Կարօ Փայլան Պահանջած է «Կեաւուր» Բառին Համար Էրտողանին Նախազգուշացում Տալ
27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի՝ Քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան միջնորդութիւն ներկայացուցած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան՝ Էրտողանին «կեաւուր» բառին համար նախազգուշացում տալու պահանջով։ Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը՝ վկայակոչելով Evrensel.net կայքը:
Երէկ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ժամանակ, Էրտողանը յայտարարած էր,- «Դուք կրնաք այս ազգը ցաւցնել՝ գողնալով կեաւուրի (անհաւատի) թուրը, բայց երբեք չէք կրնար կոտրել պայքարի վճռականութիւնը»:
Փայլան կը նշէ, որ Էրտողանը թիրախաւորելով ոչ իսլամները, կը ցուցադրէ թշնամական եւ խտրական վերաբերմունք, իսկ «կեաւուր» բառը նուաստացնող, թշնամութիւն եւ խտրականութիւն ընդգրկող բառ է:
«Անընդունելի է, որ երկրի նախագահն ու կուսակցութեան ղեկավարը, թիրախաւորէ նաեւ քրիստոնէական համայնքը, որուն անդամը կը համարուիմ նաեւ ես»,- նշած է Փայլան՝ պահանջելով նախազգուշացում տալ երկրի առաջնորդին:
yerakouyn.com/2020/02/27/կարօ-փայլան-պահանջած-է-կեաւուր-բառի/