Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով

26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

24 փետրուարին Երեւանի մէջ սկսած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը 25 փետրուարին իր աշխատանքները շարունակեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:

Արցախի մէջ խորհրդաժողովի բացման արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պաշտօնատար այլ անձեր, Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան նշեց, որ Հայ դատի բանակի ներկայացուցիչները Արցախի մէջ համախմբուած են` վերահաստատելու, որ անխոնջ աշխատանք պիտի տանին, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնայ յաւերժական, հզօր, անվտանգ եւ շարունակաբար զարգացող: «Մեր սերունդի մեծագոյն իրագործումներէն է Արցախի ազատագրումը Ազրպէյճանի ջարդարար ճիրաններէն, եւ անհրաժեշտ է, որ աշխատինք, որպէսզի արեամբ ու քրտինքով ձեռք բերուած Արցախի ազատագրումը չմսխուի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ», նշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայ դատը այն համահայկական կառոյցն է, որ տասնամեակներ շարունակ յամառ պայքար կը մղէ մեր համազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Արցախին: «Անկարելի է պատկերացնել միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի շահերու պաշտպանութիւնը, տարբեր երկիրներու մէջ եւ ատեաններու վրայ մեր մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններու տարածումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած քայլերու իրականացումը, բազմաթիւ պետութիւններու ու անոնց կառոյցներու հետ կապերու հաստատումն ու խորացումը, մեր հանրապետութեան մէջ զանազան ծրագիրներու իրականացումը առանց Հայ դատի գործուն մասնակցութեան, անոր մեծածաւալ եւ անձնուէր աշխատանքին», ընդգծեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ խորհրդանշական նկատեց խորհրդաժողովի գումարումը Արցախի մէջ: «Աշխարհով մէկ սփռուած Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նուիրեալները բոլորէն լաւ գիտեն, որ Արցախով կ՛անցնի հայու լինելիութեան մայր ճամբան, որ պէտք է զերծ պահել օտարածին թափանցումներէ ու քաղաքական խարդաւանակներէ: Այդ ճամբան բոլորիս պատուոյ ուղին է ու ատիկա այն յստակ սահմանումն է, որ ապացուցելի ու վիճելի չէ», նշեց Դաւիթ Իշխանեան:

Յայտնենք, որ խորհրդաժողովի աշխատանքները 26 փետրուարէն պիտի շարունակուին Երեւանի մէջ եւ պիտի տեւեն մինչեւ 28 փետրուար:

Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը Արցախի մէջ կայացող երկրորդն է, իսկ առաջինը տեղի ունեցած է 2016-ին:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/466101

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail