ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Քաղաքացիների կամքը խեղաթիւրելու որեւէ կարիք չի լինելու
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
Բարի լոյս
«Քաղաքացիների կամքը խեղաթիւրելու որեւէ կարիք չի լինելու»
29 Փետրուար 2020
Բարի լոյս՝ ազգային-պետական ինքնամաքրման իր յաղթարշաւը ամենայն զգօնութեամբ յառաջ մղող պայքարունակ Հայաստանին ու Հայութեան։
Բարի լոյս՝ դատական իշխանութեանց կառոյցը եւս մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքին համահունչ կատարելագործելու քաղաքացիական նախանձախնդրութեան։
Յառաջիկայ Ապրիլ 5ին Հայաստանի քաղաքացիները պիտի դիմեն քուէատուփ՝ «Այո՛» կամ «Ո՛չ» պատասխանելու համար մեր հայրենիքի հիմնական օրէնքին՝ Հ․Հ․ Սահմանադրութեան մէջ մասնակի, այլեւ որոշակի բարեփոխումներ կատարելու կոչուած հանրաքուէին, որուն նախաձեռնեց Հ․Հ․ Ազգային Ժողովը եւ որուն օրինականութիւնը հաստատագրեց Հ․Հ․ նախագահը՝ երկուքն ալ հիմնուելով գործող Սահմանադրութեան համապատասխան տրամադրութիւններուն վրայ։
Բարի լոյս՝ մերօրեայ հայութեան թաւշեայ յեղափոխութեան հունով, օրէնքի եւ սահմանադրութեան իրաւական սահմաններուն մէջ գործելով, Ազգի եւ Հայրենիքի ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆը եւս նախկին վարչախումբներու ԳՈՂԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԵՂՏԱՋՈՒՐՆԵՐԷն մաքրազտելու մեր ժողովուրդի անյողդողդ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔին։
Բարի լոյս՝ յատկապէս հայ քաղաքական մտքի բոլոր արթուն պահակներուն, որոնք իրենց հայեացքը սեւեռած են Հայաստանի ու Հայութեան վաղուան բարօրութեան նուաճումին, եւ որոնք ուշադիր կը հսկեն աջէն թէ ձախէն մեր ժողովուրդը ապակողմնորոշելու տխուր ծառայութեան լծուած շրջանակներուն։
Պարզ է, որ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին դէմ հակաքարոզչական կատաղի արշաւի ձեռնարկած են նախկին Հ․Հ․ նախագահներ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետեւորդներու եւ մեղսակիցներու ամբողջ խաժամուժը, որուն դժբախտաբար միացած են Սփիւռքի հայութեան ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական-կուսակցական ՈՂՆԱՇԱՐը 70 տարի ԱՄՈՒՐ ու ՊԻՆԴ ՊԱՀԱԾ ԵՐԷԿԻ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐը։
Տեսէք՝ թէ օր-ցերեկով եւ սեւով ճերմակի վրայ, arfd.am պաշտօնական կայքէջի 28 Փետրուար 2020ի հրապարակումով, ի՞նչ կը յայտարարէ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի այսօրուան ներկայացուցիչը՝
«Դաշնակցութիւնը պասիվ կեցուածք չի ունենալու, թէեւ ասել է, որ պէտք է անտեսել եւ բացառել Ս․Դ․ 7 անդամից ազատուելու հանրաքուէին «Այո»ի յաղթանակը՝ Yerkir.amի հետ հարցազրոյցում ասաց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։
«․․․Մեր կեցուածքը յստակօրէն բանաձեւուած է՝ ըսելով, որ այս ամբողջ գործընթացը հակասահմանադրական է եւ անընդունելի՝ այն պարզ հիմնաւորումով, որ մենք չենք խորհի, որ մի քանի դատաւորների փոփոխութեան հարցը պէտք է սահմանադրական փոփոխութեան ճամբով տեղի ունենայ։ Որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ, Սահմանադրութիւնը այն փաստաթուղթը չէ, որ պէտք է տարին մէկ կամ երկու տարին մէկ փոփոխութեան ենթարկել, որովհետեւ աւելի կայուն, աւելի յստակ՝ Մայր Օրէնքն է երկրի։ Այս ուղղութեամբ է, որ լուրջ մտահոգութիւն ունենք եւ ատոր համար մենք պիտի չաջակցինք, որ լեգիտիմութիւն չտանք այս գործընթացին»,- ընդգծեց Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը»։
Յղում՝ https://www.arfd.am/news/24224/…
Ուրիշ առիթի թող մնայ քննարկումը հնչեցուած՝ սահմանադրութիւնը մէկ-երկու տարին անգամ մը եւ ըստ կամս փոփոխութեան ենթարկելու մեղադրանքին։ Այդ մասին խօսելու բարոյական իրաւունքը յատկապէս չունին այն բոլոր «քաղաքական ուժեր»ը, որոնք ձեռք-ձեռքի տուած Սերժ Սարգսեանի հետ՝ նախաձեռնեցին եւ ընտրակեղծիքներով օրինականացուցին Սահմանադրութեան մէջ նախագահական իշխանութիւնը վարչապետականով փոխարինելու 2015ի փոփոխութիւնը, սուտ ու փուտ սատանայի փաստաբանութիւնը կատարելով եւ պարզապէս Հ․Հ․ բարձրագոյն իշխանութիւնը, նախագահական պաշտօնավարութեան երկու շրջան ցմրուր վայելելէ ետք, նոյն Սերժ Սարգսեանի անձնական վերընտրութեան – այս անգամ վարչապետի աթոռին – ծառայեցնելու պատեհապաշտութեամբ։
Բարի լոյս՝ սփիւռքահայ մամուլի բոլոր այն ընթերցողներուն եւ մանաւանդ մամլոյ պատասխանատու սպասաւորներուն, որոնք տասնամեակներով իրենց աչքին լոյսին պէս կոչումի բարձրութեան վրայ պահեցին ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՀԱՅ եւ ՈՐՈՇԱՊԷՍ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼը՝ պահանջելով մեր խմբագիրներէն, որ մեր մամուլի սուղ էջերը զերծ եւ անառիկ պահեն քաղաքական թէ կուսակցական կրպակի վերածուելու այսօրինակ բռնադատումներու եւ ոչ-արժանահաւատ ու ստայօդ քարոզչութեանց դէմ։
Ամէն պարագայի՝ Ազգի եւ Հայրենիքի յեղափոխական ինքնամաքրումի յաղթարշաւը կը շարունակուի եւ Ապրիլ 5ին կը տեսնենք ու կը սորվինք, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ մեր ժողովուրդը։
Մինչ այդ շահեկան է երկու խօսքով արձագանգել «Առաւօտ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանի կողմէ թերթի 26 Փետրուար 2020ի համարով՝ «Փոխել ոչ թէ գործիչներին, այլ հասարակութիւնը» խորագրով հրապարակուած առաջնորդողի հետեւեալ մատնանշումին․-
«Ընթերցողներից մէկն ինձ կշտամբում է.- «Ինչո՞ւ էք գրում, որ Ապրիլի 5ի հանրաքուէի արդիւնքները կանխորոշուած են՝ մարդկանց «դուխաթափ» էք անում: 2015 թուականի մասին էլ էիք գրում, որ արդիւնքները պարզ էին: Այդպիսով մարդկանց վանում էք քաղաքականութիւնից»:
«Պատասխանեմ.- Նախ՝ ո՛չ մէկին «քաղաքականապէս ոգեւորելու» պարտականութիւն ինձ վրայ չեմ վերցրել: Վստահ եմ, որ այս կեանքում կան աւելի կարեւոր արժէքներ եւ նպատակներ, քան այս կամ այն, ներկայ կամ նախկին իշխանաւորին կուռք սարքելը կամ անիծելը: Իսկ եթէ խօսենք ըստ էութեան, ապա տարբերութիւնը մեծ է.
«2015 թուականին հանրաքուէի արդիւնքները կանխորոշուած էին, որովհետեւ, չնայած քաղաքացիների մեծամասնութիւնը խիստ բացասաբար էր տրամադրուած այդ ժամանակուայ իշխանութիւնների հանդէպ եւ այդ ու միայն այդ պատճառով ասում էր «ո՛չ», սակայն իշխանութիւնները խեղաթիւրեցին այդ մեծամասնութեան կամքը եւ այդ «ո՛չ»ը դարձրեցին «այո՛»:
«2020 թուականի հանրաքուէի արդիւնքները կանխորոշուած են, որովհետեւ քաղաքացիների ճնշող մեծամասնութիւնը խիստ բացասաբար է տրամադրուած նախկին իշխանութիւնների հանդէպ (համապատասխանաբար, դրական է վերաբերւում այդ իշխանութիւններին գահընկէց արած Նիկոլ Փաշինեանին) եւ այդ ու միայն այդ պատճառով ասելու է «այո՛»:
«Քաղաքացիների կամքը խեղաթիւրելու որեւէ կարիք չի լինելու:
«Կանխորոշուած լինելու ո՞ր տարբերակն է գերադասելի:
«Ինձ թւում է՝ երկրո՛րդը»:
Յղում՝
https://www.aravot.am/2020/02/26/1096391/
Առակս ի՞նչ ցուցանէ։
Իշխանութիւնը իր սահմանումովն իսկ մաշումի որոգայթ է եւ ամէնէն սիրուած ու ժողովրդական ղեկավարն ու քաղաքական ուժն անգամ, իշխանութեան ղեկին գալէ ետք, ուշ կամ կանուխ դատապարտուած է մաշումի եւ սկզբնական իր վարկանիշը աստիճանաբար կորսնցնելու։
Այս պարագային՝ Ապրիլ 5ի հանրաքուէին դրական, ի նպաստ «Այո՛»ի արդիւնքը կանխատեսելի է ոչ միայն Նիկոլ Փաշինեանի անձնական վարկանիշին տակաւին բարձր ըլլալուն բերումով, այլեւ այն պատճառով, որ թաւշեայ յեղափոխութեան տէրը նոյնինքն մեր ժողովուրդն է՝ Փաշինեանը իրեն յառաջապահ ունենայ թէ ոչ, եւ մեր ժողովուրդը տակաւին արթուն ու պահանջատէր կը հսկէ, որպէսզի իրեն վերադարձուի տակաւին գողապետական մակաբոյծներուն ձեռքը բռնի «օրինականութեամբ» գտնուող դատական իշխանութիւնը։
Սահմանադրական բարեփոխումնրը անխուսափելի են եւ պարզապէս ինքնախաբէութեամբ կը զբաղին բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն Փաշինեանի անձնական շահախնդրութեանց կապել Ապրիլ 5ի հանրաքուէին դրական՝ էապէս մեր ժողովուրդի սրտէն բխող «Այո՛»ի արդիւնքը։
Բարի լոյս՝ հաւաքական մեր ՈՒԺն ու ԿԱՄՔը լիիրաւ եւ լիարժէք ամրագրելու զօրաշարժին՝ ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր եւ վաղը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