Մարտ 1 1962, Չաբազանց Ուրախալի օր Խաջեր եւ Անահիտ Եահնիեաններուն Տանը.
Այս Նշանակալից օրը Լոյս աշխարհ եկաւ Եահնիեան ընտանիքի նորածին առաջին առու Զաւակը որը Պէտք էր Ստանար Իր Մեծ Հօր Անունը.
Մարտ 1, 1962, Ծնաւ Սիմոն Եահնիեանը, Ծնաւ եւ հասակ արաւ Ազգային դաստիարակութեամբ.
21 տարեկան Երիտասարդ հասակին, աւելի բարձր գնահատելով իր իսկ անձնական կյանքէն, իրէն ծնունդ տուած ծնողներուն հպարտանքէն եւ պարծանքէն, այս բոլորէն շատ աւելի բարձր գնահատեց ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը Եւ Հայրենիքին ոտնակոխ եղած արդար դատը, որը պէտք էր մաքրամքրուէր իր եւ իրէն նման մաքրամաքուր 5 Երիտասարդներու Արիւնով.
Ինք կատարեց իր ուխտը ձեռնոց նետելով աշխարհին.
Կատարեց իր ուխտը Յանուն Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին, որը դժբախտաբար այսօր չկայ, եւ աւելի դժբախտութիւնը կարծես հեռանկար անգամ չ՝ըկայ.
Այսօր Մարտ 1, 2013 դուն պիտի ըլլայիր 51 Տարեկան եւ ինչքան, ինչքան Հպարտանք եւ Պարծանք պիտի ըլլայիր Եահնիեան Ընտանիքին, սակայն քու եւ միայն քու յանդուգն որոշումով դարձար հպարտանքն եւ պարծանքը իրաւազրկուած եւ տարածքազրկուած ամբողջ Հայութեան մէկ զանգուածին…
Այսօր Մարտ 1, 2013, Աստծոյ Կամքով կայ նոր Սիմոն Եահնիեան, ով հասակ կ՝առնէ եւ կը դաստիարակուի Անկախ Հայաստանի մէջ, Բայց Սիմոն, Բայց եւ հազար անգամ Բայց Ոչ քու Երազած եւ պահանջած Հայաստանի.
Օտար Հողը թեթեւ քա վրադ Սիրելի Եղբայրս.
www.facebook.com/photo.php?fbid=10200181979705386&set=a.10200181980185398&type=3&theater