Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը պէտք է մաք­րա­գոր­ծո­ւի հա­յե­րէն եւ լի­բա­նան­ցի­նե­րէն – Ա­ռա­ջին­նե­րը մենք կոր­ծա­նե­ցինք սու­րով, իսկ վեր­ջին­նե­րը պի­տի կոր­ծա­նենք սո­վա­հար ը­նե­լով

Իս­մա­յիլ Էն­վեր (1881-1922)

«…Էն­վե­րի կը վե­րագ­րո­ւի այն յո­խոր­տան­քը, թէ՝ «ա­ռանց մի թուրք զի­նո­ւո­րի կորս­տի, ես ոչն­չաց­րի թրքու­թեան թշնա­մի հա­յե­րին»…

Իսկ ­Մար­թին ­Կիլ­ման Ո­ւոլ­քոթ, «­Չա­րո­գի 100ը» խո­րագ­րով իր գոր­ծին մէջ նե­րա­ռե­լով Էն­վե­րը, ա­նոր կը վե­րագ­րէ հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.

– «Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը պէտք է մաք­րա­գոր­ծո­ւի հա­յե­րէն եւ լի­բա­նան­ցի­նե­րէն։ Ա­ռա­ջին­նե­րը մենք կոր­ծա­նե­ցինք սու­րով, իսկ վեր­ջին­նե­րը պի­տի կոր­ծա­նենք սո­վա­հար ը­նե­լով»։

Իս­մա­յիլ Էն­վեր (1881-1922)

01 ՄԱՐՏ 2020 – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ:

ԷՆՎԵՐ ՓԱՇԱՅԻ ՄԱՀԱՊԱՏԻԺԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նազարէթ Պէրպէրեան

«1922 Օ­գոս­տոս 4-ին, ­Թուր­քես­տա­նի մէջ իր ար­դար պա­տի­ժը կրեց տխրահռ­չակ Էն­վեր փա­շան՝հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան
պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ա­մէ­նէն մո­լե­ռան­դը։

Իս­մա­յիլ Էն­վեր 27ա­մեայ ե­րի­տա­սարդ թուրք սպայ մըն էր Օ­գոս­տոս 1908ին, երբ իթ­թի­հա­տա­կան իր դա­սա­կից­նե­րուն հետ գլխա­ւո­րեց սուլ­թան ­Հա­մի­տի բռնա­տի­րու­թեան դէմ ծա­ւա­լած թուրք բա­նա­կա­յին­նե­րու յե­ղաշր­ջու­մը, որ յաղ­թա­կան ա­ւարտ ու­նե­ցաւ Օս­մա­նեան ­
Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մով։ Իս­մա­յիլ Էն­վեր ա­րա­գօ­րէն գրա­ւեց նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թեան ա­ռա­ջին դիր­քե­րը՝ իբ­րեւ զի­նո­ւո­րա­կան եւ պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րար, նախ Էն­վեր պէյ եւ ա­պա Էն­վեր փա­շա տիտ­ղո­սով հռչա­կո­ւե­լով։

Էն­վե­րի զի­նո­ւո­րա­կան աս­պա­րէ­զը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ չա­րա­չար պար­տու­թիւն­նե­րով՝ սկսե­լով 1913-ի ­Պալ­քա­նեան մեծ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին իր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ թրքա­կան բա­նա­կին կրած ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեամբ։ ­Նոյ­նը ե­ղաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի տե­ւո­ղու­թեան, երբ Էն­վե­րի պա­տե­րազ­մա­կան նա­խա­րա­րու­թեան օ­րօք թրքա­կան զօր­քե­րը ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւն­ներ կրե­ցին բո­լոր ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ։

