Համշէնահաերն Ու Անոնց Ինքնութեան Հարցը – Համշէնահաերն Ու Անոնց Ինքնութեան Հարցը – Համշէնահաերն Ու Անոնց Ինքնութեան Հարցը
20 ԱՊՐԻԼ 2018 – ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐ:
Պատրաստեց՝ ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
962ի ամրան, ֆրանսացի անուանի լեզուաբան-պատմաբան Ժորժ Տիւմեզիլին Պոլսոյ մէջ կը ծանօթացնեն երիտասարդի մը՝ Իսմէթ Աքպիւյիւք անունով, որ որպէս մայրենի լեզու՝ կը խօսէր տարօրինակ բարբառ մը: Տարօրինակ բարբառը յիրաւի հայերէնի բարբառներէն էր, եւ կը կոչուէր «համշէցմա», որ քանի մը տասնեակ գիւղերու լեզուն էր Սեւ ծովու հարաւ-արեւելեան թրքական շրջաններուն մէջ եւ կը խօսուէր համշէնցիներու կողմէ (նաեւ համշին, համշինլի): Անոնք շառաւիղներն են Համշէնի բռնի իսլամացուած հայերու: Ամբողջ մէկ ամիս Տիւմեզիլ ամէն երեկոյ կը հանդիպի երիտասարդ Իսմէթին՝ իր խօսած բարբառը ուսումնասիրելու համար:
Տիւմեզիլի ուսումնասիրութեան արդիւնքները լոյս պիտի տեսնէին չորս լայնածաւալ յօդուածնրով, 1964էն 1986ի միջեւ ինկած ժամանակաշրջանին:
Ամենահետաքրքրականը այն էր, որ երիտասարդ Իսմէթը անտեղեակ էր, եւ մեծ զարմանքով կ՛իմանար, որ իր խօսած լեզուն հայերէն էր եւ ինք հայերու յետնորդ էր:
Այս պատմութիւնը լոյս տեսած է Routledge – Tyler and Francis Group-ի հրատարակած Central Asian Survey պարբերականի Մարտ-Յունիս 2006ի թիւին մէջ, Յովանն Սիմոնեանի ստորագրութեամբ: Ան կը շարունակէ գրել, թէ Համշէնի Արտալա գիւղը (այժմ Թուրքիա) ծնած եւ մեծցած Աքպիւյիւք տաս ամիս էր, որ փոխադրուած էր Պոլիս եւ կը յայտնէ Տիւմեզիլին, որ ինք, Պոլսոյ ծովեզերքը հանգստանալու ատեն լսած էր ոչ թրքական լեզու մը, զոր մեծ մասամբ կրցած էր հասկնալ, բայց խօսողները համշէնցի չէին՝ այլ «հայ» կոչուող մարդիկ: Իսմաթ Աքպիւյիւքի համար այս երեւոյթը կը մնար առեղծուածային: (Յովան Սիմոնեան նախ Ժընեւի, ապա Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) գիտաշխատող է եւ Hamshen-Hamshin DNA Project նախաձեռնութիւնը սկսողը)։
Շարունակ կը պատահին բազմաթիւ դրուագներ, ուր կը հանդիպին համշէնցիներ եւ պոլսահայեր, եւ անոնցմէ ոմանց համար առեղծուած կը մնայ, թէ ինչպէս կրնան իրարու հետ հաղորդակցիլ եւ զիրար հասկնալ: Առեղծուած է նաեւ, որ նախկին քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մը զաւակներ, որ դարերէ ի վեր բռնի իսլամացուած են, սակայն չեն միաձուլուած շրջապատող թուրք բնակչութեան. իրենք զիրենք թուրք կը կարծեն, սակայն հայերէն կը խօսին, ներկայիս մահմետականութեան կը դաւանին, բայց Յարութիւն, Վարդեվառ, Վերափոխում եւ հայկական եկեղեցւոյ օրացոյցի տօները կը տօնեն: Ոչ միայն այս. անոնք ներկայիս անտեղեակ են եւ կ՛ուրանան իրենց բազմահազար տարիներու հայկական ծագումը եւ կ՛ընդունին քանի մը հարիւր տարուան եւ վերջերս յօրինուած թրքական ծագման անհիմն հեքիաթը:
Համշէնահայերու ինքնութեան հարցը դիւրութեամբ որոշուելիք հարց մը չէ, որովհետեւ դժուար է ըսել, թէ համշէնահայերը իրենք ի՛նչ հիմունքներով կ՛ըմբռնեն իրենց ինքնութեան-ազգութեան հարցը: Ասոր կողքին, արդեօք բոլոր համշէնահայերը միակարծի՞ք են իրենց ծագման եւ ազգային պատկանելիութեան հարցին շուրջ:
Պատմական աղբիւրները, ինչպէս պիտի տեսնենք, կը վկայեն, թէ համշէնահայերը իրենց պատմութեան ընթացքին բազմիցս ենթարկուած են ստիպողական դաւանափոխութեան, միջին դարերէն սկսեալ՝ հասնելով Աթաթուրքի իշխանութեան տարիները, երբ անդուլ փորձեր կը կատարուին եւ ներկայ Թուրքիոյ տարածքին վրայ ապրող բոլոր ազգերն ու փոքրամասնութիւնները կը յայտարարուին թրքական ցեղեր: Քիւրտերը, օրինակի համար, կ՛անուանուին լեռնային թուրքեր, Զազա քիւրտերը՝ Շիիթ թուրքեր, համշէնահայերը՝ համշին թուրքեր եւ այլն: Աթաթուրքի կառավարութիւնը մեծ ջանքեր ի գործ դրած է, որպէսզի համշէնահայերու յիշողութենէն ի սպառ եւ միանգամընդմիշտ ջնջուի իրենց ազգային ինքնութեան, հաւատքի, ազգային մշակոյթի ու աւանդոյթներու գիտակցութիւնը: Թուրքիոյ 1924ի սահմանադրութեան Ա. գլուխին մէջ, ի միջի այլոց, կը հաստատուին հանրապետական կարգեր եւ կը դադրեցուի խալիֆայական իշխանութիւնը. մայրաքաղաք կը հռչակուի Էնկիւրին (Անգարա) Պոլսոյ փոխարէն. իսլամութիւնը կ՛ընդունուի իբրեւ պետական կրօնք եւ թրքերէնը իբրեւ պետական լեզու: Առայժմ արտասովոր բան չկայ:
Սահմանադրութեան 5րդ գլուխը սակայն, ի միջի այլոց, կը սահմանէ «Թուրք» եզրաբանութեան իմաստն ու ընդգրկումները: Կը ճշդուի, թէ օրէնքով ո՛վ թուրք պիտի համարուի: Այսպէս, Թուրքիոյ ոեւէ քաղաքացի, որ թրքական անցագիր կը կրէ, թուրք է: Ուրիշ ցեղ, տարբեր ազգային փոքրամասնութիւն, որեւէ տարբեր համայնք (քիւրտ կամ եզիտի, հայ, չերքէզ թէ լազ, յոյն, ասորի եւ ուրիշ փոքրամասնութիւն), պետական ճանաչում չի ստանար, այլ կը ճանչցուի իբրեւ թուրք:
5րդ գլուխ 1.- «Թուրքիոյ բնակիչները, առանց որեւէ ցեղային կամ կրօնական բացառութեան, բոլոր քաղաքացիները «Թուրք» պիտի հռչակուին»:
(5 – 1) Turkiye ahalisine din ve irk farki olmaksizin vatandaslik itibariyle «Turk» itlak olunur.
(5 – 1) In the ahali of Turkey, without distinction of race or religion, «Turk» shall be the term of citizenship (1)
5րդ գլուխ 2.- «Թուրքիոյ մէջ, առանց ցեղի կամ կրօնքի բացառութեան, ոեւէ մէկը որ կ՛ամբողջացնէ քաղաքացիութեան պայմանները՝ կը կոչուի թուրք»:
(5 – 2) Turkiye’de din ve irk ayird edilmeksizin vatandaslik bakimindan herkese «Tւrk» denir.
(5 – 2) In Turkey, without distinction of race or religion, everyone in citizenship terms shall be called a «Turk»։
Թրքական կառավարութիւնները եւ տեղական իշխանութիւնները գործնական շատ անգութ եւ անդուլ ջանքերով կ՛իրականացնեն սահմանադրութեան այս երկու յօդուածներուն պահանջները եւ կը սանձազերծեն լուրջ հալածանքներ՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու, ներառեալ համշէնահայերու, Տերսիմի շիիթ քիւրտերու դէմ, նպատակ ունենալով թրքացնել-իսլամացնել բոլոր ոչ-թուրք կամ ոչ-սիւննի իսլամ փոքրամասնութիւնները:
Երկու թուրք նախագահներ՝ Ապտուլլահ Կիւլ եւ Էրտօղան բազմիցս նորոգեցին իրենց ուխտը այս ուղղութեամբ:
ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Հայերու՝ 774-775 թուականներուն հակաարաբական ապստամբութենէն ետք, արաբները ազատասէր հայ ժողովուրդին համար կը ստեղծեն անտանելի պայմաններ: Կ՛ուժեղանան հալածանքները, ձերբակալութիւնները, տանջանքներն ու հարկահաւաքութիւնը: Բազմաթիւ ազատատենչ հայեր, գերի բռնուելով՝ նոյնիսկ կը ծախուին որպէս ստրուկներ: Հայաստանի ոստիկան Օպայտուլլահ Իպն Ալ Մահտիի եւ անոր տեղապահ Սուլէյմանի կառավարման տարիներուն կը ստեղծուի անտանելի կացութիւն:
Պատմիչ Ղեւոնդ (ծնած է 730ին, Գողթն գիւղը. կրթուած եւ վարդապետ ձեռնադրուած է Դուինի մէջ) իր «Պատմութիւն» գիրքին մէջ կը վկայէ, թէ 788 թուականին Մեծ Հայքի Կոտայք եւ Արագածոտն գաւառներէն շուրջ 1200 մարդ, չդիմանալով արաբական իշխանութեան ճնշումներուն՝ Աբաս Ամատունիի եւ անոր որդի Համամ Պայազատ Ամատունիի գլխաւորութեամբ կը հեռանան Հայաստանէն եւ բնակութիւն կը հաստատեն Բիւզանդական կայսրութեան մաս կազմող Պոնտոսի շրջանները:
Բիւզանդիոյ կայսր Կոստանդինը սիրով կ՛ընդունի հայերը, կը բնակեցնէ բարեբեր հողերու վրայ, Աբաս եւ Համամ Պայազատ Ամատունիներուն եւ միւս նախարարներուն կը նուիրէ Տամբուր քաղաքը:
Ղեւոնդ պատմիչէն բացի, հայոց կաթողիկոս Եսայի Եղիպատրուշեցին (775-788) նոյնպէս, որպէս ժամանակակից, արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ արաբ ոստիկան Օպայտուլլահի, անոր տեղապահ Սուլէյմանի (788-790) եւ բիւզանդական կայսր Կոնստանտին 6րդի (770-797), հայոց արտագաղթի եւ Համշէնի հայկական իշխանութեան ստեղծման մասին. ուրեմն, կարելի է 789 կամ 790 տարին համարել Համշէնի իշխանութեան ստեղծման թուական:
Կարճ ժամանակ մը ետք արաբներն ու իրնց հետ համագործակցող Վրացական բանակը՝ վրաց իշխան Վաշդեանի ղեկավարութեամբ, կը գրաւեն նորահաստատ հայերու Տամբուր քաղաքը եւ հիմնայատակ կը քանդեն: Համամ իշխան հակագրոհ կը կազմակերպէ, մեծ ջարդ կու տայ արաբական զօրքին եւ վրաց իշխան Վաշդեանը ձերբակալելով՝ իր եղբայրասպան դաւաճանութեան համար, անդամահատելով կը սպաննէ:
Համամ Ամատունին Տամբուրը կը վերականգնէ եւ իր անունով կը կոչէ Համամաշէն, որ դարերու ընթացքին հնչիւնափոխուլեով կը դառնայ Համշէն, երբեմն ալ Համշին):
Համամ Ամատունիի հիմնադրած եւ իր յաջորդներուն շարունակած իշխանութիւնը կը գոյատեւէ մօտաւորապէս եօթը դար՝ 8րդ դարէն 15րդ դար: Անիկա հիմնադրուեցաւ 788ին եւ կործանեցաւ 1489ին:
Համամաշէնն ու Համշէնահայերու բոլոր շրջանները Բիւզանդական կայսրութեան կազմին մէջ ունէին կիսանկախ իշխանութիւն, բայց 1453ին Օսմանեան կայսրութեան ստեղծումէն կարճ ժամանակ անց, հայերու եւ քրիստոնեայ միւս ազգութիւններու նկատմամբ կը սկսի կրօնական եւ ազգային անհանդուրժողականութեան քաղաքականութիւն, որ յաճախ ծայր կու տայ պատերազմական գործողութիւններու: Թէեւ Համշէնի իշխանութիւնը բաւական ուժեղ էր, իսկ ժողովուրդը՝ քաջ եւ ազատատենչ, բայց Օսմանեան հզօր կայսրութեան դարեր տեւած ճնշումներուն եւ հալածանքներուն չէր կրնար դիմակայել:
2007ին, «Համշէն Եւ Համշէնահայութիւն» խորագիրին տակ գումարուած գիտաժողովի նիւթերէն (Երեւան եւ Պէյրութ) կը տեղեկանանք, թէ համշէնահայերը հերոսական դիմադրութեան բազմաթիւ էջեր արձանագրած են Օսմանական կայսրութեան դէմ, սակայն յաճախ դիմադրութիւնը աւարտած է պարտութեամբ, բռնի մահմետականացումով եւ կոտորածներով, իսկ 18րդ դարու սկիզբները, յոգնած կոտորածներէն եւ հալածանքներէն, համշէնահայերը կը սփռուին աւելի Հիւսիս, Աբխազիոյ եւ Քրասնոտարի Սեւ ծովեան ափերը: Միայն իսլամացած համշէնահայրեը մասամբ կը փրկուին հետագայ ճնշումներէն ու կոտորածներէն եւ կը շարունակեն ապրիլ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքոյ:
Դիմադրութեան ամենահզօր միջոցներն էին լեզուն, կրօնը, մշակոյթը, սովորոյթները, ծէսերն ու խառն ամուսնութիւններէ խուսափիլը: Հետեւաբար, թրքական իշխանութիւնները հայերէն խօսելուն դէմ սահմանած էին մեծ տուգանքներ ու խիստ պատիժներ, նոյնիսկ պատահած են դէպքեր, երբ հայերէն խօսելու «յանցանքը» կրկնուելու պատճառաւ, օսմանական զինուորները կտրած են հայախօս համշէնահայերու լեզուն: Վկայութիւններ կան՝ ըստ որոնց իսլամութիւն ընդունելէ նոյնիսկ մէկ դար ետք, որոշ համշէնահայեր ընդվզած ու վերադարձած են իրենց հաւատքին:
Մինաս Բժշկեան իր «Պատմութիւն Պոնտոսի» աշխատութեան մէջ (հրատարակուած 1819ին Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ՝ Ս. Ղազար կղզի) կը գրէ, թէ ինք 19րդ դարու սկիզբը շրջագայած է այդ վայրերուն մէջ եւ վկայած է հետեւեալը. «Համշէնցիք կէս-կէս են (կէս քրիստոնեայ, կէս իսլամ), շատերը դարձած են, բայց քրիստոնէութեան սովորութիւնը կը պահեն, ժամոց (եկեղեցական տուրք) եւ ողորմութիւնը պակաս չեն ըներ. գրեթէ ամէնքը Վարդավառին եւ Վերափոխման կ՛երթան եկեղեցի, մոմ կը վառեն, մատաղ կ՛ընեն իրենց պապերուն հոգուն համար… Կան ծերեր, որ գիտեն քրիստոնէութիւն, կը պատուեն խաչը եւ ծածուկ ողորմութիւն կու տան ժամերուն»:
Ամերիկացի բողոքական միսիոնարներ Սմիթն ու Թիմոթի Տուէյթ (Dwight Presbyterian Mission – Oklahoma) ճամբորդութիւն կատարած են օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրող համշէնահայերու շրջանները եւ իրենց գրառումները լոյս ընծայած են նախ Լոնտոնի մէջ, 1831ին, ապա Պոսթընի՝ 1833ին։ Անոնք գրած են. «Հայերու մէջ նոյնպէս… զգալի մասը կը դաւանի մահմետականութիւն: Շրջանը, ուր անոնք կը բնակին… կը կոչուի Համշէն: Մեր զրուցակիցը՝ տրապիզոնցի կաթողիկէ հայ մը, ըսաւ, որ բնակչութիւնը շուրջ 3-4 հազար հայ ընտանիներ են, որոնք կը բնակին 70 կամ 80 գիւղերու մէջ: Մեծամասնութիւնը մահմետականութիւն ընդունած է շուրջ 200 տարի առաջ, բայց անոնք մինչեւ այսօր կը խօսին հայերէն, եւ շատերուն կիները հայերէնէ բացի ուրիշ լեզու չեն գիտեր»:
Մինչեւ 1890ական թուականները համշէնահայերը կը տարածուին գլխաւորաբար Թուրքիոյ արեւմտեան ծովահայեաց Սամսուն քաղաքէն սկսեալ դէպի հիւսիս՝ մինչեւ Բաթում գտնուած ծովափնեայ ընդարձակ տարածքներուն վրայ:
Հակառակ մշտական ճնշումներուն, բռնութիւններուն ու հալածանքներուն, համշէնահայերու կիսանկախ վիճակը դեռ երկար պիտի պահպանուէր: Մխիթարեան միաբանութեան հայրերէն Յ. Տաշեան, 19րդ դարու հեղինակ, Համշէնի մէջ ուղեւորութիւն կատարած գերմանացի գիտնական Քարլ Քոխի վկայութիւններէն մէջբերումներ կը կատարէ. «Այդպիսի դժուարամուտ լերանց մէջ դիւրին էր իշխանաց կէսանկախ դրութիւն մը պահել: Նաեւ օսմանեան տիրապետութեան տակ երկար տեւած է այս վիճակը, եւ Քոխ գեղեցիկ կը նկարագրէ տակաւին իւր ուղեւորութեան ատեն շարունակուող այս դրութիւնը (1840ականներ)»:
Ըստ Մինաս Բժիշկեանի վկայութեան՝ այս կիսանկախ վիճակը հետեւանք էր անոր, որ «բոլոր համշէնահայերը զինուոր գրուած են որդւոց որդի. եւ ունին զօրապետ հայ իշխան, որ զիրենք կը կառավարէ. մարդէ ահ չունին. միայն տերեպեկիին հետ պատերազմ կ՛երթան եւ զօրաւոր մարդիկ են»:
Տրապիզոն նահանգին մէջ մինչեւ 1915 գտնուած է 100 հազարէ աւելի քրիստոնեայ հայ: Բռնի իսլամացուածներուն թիւը աւելի մեծ էր: Վերջիններս թէեւ արդէն հեռացած էին քրիստոնէութենէն եւ եկեղեցիէն, բայց դեռ կը գիտակցէին իրենց ազգային պատկանելիութեան, հայախօս էին եւ իրենք զիրենք կ՛անուանէին հեմշիլ՝ մատնանշելով իրնց ոչ-թրքական ծագումը: Հայկական էին նաեւ իրնց բնակավայրերուն մեծ մասին անուններն ու այլ տեղանունները:
Յատկանշական է, որ այս փոքրամասնութեան զաւակները, հակառակ բռնի իսլամացուած ըլլալնուն, միշտ խուսափած են եւ դեռ կը խուսափին խառն ամուսնութիւններէ: Անոնք նոյնիսկ իրնց ննջեցեալները չեն թաղեր թրքական կամ այլ ցեղերու գերեզմաննոցներու մէջ: Սիւննի իսլամութենէն քրիստոնէութիւն դարձ կատարած եւ նախնիներու մականունը վերականգնած արձակագիր Տիգրան Կոստանեան կը վկայէ. «Մեր ծննդավայր Ռիզէ քաղաքին բնակիչներէն շատեր գիտէին, թէ հայեր են: Մենք գերեզմանատուն չենք ունեցած թուրքերուն հետ, այլ մեր հանգուցեալները կը թաղենք մեր պարտէզներուն մէջ («Դիտակ», 2002, Մարտ-Ապրիլ)»:
Ուշագրաւ է, որ բոլոր բռնի իսլամացած համշէնահայերը (թէ՛ հայախօս եւ թէ թրքախօս հեմշիլները) ամէն տարի՝ 15էն 22 Յուլիս, Ռիզէի նահանգի Չամլիհեմշին բնակավայրին մէջ կը տօնեն Վարդավառի տօնը (Վարթիվոր): Թէեւ հասկնալի պատճառներով կրօնական ծիսակատարութիւնը անհետացած է, բայց տօնը վերածուած է ազգային երաժշտութեան, պարի ու աւանդոյթներու թատերականացուած իւրայատուկ փառատօնի: Երգերուն մէկ մասը թրքաբառ է, սակայն Խոփայի (Հոփայի) հայերը պահպանած են նաեւ հայաբառ երգերը (հայաբառ երգերու հարուստ ժողովածուներ կարելի է ունկնդրել, այցելելով youtube կայքը եւ փնտռել «Վովա» (Vova) նուագախումբի ելոյթները:)
ՏԱՐԱԾՄԱՆ ՎԱՅՐԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒԱՔԱՆԱԿԸ
1860-1870ներուն կը սկսի քրիստոնեայ համշէնահայերու արտագաղթը դէպի Ռուսական կայսրութեան ծովեզրեայ շրջանները՝ առաւելաբար Քրասնոտարի մարզ եւ Աբխազիա:
1890ականներու կոտորածներու եւ յատկապէս 1915ի Ցեղասպանութենէն վերապրած քրիստոնեայ համշէնահայերու բեկորները ապաստան կը գտնեն Ռուսիոյ մէջ՝ Աբխազիա եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ եւ փոքր թիւով ալ Հայաստան: Ցեղասպանութեան զոհ գացած են նաեւ մահմետականացուած համշէնահայեր, քանի որ անոնց մէկ մասը հայախօս էր:
Այսպիսով, այժմ գոյութիւն ունին համշէնահայերու երկու մեծ խումբեր.
– Թուրքիոյ Սեւ Ծովու պոնտական ափին ապրող իսլամացած համշէնահայեր, որոնք մշակոյթի տեսակէտէն կը կրեն թրքերէնի ազդեցութիւնը.
