Իտլիպի Հարցով Նոր Բանակցութիւններու Պատրաստութիւններ – Իտլիպի Հարցով Նոր Բանակցութիւններու Պատրաստութիւններ

ՄՈՍԿՈՒԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱՆԳԱՐԱՆ

Իտլիպի Հարցով Նոր Բանակցութիւններու Պատրաստութիւններ – Իտլիպի Հարցով Նոր Բանակցութիւններու Պատրաստութիւններ

27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՄՈՍԿՈՒԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱՆԳԱՐԱՆ

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

ԱՆԳԱՐԱ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Անատոլու», «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ 5 Մարտին պիտի մասնակցի Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն հետ ժողովի մը՝ քննարկելու համար Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ տիրող կացութիւնը:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, Էրտողան այս նպատակով հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած էր Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Փութին կը զօրակցի քառակողմանի այս վեհաժողովին գումարման, նոյն ժամանակ աւելցնելով, որ ցարդ Անգարա չէ յարգած Իտլիպի հարցին շուրջ Սոչիի համաձայնութեամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները եւ կոչ ուղղեց՝ «խուսափելու Իտլիպի կացութեան լարուածութեան լոյսին տակ ռուս¬թրքական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ ժխտական բեմագրութիւններ կառուցելէ»:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ֆախրետտին Ալթուն նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին տրամադրուած ռուսական աջակցութիւնը «պատճառ դարձաւ տարածաշրջանին մէջ արդէն իսկ աղէտալի կացութեան վատթարացման», յոյս յայտնելով, որ բոլոր կողմերը կը յարգեն իրենց խոստումները եւ կը փորձեն կայունութիւնը երաշխաւորել։

Մինչ այդ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, թէ ռուսական օդանաւեր շարք մը յարձակումներ գործեցին՝ թիրախ դարձնելով Իտլիպ քաղաքի հարաւը գտնուող Մասթումա ռազմակայանին մէջ տեղակայուած թրքական ուժերուն կեդրոնին մերձակայքը, մինչ Սուրիոյ բանակէն ծանր զէնքերով զինուած մեծաթիւ ուժեր հասան Ճապալ Զաուիայի ճակատը:

Միւս կողմէ, թրքական բանակի 65 զինուորական ինքնաշարժներէ բաղկացած նոր շարասիւն մը Ալեքսանտրեթի Քաֆարլուս շրջանի սահմանային անցքէն մուտք գործեց Սուրիա եւ ուղղուեցաւ դէպի Ճապալ Զաուիա:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

asbarez.com/arm/364780/Իտլիպի-Հարցով-Նոր-Բանակցութիւններու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail