Ցեղասպանութեան Կանխարգիլումը Միջազգային Իրաւունքով Սահմանուած Իւրօրինակ Պարտաւորութիւն է. Պան Քի Մուն

09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունը ուղերձ յղած է Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատւութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան առիթով:

ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակին փոխանցած տեղեկութիւններով` Պան Քի Մունի ուղերձինմէջ նշուած է.

«Այսօր մենք կը նշենք Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատւութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը: Անիկա կը համընկնի 1948 թուականի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագրի ընդունման տարեդարձին հետ:

Այժմ ճիշդ ժամանակն է վերահաստատելու միջազգային այս լուրջ յանցագործութիւնը կանխելու մեր յանձնառութիւնը, յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերու յիշատակին եւ վերասահմանելու իրաւական պաշտպանութեան միջոցներու եւ փոխհատուցման իրաւունքը` համաձայն միջազգային իրաւունքի չափանիշներու:

Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը կ՝ենթադրէ առաւել մեծ ուշադրութիւն դարձնել նախազգուշացնող նշաններուն եւ պատրաստ ըլլալ անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել զանոնք դիմակայելու համար: Այս է իմ` «Մարդու իրաւունքները` առաջնային ճակատին» նախաձեռնութեան նպատակը:

Ի վերջոյ, ցեղասպանութիւնը յանկարծակի տեղի չ՝ունենար, անիկա կը ծաւալուի ժամանակի ընթացքին: Ատիկա հակամարտութեան դիպուածային հետեւանք չէ, այլ շատ յաճախ համակարգուած, ծրագրաւորուած, յստակօրէն թիրախաւորուած երեւոյթ մը, որ կրնայ տեղի ունենալ նաեւ ոչ միայն հակամարտութեան պայմաններու մէջ:

Այսօր ամբողջ աշխարհի վրայ անհանդուրժողականութիւնն ու այլատեացութիւնը վերընթաց աճ կ՝ապրին: Այս վտանգաւոր «Մենք ընդդէմ անոնց» երեւոյթի ուժգնութիւնը յաճախ կը չարաշահուի` արդարացնելու ինքնութեան տարբեր ձեւերու, ներառեալ կրօնի, ազգային պատկանելութեան կամ այլ ձեւերու հիման վրայ իրականացուող համայնքներու բացառումը եւ մերժելու աջակցութիւնը, սահմանափակելու մարդու իրաւունքներն ու իրագործելու բռնութեան դաժան գործողութիւններ:

Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը միջազգային իրաւունքով սահմանուած իւրօրինակ պարտաւորութիւն է: Ասիկա յստակօրէն սահմանուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի ու այլ դատական մարմիններու կողմէն: Կառավարութիւնները պէտք է գործեն մեկնելով այս հրամայականէն` իրենց ներդրումը ունենալո կանխարգելման ու կանխարգելիչ գործողութիւններու ձեռնարկման ոլորտին մէջ: Միջազգային այս նոր յիշարժան օրուան առիթով եկէ՛ք գիտակցինք առաւել միահամուռ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը` պաշտպանելով անհատները մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներէն եւ սատար կանգնելով համայն մարդկութեան»:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail