Տարի մը եւս գլորեցաւ առանց քեզ
37-րդ անգամ չկաս տարեդարձիդ սիրելի եղբայրս Սիմոն
Չկան նաեւ քեզ լոյս աշխարհ բերող Հայրդ ու Մայրդ որոնք
Հոգեպէս մահացան քո նահատակութեան հետ իսկ տարիներ անց մեկնեցան ֆիզիկապէս․
Չկայ երազներուդ իրականացումը
Չկայ նպատակիդ իրականացման ոգին
Չկայ այն տունը որտեղ անցաւ քու մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը, չկայ որովհետեւ խլուեցաւ բռնի կերպով հիմնուած կեղծիքի վրայ սակայն յուլիսի 27- ի երբ նշուեցաւ նահատակութեանդ 36-ամեակը նոյնինքն կեղծիքի հեղինակները առաջին շարքերուն նստած կը մասնակցէին ձեռնարկին առանց իսկ պատասխանելու այն ամենապարզ հարցին թէ Ինչու՞ կեղծիքով հասան իրենց նպատակին երբ կար արդար ուղին այդ ընելու, տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած․․․
Եւ այսպէս չկան բազմաթիւ Ըլլալիք երեւոյթներ ինչպէս Հայաստանի հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարներու մօտ քու եւ ընկերներուդ կատարած արարքին հասկացողութիւնը, ըսեմ աւելին անոնց մեծամասնութիւնը տեղեակ անգամ չէ որ այդպիսի գործողութիւն մը կատարուած է սակայն կայ մէկ բան որը արեւու պէս յստակ է, կայ Երիտասարդական սերունդ որոնց թէկուզ բերանները կապուած ձեռքերը անազատ բայց մտքերն ազատ եւ անկախ, պայքարի ոգին բարձր եւ Ազգի ծառայելու իրենց վճռակամութիւնը պողպատի նման ամուր, Կայ երիտասարդութիւն որոնք քու եւ 4 ընկերներուդ նկարները հասցուցին մինչեւ Սուրբ Արարատի գագաթը, գագաթ մը ուրու նուաճումի համար ինկաք դուք, կայ այդ երիտասարդութիւնը որը գեղեցիկ օր մը պիտի հասնին իրենց նպատակին եւ անոնց նպատակը այլ բան չէ եթէ ոչ ձեր նպատակը, Ազատ Անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծումը․
21 տարի միասին, 37 առանց քեզ
Հանգչիր խաղաղութեամբ օտար հողի վրայ
facebook.com/photo.php?fbid=10219058212319404&set=a.10200181980185398&type=3&theater