Մոսկուա Կը Հաստատէ Թուրքիոյ Օժանդակութեամբ Օտար Զինեալներու Լիպիա Փոխադրութիւնը
27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Ռուսիա կը հաստատէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի փորձագէտներուն զեկուցումները, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ օժանդակութեամբ Լիպիա զինեալներու փոխադրման:
«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի փորձագէտներու խումբը կանոնաւոր կերպով կը տեղեկացնեն զինեալներու Լիպիա փոխադրելու մասին: Մենք ալ կը հաստատենք այդ մէկը, որ կը կատարուի, անշուշտ, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ»:
www.aztagdaily.com/archives/466299