– Սեւ ծովու աբխազական եւ ռուսական ափին բնակող քրիստոնեայ համշէնահայեր, որոնք կը կրեն ռուսերէնի ազդեցութիւնը:
Տարբեր հետազօտողներ կը կարծեն, թէ համշէնահայերու թիւը կը հասնի մինչեւ 1.5 միլիոնի: Հաւաստի կը թուին համշիլ պատմաբան Ալիէ Ալթիի տուեալները, որոնց համաձայն Թուրքիոյ մէջ կը բնակին աւելի քան մէկ միլիոն իսլամացած համշէնահայեր: (Ալիէ Ալթը ծնած է Համշէնի Ռիզէ քաղաքը, աւարտած է Ֆրանքֆուրթի համալսարանը: Վերադարձած է քրիստոնէութեան, մկրտուած եւ վերականգնած է իր պապենական մականունը՝ Տիգրան Ալիս Կոստանեան: Գերմաներէնով արժէքաւոր աշխատութիւն մը հրատարակած է իսլամացած համշէնահայերու մասին, որ թարգմանուած է նաեւ յունարէնի):
Աբխազիոյ եւ Քրասնոտարի մէջ բնակութիւն հաստատած համշէնահայերու թիւը մինչեւ 1992-93 թուականները կը կազմէր մօտաւորապէս 100 հազար, իսկ վրաց-աբխազական պատերազմէն ետք, արտագաղթի պատճառով անոնց թիւը նուազած է՝ իջնելով մինչեւ մօտաւորապէս 70 հազարի:
Ռուսիոյ համշէնահայերուն թիւը կը տատանի 300 եւ 400 հազարի միջեւ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ 4 հազարէն 5 հազար: Համշէնահայերու համայնքներ կան նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի քանի մը երկիրներու մէջ, յատկապէս Գերմանիա: Այսպիսով, համշէնահայերու թիւը կը հաշուէ մէկէն մինչեւ մէկ ու կէս միլիոն:
Ըստ վերոյնշեալ «Համշէն Եւ Համշէնահայութիւն» խորագիրով գիտաժողովի հրատարակած նիւթերուն, հայագիտութեան մէջ նկատուած է մեծ հետաքրքրութիւն համշէնահայութեան հարցերուն վերաբերեալ 19րդ դարուն եւ 20րդ դարասկիզբին։ Հրատարակուած են բազմաթիւ աշխատութիւններ հայ եւ օտարազգի հեղինակներու կողմէ, ինչպէս Ս. Հայկունի, Ն. Խշտեան, Բ. Կիւլէսերեան, Պ. Թումայեանց, Վ. Դաշեան, Մ. Բժշկեան Ղ. Ինճիճեան, Ն. Մառ, Ն. Տերժավին, Փ. Քորոլենքօ, Ս. Մինցլով, Ք. Քոխ, Հր. Աճառեան, Լ. Մելիքսեթ-Բէկ, Ժ. Տումեզիլ եւ ուրիշներ:
1970ականներէն սկսած, ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ աճող հետաքրքրութիւնը ընդգրկեց նաեւ համշէնահայերը: Հայ, ռուս, գերմանացի, հոլանտացի, ամերիկացի, թուրք, վրացի եւ այլ մասնագէտներ (Լ. Խաչիկեան, Բ. Թորլաքեան, Վ. Բդոյեան, Ս. Վարդանեան, Ա. Տէր Սարգիսեանց, Ժ. Խաչատուրեան, Հ. Սիմոնեան, Ժ. Ռասսել, Ժ. Վայթենբերկ, Ու. Պլեսինկ, Ռ. Էտուըրծ, Պ. Վուքս, Ի. Քուզնեցով, Մ. Սաքաօղլու, Ծ. Պածաշի, Ի. Շիլակածէ եւ ուրիշներ) ուսումնասիրութիւններու հարուստ շարք մը լոյս ընծայեցին, նուիրուած՝ Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութեան, ազգագրութեան, բարբառին, դաւանանքին, մշակոյթին, տարազին եւ այլ հարցերու:
Հետաքրքրական փաստ է, որ իսլամացած համշէնահայերը իրենք զիրենք կ՛անուանեն «հեմշիլ» (համշէնցի). թուրքերը նոյնպէս զիրենք կը կոչեն հեմշիլ: Ուրեմն, համշէնահայերը առանց գիտակցելու, կը մերժեն ճանչցուիլ որպէս թուրք: Լեզուն եւ մշակոյթը մասամբ կորսնցուցած իսլամ համշէնահայերը անուղղակիօրեն կը պարտադրեն թուրքերուն, որ զիրենք կոչեն իրենց պատմական հայրենիքի անունով:
–Թիմոթի Տուէյթը եւ իր ուղեւորութիւններու հատորները
asbarez.com/arm/312773/Համշէնահաերն-Ու-Անոնց-Ինքնութեան-Հար/