայր ճանապարհը, որը պէտք է զերծ պահել օտարածին թափանցումներից ու քաղաքական խարդաւանքներից: Այդ ճանապարհը բոլորիս պատուի ուղին է ու դա այն յստակ սահմանումն է, որ ապացուցելի ու վիճելի չէ», նշեց Դաւիթ Իշխանեան:
Յայտնենք, որ խորհրդաժողովին աշխատանքները 26 Փետրուարէն պիտի շարունակուին Երեւանի մէջ եւ պիտի տեւեն մինչեւ 28 Փետրուար:
Նշենք, որ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը երկրորդ անգամն է, որ տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ. առաջին խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2016ին:
asbarez.com/arm/364902/Երեւանի-Մէջ-Սկսած-Հայ-Դատի-Յանձնախում/