Տեսակէտ. «Սպանութիւն, Ինքնասպանութիւն, Դժբախտ Պատահար» – Տեսակէտ. «Սպանութիւն, Ինքնասպանութիւն, Դժբախտ Պատահար»
26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Վերջին երկու ամիսներուն Հայաստանի լրատուական միջոցները, բոլոր մակարդակներու վրայ, բանակին մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ մահացած զինուորներուն թղթածրարը արծարծեցին:
Բանակին մէջ դեկտեմբերէն ի վեր 14 զինուորներու մահը ցնցած էր բոլորը:
Ընդդիմութիւնը իշխանութեան վարչակարգի բացթողումները կը շեշտէ, իսկ իշխանութիւնը` նախկին նախագահ Քոչարեանի, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ շանթաժ կը նկատէ:
Խորքին մէջ, սակայն, երբեք ընդունելի չէ զինուորներուն կեանքը այսքան պարզութեամբ քաղաքականացած օրակարգի վերածելը:
Պէտք է լրջօրէն ախտաճանաչում կատարել: Այսօրուան պատահած դէպքերը նոր երեւոյթներ չեն: Միշտ ալ պատահած է, հարցը այն է, որ ալիքի նման թիւը բարձրացաւ:
Անցնող տարիներուն միշտ ալ խօսուած է բանակին մէջ գոյութիւն ունեցող թերութիւններու մասին: Անձեռնմխելիութիւնն ու հաշուետուութեան պակասին հետեւանքն էր 2016-ի քառօրեայ պատերազմին մեր իրարանցումը, իսկ այսօր կենցաղային, դաստիարակչական, քատրային եւ ընդհանրապէս բարեփոխումներու բացակայութեան պատճառով կը ստեղծուի այս վիճակը:
Բանակին մէջ տիրող բարքերը պէտք է լուրջ քննարկումի եւ վերլուծումի ենթարկուին: Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայոց բանակը կենացի եւ հպարտանքի սահմանէն աւելի անդին պէտք է դիտուի: Դաստիարակութեան, կարգապահութեան եւ մանաւանդ քատրային փոփոխութիւններու պահը եկած է, որպէսզի ընդհանրապէս մեր երիտասարդները իրենց հայրենի ծառայութիւնը ճակատաբաց եւ հպարտութեամբ կատարեն:
Վերջապէս, բանակի ղեկավարութեան կը մնայ ընել իր արժեւորումն ու վերլուծումները, սակայն պէտք է գիտնանք, որ միայն զինուորականներու կողմէ չէ, որ պէտք է փոփոխութիւններ կատարուին: Պէտք է մտահոգուի ամբողջ ժողովուրդը եւ վերատեսութեան ենթարկէ իր յանձնառութիւնը բանակին հանդէպ: Կենցաղային պահանջը պէտք է վերանայուի: Ընդհանրապէս հայոց բանակի հանդէպ մեր սէրը, համակրանքը եւ ակնկալութիւնները շատ են: Սակայն, ասոր կողքին, պէտք է ազգովին օգտակար ըլլանք մեր երկրի անվտանգութիւնը ապահովող երիտասարդներու պատուաբեր ծառայութեան:
Բանակի օրակարգի քննարկումը հեռու պէտք է մնայ ամէն տեսակի քաղաքական շահագործումներէ: Ազգային անվտանգութեան օրակարգը անյետաձգելի եւ ինքնուրոյն օրակարգ է:
Ճիշդ ախտաճանաչումները եւ քաջ փոփոխութիւնները միայն կրնան հարցին սկզբնական լուծումներ տալ:
www.aztagdaily.com/archives/466044