­Զի­նո­ւո­րա­կա­նի միեւ­նոյն ձա­խա­ւե­րու­թիւ­նը բա­ժին հա­նո­ւե­ցաւ Էն­վե­րի, երբ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան անձ­նա­տո­ւու­թե­նէն ետք Էն­վեր իր բախ­տը փոր­ձեց Անդր­կով­կա­սի եւ ­Մի­ջին Ա­սիոյ մէջ՝ գլխա­ւո­րե­լով
հա­միս­լա­մա­կան եւ հա­մաթր­քա­կան «պաս­մա­ճի­ներ»ու ապս­տամ­բա­կան շար­ժու­մը ընդ­դէմ «կար­միր բա­նա­կա­յին­ներ»ուն, հա­կա­ռակ որ մինչ այդ՝ կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար, Էն­վեր գլխա­ւոր դար­բի­նը ե­ղած էր ­Լե­նի­նի ­Ռու­սաս­տա­նի հետ թրքա­կան եւ իս­լա­մա­կան զի­նակ­ցու­թեան։ ­Զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծի­չի իր ձա­խո­ղու­թիւ­նը թե­րեւս պատ­ճառ­նե­րէն մէկն էր Էն­վեր քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի ծայ­րա­յեղ մո­լե­ռան­դու­թեան եւ ջար­դա­րար վայ­րա­գու­թեան։

Էն­վե­րի կը վե­րագ­րո­ւի այն յո­խոր­տան­քը, թէ՝ «ա­ռանց մի թուրք զի­նո­ւո­րի կորս­տի, ես ոչն­չաց­րի թրքու­թեան թշնա­մի հա­յե­րին»… Իսկ ­Մար­թին ­Կիլ­ման Ո­ւոլ­քոթ, «­Չա­րո­գի 100ը» խո­րագ­րով իր գոր­ծին մէջ նե­րա­ռե­լով Էն­վե­րը, ա­նոր կը վե­րագ­րէ հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.- «Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը պէտք է մաք­րա­գոր­ծո­ւի հա­յե­րէն եւ լի­բա­նան­ցի­նե­րէն։ Ա­ռա­ջին­նե­րը մենք կոր­ծա­նե­ցինք սու­րով, իսկ վեր­ջին­նե­րը պի­տի կոր­ծա­նենք սո­վա­հար ը­նե­լով»։

Փաս­տօ­րէն ռազ­մա­կան նա­խա­րա­րէ մը ա­ւե­լի՝ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պան դա­հիճ դար­ձաւ էն­վեր՝ ­ Թա­լէա­թի, ­Ճե­մա­լի եւ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի հետ։

Երբ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը վերջ գտաւ թուր­քե­րու ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թեամբ, Էն­վեր իր կար­գին փա­խուստ տո­ւաւ դէ­պի ­Գեր­մա­նիա, ուր ծպտո­ւած ապ­րե­ցաւ մին­չեւ ի բա­ցա­կա­յու­թեան մա­հա­պա­տի­ժի դա­տավ­ճիռ ստա­նա­լը՝ ­Պոլ­սոյ զի­նո­ւո­րա­կան յա­տուկ ա­տեա­նին կող­մէ, որ դա­տեց եւ մա­հա­պա­տի­ժի վճիռ ար­ձա­կեց իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րուն դէմ, ա­նոնց գոր­ծած պա­տե­րազ­մա­կան
ո­ճիր­նե­րուն հա­մար։

Այ­նու­հե­տեւ, խու­սա­փե­լու հա­մար ար­դար դա­տաս­տա­նէ, Էն­վեր ձեռ­նար­կեց նոր ար­կա­ծախնդ­րու­թեան՝ յայտ­նուե­լով Անդր­կով­կա­սի եւ ­Մի­ջին Ա­սիոյ մէջ, իբ­րեւ դրօ­շա­կի­րը հա­միս­լա­մա­կան եւ հա­մաթր­քա­կան շար­ժու­մին։

Ա­ւե­լի քան եր­կու տա­րի Էն­վեր ե­ռան­դուն գոր­ծեց այս նոր ճա­կա­տին վրայ։ ­Քե­մա­լա­կան­նե­րուն հետ զի­նակ­ցա­բար, հա­միս­լա­մա­կան զօր­քեր կազ­մեց թրքա­ցեղ ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն եւ գլխա­ւո­րեց «պաս­մա­ճի­ներ» ա­նու­նով տխրահռ­չակ թրքա­ցեղ՝ ազ­գայ­նա­մո­լա­կան եւ կրօ­նա­մո­լա­կան շար­ժու­մը, որ խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տատ­ման դէմ կա­տա­ղի ապս­տամ­բու­թիւն մը ե­ղաւ։

«­Կար­միր բա­նա­կա­յին­ներ»ու դէմ «պաս­մա­ճի»նե­րու մղած այդ կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին է, որ 4 Օ­գոս­տոս 1922ին, ­Թուր­քես­տա­նի ­Չա­ղան Ղշ­լա­ղի մէջ, Էն­վեր կրեց իր դէմ ար­ձա­կո­ւած ար­դա­րա­դատ մա­հա­պա­տի­ժը։

­Թէեւ թուրք ցե­ղաս­պան­նե­րու դէմ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շած «­Նե­մե­սիս ­Գոր­ծո­ղու­թեան» ցու­ցա­կին վրայ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեամբ դրո­ւած էր Էն­վե­րի ա­հա­բե­կու­մը, բայց պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն է, որ «­Նե­մե­սիս»ի ի­րա­գործ­ման ծի­րէն ներս տե­ղի չու­նե­ցաւ Էն­վե­րի
մա­հա­պա­տի­ժին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Եր­կար ժա­մա­նակ կա­րե­լի չե­ղաւ ճշգրտել, որ Էն­վեր ռազ­մա­ճա­կա­տի վրայ եւ կռո­ւի ըն­թաց­քին սպան­նո­ւե­ցա՞ւ, թէ՞ ա­հա­բե­կու­մով վերջ դրո­ւե­ցաւ մեծ ջար­դա­րա­րի յան­ցա­գոր­ծու­թեանց։

­Բայց 1950-ա­կան­նե­րէն սկսեալ խորհր­դա­յին աղ­բիւր­նե­րը սկսան բա­ցա­յայ­տել, թէ Էն­վե­րի մա­հա­պա­տի­ժը գոր­ծադ­րեց ար­ցախ­ցի ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մով (­Թուրք­մենս­տա­նի ա­ռա­ջին ­ Հի­սա­րեան յա­տուկ հե­ծեալ բրի­գա­դի հրա­մա­նա­տա­րը)։ ­

Նաեւ այդ բա­ցա­յայ­տում­նե­րը յստա­կա­ցում չբե­րին ոչ միայն բուն հար­ցադ­րու­մին, որ Էն­վեր սպան­նո­ւե­ցա՞ւ, թէ՞ ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ, այ­լեւ նոյ­նինքն ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մով ան­ձին շուրջ։

­Միայն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն է, որ Հ­րա­չիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան «­Թուր­քես­տա­նի Ար­ծի­ւը» խո­րագ­րով իր հրա­պա­րա­կու­մին մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դին տար­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մո­վի մա­սին։

Բեր­դա­ձոր­ցի ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մեան ծնած է 1887ին, ­ Շու­շիի շրջա­նի ­Բեր­դա­ձո­րի ­Մեծ ­Խեր­խան գիւ­ղը: ­

Յա­կո­բի հայ­րը՝ Ար­շա­կը, ե­ղած է հմուտ վար­պետ, որ 1900-01 թո­ւա­կան­նե­րուն, երբ ­Բեր­դա­ձո­րի գիւ­ղե­րուն տնտե­սա­կան վի­ճա­կը սկսած է ծան­րա­նալ, ըն­տա­նի­քով տե­ղա­փո­խո­ւած է ­Պա­քու։ ­

Հոն­կէ ալ, 1905-ի ­Յու­նո­ւա­րին, Ար­շակ ­Մել­քու­մեա­նի ըն­տա­նի­քը տե­ղա­փո­խո­ւած է Աշ­խա­բադ։ ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մեա­նը 1905-էն ետք, քա­նի մը տա­րի, հօր հետ աշ­խա­տած է եւ 25 տա­րե­կա­նին տե­ղա­փո­խո­ւած է ­Ռու­սաս­տան ու զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած ցա­րա­կան հե­ծե­լա­զօր­քին՝ Պս­կով քա­ղա­քին մէջ։

1917ի ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րէն, շատ մը ե­րի­տա­սարդ սպա­նե­րու հետ, ­Յա­կոբ ինք եւս ան­ցած է յե­ղա­փո­խու­թեան կող­մը եւ դար­ձած վախ­միստր (հե­ծե­լա­զօր­քի ա­ւագ սպայ): ­Կարճ ժա­մա­նակ անց, ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մեան նշա­նա­կո­ւած է հե­ծե­լա­զօր գուն­դի
հրա­մա­նա­տար:

Այ­նու­հե­տեւ ­Կար­միր ­Բա­նա­կի յաղ­թա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց մէջ աչ­քի զար­նող հե­ծե­լա­զօ­րի հրա­մա­նա­տար մը դառ­նա­լով՝ ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մեան գոր­ծած է ռու­սաս­տա­նեան տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ, մին­չեւ որ 1919-ին ան ու­ղար­կուած է ­Թուրք­մե­նա­կան ռազ­մա­ճա­կատ: ­

Մել­քու­մով կը տի­րա­պե­տէր թուրք­մե­նե­րէ­նին եւ ուզ­բե­կե­րէ­նին, լաւ ծա­նօթ էր ­Մի­ջին Ա­սիա­յի տա­րած­քին։ ­Կը նշա­նա­կո­ւի «ա­ռա­ջին ­
Թուրք­մե­նա­կան հե­ծեալ դի­վի­զիա­յի ա­ռա­ջին բրի­գա­դի հրա­մա­նա­տար»:

1920-ին ­Մել­քու­մով զօ­րա­բա­ժի­նը յաղ­թա­կան մար­տեր կը մղէ ­Սա­մար­ղան­տի՝ Ս­պի­տակ բա­նա­կա­յին­նե­րու եւ պաս­մա­ճի­նե­րու դէմ։

1920-էն 1932 մնա­լով ­Մի­ջին Ա­սիոյ տա­փաս­տան­նե­րուն մէջ, ­Մել­քու­մով շատ մար­տեր է մղած։ Ա­նոր գլխա­ւո­րած բրի­գա­դը մարտն­չած է Է­միր ­Սէ­յիդ-Ա­լիմ ­Խա­նի, ­Բու­խա­րա­յի «պաս­մա­ճի­ներ»ու պա­րագ­լուխ Իբ­րա­հիմ ­Բե­կի, ­Ջու­նայդ ­Խա­նի ա­ւա­զա­կա­խում­բե­րուն դէմ:
­Բու­խա­րա­յի մեր­ձա­կայ­քին է, որ «­Մել­քու­մո­վի սրի զոհն է դար­ձել ե­րիտ­թուր­քե­րի պա­րագ­լուխ­նե­րից մէ­կը՝ հայ ժո­ղովր­դի դա­հիճ Էն­վեր փա­շան: ­Հէնց այդ ժա­մա­նակ էլ ­Մել­քու­մով ա­սել է.- «Ես իմ պարտ­քը կա­տա­րե­ցի հայ ժո­ղովր­դի հան­դէպ»:

Հ­րա­չիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան նաեւ կը վկա­յէ, թէ «իսկ ինչ­պի­սի՞ հա­տու­ցում է ստա­ցել ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մո­վը վեր­ջում: ­Հայ­րե­նի­քին ու հա­րա­զատ ժո­ղովր­դին անձ­նո­ւի­րա­բար ծա­ռա­յած շատ զա­ւակ­նե­րի նման, նա էլ է ճա­շա­կել յայտ­նի 1937- ­Սի­բի­րի աք­սո­րա­վայ­րե­րում:

1954-ին նա ար­դա­րա­ցո­ւել եւ վե­րա­դար­ձել է ­Մոս­կո­ւա»:

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ իր պարտ­քը կա­տա­րած «­Քաջ բեր­դա­ձոր­ցին կեան­քի վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակն ապ­րել է ­Մոս­կո­ւա­յում: ­Մա­հա­ցել է 1964 թո­ւա­կա­նին, հո­ղին է յանձ­նո­ւած քա­ղա­քի ­Նո­վո­դե­ւի­չես­կի գե­րեզ­մա­նա­տա­նը»։

Էն­վե­րի ա­հա­բեկ­ման անդ­րա­դար­ձող այս հա­կիրճ տե­ղե­կան­քը եզ­րա­փա­կե­լով՝ կ­՚ար­ժէ ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թեան յանձ­նել «­Հայ ­Զի­նո­ւոր» կայ­քէ­ջի 2005-ի 11-րդ ­թի­ւով հրա­պա­րա­կո­ւած Գ­րի­գոր ­Ջան­կեա­նի գրու­թիւ­նը՝ ար­ցա­խա­հայ վրի­ժա­ռու ­Յա­կոբ ­Մել­քու­մեա­նի
եւ Էն­վե­րի մա­հա­պա­տի­ժին գոր­ծադ­րու­թեան մա­սին. Էն­վեր փա­շան, թէեւ ­Մել­քու­մեան­ցի բրի­գա­դին դի­մա­դար­ձել չէր կա­րո­ղա­նում, ա­նընդ­հատ լե­ռից լեռ էր փախ­չում եւ ի­րեն ան­ձեռնմ­խե­լի, ան­հա­սա­նե­լի էր հա­մա­րում։

Ինքն ի­րեն հռչա­կել էր մահ­մե­դա­կան զօր­քե­րի գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար, Աֆ­ղանս­տա­նից մար­տա­կան հա­մալ­րում, Անգ­լիա­յից մեծ քա­նա­կու­թեամբ ռազ­մամ­թերք էր ստա­ցել։

Դ­րա հա­մար, երբ ա­ռա­ւօտ վաղ համ­հար­զը, ա­ռանց դու­ռը թա­կե­լու, նրա ննջա­սե­նեակ մտաւ ու տե­ղե­կաց­րեց, որ ­Մել­քու­մեան­ցի հե­ծեալ գնդե­րը սրըն­թաց ռազ­մար­շա­ւով զօ­րա­կա­յա­նին են մօ­տե­նում, նոյ­նիսկ տե­ղից չշար­ժո­ւեց։

­Նա ամ­բողջ գի­շեր հար­բել էր, գլու­խը ցա­ւում էր։

– ­Հայն ո՞վ է, որ յանդգ­նի իմ հան­գիս­տը խան­գա­րել,

– ա­սաց,- բա­ցի դրա­նից, մեր հե­տա­խոյզ­նե­րը տե­ղե­կաց­րել են, որ յար­ձա­կու­մը ­Յու­լի­սի 18-ին է նա­խա­տես­ւում… Փա­շա­յի խօս­քը խզեց ­Մել­քու­մեան­ցի հա­տու ձայ­նը.

– Գն­դաց­րա­յին հե­ծե­լա­վաշտ, սրար­շա­ւով գրո­հի, ա­ռա՜ջ…

Էն­վե­րը ցատ­կեց ան­կող­նուց, փոր­ձեց համ­հար­զի օգ­նու­թեամբ հագ­նո­ւել, չկա­րո­ղա­ցաւ՝ ձեռ­քե­րը դո­ղում էին, մար­տաս­րերն ար­դէն պա­տու­հա­նի տակ էին շա­չում։ ­

Նա այդ­պէս փո­խա­նով էլ ձի հե­ծաւ, փա­խաւ։

­Զօ­րա­կա­յան մտնե­լուն պէս` ­Մել­քու­մեան­ցը, նախ, Էն­վե­րի ննջա­սե­նեա­կը խու­ժեց, դռնե­րի մէջ հիաս­թա­փո­ւած կանգ ա­ռաւ։ ­Մահ­ճա­կա­լը դա­տարկ էր։ ­Յա­տա­կին ցի­րու­ցան ըն­կած էին անգ­լիա­ցի­նե­րի նո­ւի­րած գե­նե­րա­լա­կան հա­մազ­գես­տը, ­Ղու­րա­նը, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մար­տա­կան դրօ­շը, ո­րից նա չէր բա­ժան­ւում։

