Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Այլընտրանք Չկայ. Սթանիսլաւ Զասը՝ Արցախի Խնդիրին Մասին

Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Այլընտրանք Չկայ. Սթանիսլաւ Զասը՝ Արցախի Խնդիրին Մասին

27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Փետրուար 27-ին, ընդունած է Հայաստանի մէջ աշխատանքային այցով գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը։ Այս մասին կը յայտնեն ԱԽ գրասենեակէն:

Հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են կատարուած աշխատանքները, մտքեր փոխանակուած անոնց արդիւնքներուն շուրջ։

Քննարկուած են ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, թմրանիւթերու եւ հոգեմետ նիւթերու անօրինական շրջանառութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր։

Քարտուղար Գրիգորեան ներկայացուցած է իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանին վրայ եւ ընդգծած Արցախեան հարցի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու հրամայականը՝ կարեւոր համարելով ՀԱՊԿ դիրքորոշումը ու Հայաստանի հասարակութեան սպասելիքներն այդ կառոյցէն։

Քարտուղար Զաս մէկ անգամ եւս հաստատած է ՀԱՊԿ դիրքորոշումը առ այն, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չկայ։

Քարտուղար Զաս ներկայացուցած է ՀԱՊԿ ծիրէն ներս ծրագրաուորուող եւ արդէն իրականացուող շարք մը ծրագրեր, ինչպէս՝ հակաահաբեկչական եւ զօրավարժութիւններու նախապատրաստման։

ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան առաջարկած է նաեւ դիտարկել ՀԱՊԿ պաշտօնական կայքի բարելաւման հնարաւորութիւնները՝ կայքի կառուցուածքին եւ հրապարակումներուն մէջ ներառելով բոլոր անդամ պետութիւններու պաշտօնական լեզուները։

Հանդիպման աւարտէն ետք՝ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի անունով տրուած է պաշտօնական ճաշ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

yerakouyn.com/2020/02/27/հակամարտութեան-խաղաղ-կարգաւորման-այ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail