09 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
«Տիարպեքիրի պատմական կառոյցները կը մեռնին». այսպիսի վերնագիրով թրքական կայքը ներկայացուցած է Տիարպեքիրի մէջ առաջին օսմանեան մզկիթի` Քուրշունի, հայկական եկեղեցիներու եւ այլ արժէքաւոր կառոյցներու համար ստեղծուած ծայրայեղ վտանգաւոր դրութիւնը: «Radikal» թերթի սիւնակագիր Օմեր Էրպիլը անդրադարձած է Տիարպեքիրի պատմամշակութային կոթողներու անխնայ ոչնչացումի, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը:
«Քաղաքին շուրջը տարածուող Տիարպեքիրի ամրոցի, Անզելէ գետակի, Տիգրիսի հովիտի մասը կազմող Հեւսելի այգիներուն տարածքը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ: Այս տարածքին յարակից ընդարձակ շրջան մըն ալ` Տիարպեքիրի Սուր շրջանը, ինչպէս նաեւ որոշ քաղաքացիական ճարտարապետական կառոյցներ, մզկիթներ, եկեղեցիներ նոյնպէս ընդգրկուած են մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ:
«Սակայն վերջին ամիսներուն այս շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումները պատմական այս կոթողներուն անդառնալի վնասներ հասցուցին: Ցաւալի է տեսնել, որ ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով կը վնասուին հազարաւոր տարիներու ընթացքին բազմաթիւ շրջափակումներու, ապստամբութիւններու, պատերազմներու թոհուբոհով անցած եւ հակառակ այդ ամէնուն` կանգուն մնացած այս պատմական քաղաքին մշակութային կոթողները», – կը գրէ Օմեր Էրպիլը:
«Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցւոյ` Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մօտ ռումբի պայթիւնի պատճառով կառոյցը մեծապէս վնասուած էր: Նոյն կերպ վնասուած է նաեւ հայկական կաթոլիկ եկեղեցին»,- կը գրէ «Radikal»-ի թղթակիցը` անդրադառնալով նաեւ օրեր առաջ Քուրշունլու մզկիթի հրդեհման եւ անոր պահպաման կոչով հանդէս եկած Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի նախագահ Թահիր Էլչիի սպանութեան դէպքերուն:
Էրպիլին կը նշէ նաեւ այն հանգամանքը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տուեալներուն համաձայն` ահաբեկչութիւններու պատճառով վերջին շրջանին միայն Սուրիոյ մէջ աւերուած է 300 պատմամշակութային կոթող եւ 450 քաղաքացիական ճարտարապետական կառոյց:
«Քուրշունլու մզկիթին վնաս հասցնող մտածելակերպը ոչնչով կը տարբերի Փալմիրի տաճարը պայթեցնող «Իսլամական պետութեան» (ԻՊ- ISIS) վարուելակերպէն: Մշակութային ժառանգութեան պահպանումն ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցելը իւրաքանչիւրի պարտականութիւնն է»,- կ՛եզրափակէ լրագրողը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com