­Մել­քու­մեան­ցի սի­րե­լի հե­ծեալ­նե­րից մէ­կը՝ ­Վա­նեա ­Սավ­կոն, նկա­տեց, թէ ինչ­պէ՛ս է մթնել, մռայ­լո­ւել հրա­մա­նա­տա­րը։

– ­Դէ, ժպտա­ցէք, ու­րա­խա­ցէք, է­լի, ­Յա­կով Ար­կա­դիչ,

– թա­խան­ձեց նա,- ­Դուք այ­սօր 18 հա­զա­րա­նոց բա­նակ էք ջախ­ջա­խել, ինչ վե­րա­բե­րում է այդ ար­կա­ծախնդ­րին, թոյլ տո­ւէք իմ դա­սա­կով հե­տապն­դու­մը շա­րու­նա­կել։

­Հե­տապն­դու­մը ու­ղիղ տաս­նեօթ օր տե­ւեց։

Էն­վե­րը 200 հա­ւա­տա­րիմ բաս­մաչ­նե­րով, ձիւ­նա­ծածկ լեռ­նանցք­նե­րը, յոր­դա­ցած գե­տե­րը ճեղ­քում, խու­սա­նա­ւում­նե­րով Աֆ­ղանս­տա­նին էր մօ­տե­նում։ ­

Սահ­մա­նա­մերձ ­Չա­գան գիւ­ղում միայն թե­թե­ւա­ցած շունչ քա­շեց, ո­րո­շեց մզկի­թում իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նել Ալ­լա­հին, որ փրկել էր կեան­քը։ ­Հէնց այդ­տեղ էլ նրան հա­սան ­Մել­քու­մեան­ցի մար­տիկ­նե­րը։

Ա­ւե­լորդ զո­հեր չտա­լու հա­մար, նրանք դիր­քա­ւո­րո­ւե­ցին ո­րո­շա­կի հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, սպա­սե­ցին։ ­

Բայց Էն­վե­րին նա­խազ­գու­շաց­րել էին կար­միր բա­նա­կա­յին­նե­րի յայտ­նո­ւե­լու մա­սին, ուս­տի, նա­մա­զը չա­ւար­տած, ա­նակն­կալ դուրս թռաւ մզկի­թից, ցատ­կեց նժոյ­գի գա­ւա­կին ու սու­րաց դէ­պի Աֆ­ղանս­տան։

– Կ­րա՛կ,- կրկնեց ­Սավ­կոն,- հի­մա սահ­մա­նը կ­՚անց­նի։

­Ճար­ճա­տեց գնդա­ցի­րը՝ «Էս մի կրա­կա­հեր­թը ­Մել­քու­մո­վի կող­մից, էս մէ­կը՝ կա­զակ Գ­րիշ­կա­յի, էս մե­կը` խա­խոլ Վա­նեա­յի…»։

Ուշ ե­րե­կո­յեան, Ի­վան ­Սավ­կոն բրի­գա­դի հրա­մա­նա­տա­րին ներ­կա­յաց­րեց ռազ­մա­վա­րը՝ Էն­վե­րի գրպա­նից հա­նուած հե­տա­խու­զա­կան խիստ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող նա­մակ­ներ, ո­րոն­ցից մի քա­նի­սը հրա­պա­րա­կո­ւե­ցին «Պ­րաւ­դա»յում, ինչ­պէս նաեւ անձ­նա­կան կնի­քը՝ հե­տե­ւեալ մա­կագ­րու­թեամբ՝ «Իս­լա­մա­կան զօր­քե­րի գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար, խա­լի­ֆի՝ ­Մու­համ­մէ­դի փո­խա­նոր­դի փե­սայ»։

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail