Սպառնական Խօսքերը Կրկնելովշ Էրտողան Կը Մերժէ Ասատի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու Քըլըճտարօղլուի Կոչը

Սպառնական Խօսքերը Կրկնելովշ Էրտողան Կը Մերժէ Ասատի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու Քըլըճտարօղլուի Կոչը

27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Էրտողան Սպառնացած Է Ճանչնալ Ամերիկացիներու Կողմէ Կարմիր Հնդիկներու «Ցեղասպանութիւն»-ը. ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մերժեց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի կոչը` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ բանակցութիւններու սկսելու: «Մեր ընդդիմութեան ղեկավարը առաջարկեց, որ հանդիպում ունենամ Ասատի հետ: Նախապէս խօսած եմ Ասատի հետ, սակայն նկատեցի որ խիղճ չունի: Անոր հարցուցի, թէ ինչո՞ւ քիւրտերուն անցագիրներ չէ տուած, եւ հիմա յարձակում կը գործէ մեր զինուորներուն վրայ», ըսաւ Էրտողան:

«Կը ծրագրենք մինչեւ այս ամսուան վերջը թրքական հսկողութեան կէտերը ազատագրել Սուրիոյ բանակին կողմէ անոր պարտադրուած պաշարումէն: Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան կէտերը պաշարողներուն տուած մեր պայմանաժամը աւարտելու վրայ է», աւելցուց ան:

«Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ խնդիր կը դիմագրաւենք, շուտով զայն պիտի շրջանցենք: Իտլիպի մէջ մեր կեցուածքէն մէկ քայլ իսկ պիտի չնահանջենք», հաստատեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Սուրիական ուժերը պիտի հեռացնենք հսկողութեան կէտերու ետին»:

Ըստ անոր, Ամերիկան ցարդ Իտլիպի մէջ օժանդակութիւններ չէ տրամադրած, այս գծով նախագահ Թրամփին հետ անգամ մը եւս պիտի խօսի:

Նշենք, որ ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նախատեսէ, որ Թուրքիոյ հետ Իտլիպի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ դրական արդիւնքներ արձանագրուին:

Մինչ այդ` Եւրոպական Միութիւնը շեշտեց, որ Ռուսիան ու Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսը լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն եւ Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` «դադրեցնելու Իտլիպի ռմբակոծումը»:

Միւս կողմէ` Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը նշեց, թէ Սուրիոյ բանակը անցնող նուազ քան 60 ժամուան ընթացքին Իտլիպի մէջ 30 գիւղեր ազատագրած է:

www.aztagdaily.com/archives/466294

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail