Զարեհ Սինանեան Անդրադարձած է Հայրենադարձութեան Գործընթացներու Բարդ Ըլլալու Պատճառներուն

Զարեհ Սինանեան Անդրադարձած է Հայրենադարձութեան Գործընթացներու Բարդ Ըլլալու Պատճառներուն

27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Սփիւռքի հարցերով յանձնակատար Զարեհ Սինանեան անդրադարձած է հայրենադարձութեան բարդ գործընթացին։ «Ինչո՞ւ այդքան բարդ է, որովհետեւ երկակի խնդիր կայ՝ մէկը կապուած օրէնքի հետ։ Այն օրէնքները, որոնք կը կարգաւորեն այս խնդիրը, արհեստականօրէն այնքան բարդացուած են, որ քաշքշուկի առիթ կու տան։ Իմ կարծիքով՝ ատիկա անցեալին որոշ չափով միտումնաւոր եղած է, որպէսզի կաշառակերութեան հնարաւորութիւններ ստեղծուին։ Այսինքն՝ քաղաքացիութիւն ընդունողին որոշ ժամանակ քաշքշելէ ետք անոնք աւելի հակուած պիտի ըլլային իրենց ջիղերը խնայելու համար կաշառքի միջոցով հարցը արագ լուծել»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած է Սինանեանը կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին։

Երկրորդ պատճառը, ըստ անոր, կապուած է աշխատանքի հետ։ Մարդիկ վատ կը վերաբերին քաղաքացիներուն, այս պարագային՝ քաղաքացիութիւն ստանալու ցանկութիւն ունեցող մարդոց։ Ասիկա, ըստ Սինանեանի, գաղտնիք չէ։ «Մեր պետական ծառայողները բիւրոկրատներ են, ատիկա գաղտնի՞ք է ձեզի համար»,- նշած է ան։ Հարցին, թէ ինչու երկու տարուան ընթացքին այդ խնդիրները չեն լուծուած, օրէնքներ չեն փոխուած, որ գործընթացը դիւրանար, ան պատասխանած է. «Ըստ ինծի, որովհետեւ պետութեան ուշադրութիւնը եւ միջոցը սեւեռուած եղած է աւելի հրատապ համարուող խնդիրներու վրայ»,- ըսած է ան։ Սինանեան նաեւ ըսած է, որ վարչապետի յանձնարարականէն ետք գործընթացի արատաւոր բնոյթը կ՝ախտորոշեն եւ ատոր հիման վրայ լուծումներ պիտի առաջարկեն, նոր համապարփակ ծրագիր պիտի ներկայացնեն, որպէսզի նման անհեթեթութիւններ չըլլան։

Յիշեցնենք, որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Փետրուար 25-ին, հրապարակած էր հայրենադարձ կնոջ մը նամակը, որ բարձրացուցած էր շարք մը խնդիրներ: Նիկոլ Փաշինեան պատասխանատուները յանձնարարած էր ծառայողական քննութիւն իրականացնել՝ մեղաւորները հեռացնելու աշխատանքէ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

yerakouyn.com/2020/02/27/զարեհ-սինանեան-անդրադարձած-է-հայրենա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail